Մարաշ Թաղի Կուպրապատման Աշխատանքը Սկսաւ
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հանրօգուտ աշխատանքներու բաժանմունքը երէկ սկսաւ կուպրապատել Մարաշ փողոցը, որ, թէեւ նախապէս ծածկուած էր քարերով, սակայն ծանր բեռնակառքերու եւ ջրամբարներու երթեւեկը պատճառ եղած էր, որ շարուած քարերը կոտրին: Հետեւաբար, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը որոշեց այդ քարերը փոխարինել կուպրով: Առ այդ, որոշ ժամանակէ ի վեր սկսաւ Մարաշ փողոցի կուպրապատումի նախապատրաստական քայլերու առաջին փուլը, երբ աշխատանքի խմբակներ սկսան վերցնել զետեղուած քարերը`...
















