Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւելի Քան 700 Հայորդի Համախմբող Ընթրիք-Հաւաք` Զահլէի Մէջ. «Զահլէն Յաւելեալ Ուշադրութեան Առարկայ Պիտի Դարձնենք» Ըսաւ Երեսփոխան Բագրատունի

December 4, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զահլէի կոմիտէին, շաբաթ, 2 դեկտեմբեր 2017-ին, Զահլէի «Տիուան Ումարա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք-ընթրիք մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Պեքաայի շրջանի հայութիւնը: Բացման խօսքը արտասանեց Շանթ Պուչաքճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը արաբերէնով ու հայերէնով ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` հրաւէրին ընդառաջելու  եւ կարեւոր ձեռնարկին ներկայ գտնուելու համար: Ապա ան բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին` լսելու համար անոր սրտի խօսքը:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր խօսքը արտասանեց հայերէնով եւ արաբերէնով: Երեսփոխան Բագրատունի ողջունեց Զահլէի, Ռայաքի, Շթորայի, Ապլահի, Ժալալայի եւ նոյնիսկ  Պաալպեքի հայերը, որոնք ներկայ գտնուեցան այս իւրայատուկ ընթրիքին: Ան ըսաւ, թէ իր խօսքը պիտի զարմացնէ ներկաները, որովհետեւ ան պիտի չխօսի ընտրութիւններուն  եւ Դաշնակցութեան մասին, այլ պիտի խօսի հայութեան մասին: Ան նշեց, որ Ցեղասպանութենէն ետք հայկական գաղթականութեան առաջին կայանները այս շրջանները եղան, եւ Պեքաայի հայութիւնը  ապրեցաւ ու մնաց այստեղ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն: Ան աւելցուց, որ թուրքը փորձեց ջարդել ամբողջ հայութիւնը, սակայն հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, 700 հայ հաւաքուած է այսօր այստեղ: Ան ըսաւ, թէ այս շրջանի հայութիւնը միւս շրջաններէն շատ աւելի դժուար պայմաններու մէջ կը պահէ իր հայկական ինքնութիւնը: Ան յայտնեց նաեւ, որ Պեքաայի շրջանի հայութիւնը զուրկ է հայկական դպրոցներէ եւ չի յաճախեր հայկական եկեղեցի: Սակայն, եթէ ներկաներէն իւրաքանչիւրին մորթը քերթենք, հոն պիտի գտնենք հայկական արիւն: Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ արիւնը ջուր չ՛ըլլար, եւ միայն ան, որ իր արիւնին ջուր կը խառնէ, կը հեռանայ հայութենէն: Ան խոստացաւ Զահլէն յաւելեալ ուշադրութեան կեդրոն դարձնել:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը իր խօսքի աւարտին նկատել տուաւ, որ ան չի հարցներ ներկաներուն կուսակցական կամ դաւանական պատկանելիութեան մասին, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վերջ անոնց սիրտը հայու սիրտ է եւ անոնց երակներուն մէջ հայկական արիւն կը հոսի: Բագրատունի աւելցուց, որ ամէն ինչ կարելի է սակարկել, բացի մէկուն ինքնութենէն: Ապա, ան խմեց ներկաներու կենացը:

Շանթ Պուչաքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին եւ հրաւիրեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը ուղղելու իր սրտի խօսքը: Կիտանեան արաբերէնով ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, թէ շուրջ մէկ տարիէ ի վեր ան ստանձնած է իր պաշտօնը, ներկայ գտնուած է բազմաթիւ փառատօներու եւ կը հաստատէ, որ այս ընթրիքը այդ փառատօներէն մեծագոյնն է: Ան ըսաւ, թէ ամիսէ մը պակաս տեւած աշխատանքի մը շնորհիւ կարելի եղած է աւելի քան 700 հայեր համախմբել այստեղ: Կիտանեան յայտնեց, 2000 թուականէն սկսեալ քաղաքական առումով հայութեան իրաւունքները սկսան խլուիլ, եւ 6-ի փոխարէն յաջողած ենք ունենալ միայն 2 աթոռ, բայց եւ այնպէս տակաւին քաղաքական բեմի վրայ հզօրագոյնն է Դաշնակցութիւնը: Իր խօսքին աւարտին Կիտանեան արտայայտեց իր անձնական բերկրանքը Զահլէի հանդէպ` նկատի առնելով, որ ան իր մանկութիւնը անցուցած է այդ շրջանին մէջ:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան` ուղղելու համար իր պատգամը: Ան ըսաւ, թէ տպաւորուած է այսքան հայերու ներկայութեամբ եւ աւելցուց. «Կ՛ըսէին, թէ Զահլէն պարպուած է, սակայն կը տեսնեմ, որ հակառակն է»: Ան յայտնեց, որ ներկաներուն հայկական ինքնութիւնն է, որ զանոնք հաւաքած է այդտեղ: Շահէ եպս. Փանոսեան յիշեցուց, որ մենք նկարագիր ունեցող ազգի մը զաւակներն ենք, եւ պայմանները ստիպեցին, որ մեր ազգը հաստատուի այստեղ, Լիբանանի ինքնութիւնը սիրայօժար վերցուցինք մեր վրայ, մեր հայկական ներդրումը ունեցանք լիբանանեան կեանքին մէջ: Ան շեշտեց,  որ անպայմանօրէն տարին անգամ մը պէտք է քով-քովի գանք, որպէսզի մեր ինքնութիւնը զօրացնենք, դիտենք մեր արմատները եւ ծրագրենք մեր ապագան:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մեր ինքնութեան կարօտը պէտք է մեզ հաւաքէ», եզրափակեց առաջնորդ սրբազան հայրը:

Սրբազան հօր պահպանիչով վերջ գտաւ ընթրիք-հաւաքը:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Մանկական Դաստիարակչական Խաղերու Ծրագիրներ

Յաջորդը

Պաղեստինեան Պատուիրակութիւնը Պիտի Զգուշացնէ. «Իսրայէլի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան Երուսաղէմ Փոխադրումը Կը Նշանակէ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Աւարտը»

RelatedPosts

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ  Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը  Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»
Գաղութային

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»

January 23, 2026
ՀԵՀՈՄ-ի 60-Ամեակի Նշում Եւ Անոր Ձօնուած Յուշամատեանին Շնորհահանդէս
Գաղութային

ՀԵՀՈՄ-ի 60-Ամեակի Նշում Եւ Անոր Ձօնուած Յուշամատեանին Շնորհահանդէս

January 23, 2026
Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին.  Լիբանանի Ազգային Վարժարաններուն Ի Նպաստ Հանգանակուեցաւ 350.400 Ամերիկեան Տոլար
Գաղութային

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին. Լիբանանի Ազգային Վարժարաններուն Ի Նպաստ Հանգանակուեցաւ 350.400 Ամերիկեան Տոլար

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.