Մեծանուն բարերար, Հայ աւետարանական գոլեճի երկարամեայ նախկին աշակերտ եւ մնայուն բարեկամ տիար Րաֆֆի Մանուկեան յանձն կ՛առնէ հոգալ ՀԱԳ-ի 33 կրթական մշակներու եւ 17 պաշտօնեաներու ապրիլ, մայիս եւ յունիս ամիսներու ամսաթոշակները եւ, առ այդ, ՀԱԳ-ին կը նուիրէ հարիւր եօթանասունչորս միլիոն լիբ. ոսկի:
Լիբանանի դիմագրաւած ընկերատնտեսական տագնապի այս դժուար օրերուն բարերարին այս ազնիւ արարքը առհաւատչեան է ՀԱԳ-ի հանդէպ անոր տածած սիրոյն եւ նուիրեալ ուսուցիչներու նկատմամբ անոր յարգանքին:
Թող Ամենակալ Աստուած աւելիով հատուցէ ազնուասիրտ տիար Ր. Մանուկեանին բարեգործութիւնը:
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԵՃ