24 ապրիլ 2020-ին, ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէն մերօրեայ արտակարգ կացութեան պատճառով, թէեւ այս տարի չկրցաւ աւանդութեան վերածուած քայլարշաւը կայացնել դէպի Ժեհթաուի` հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, բայց եւ այնպէս յարգեց մեր մէկուկէս միլիոն Սուրբ նահատակներուն յիշատակը եւ Դաշնակցութեան անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեց պատրիարքարանի շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին: Այս քայլով կոմիտէն հաստատեց, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները, սերունդներ չեն մոռնար գործուած սպանդը եւ կը մնան պահանջատէր:
Նոյն օրը, կոմիտէն` իբրեւ յարգանք 105 տարիներ առաջ Օսմանեան եաթաղանին զոհ գացած մէկուկէս միլիոն Նահատակներուն վառ յիշատակին, 24 ապրիլ 2020-ին այցելեց Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն նուիրուած առաջին յուշակոթողը` Մարտիրոս Ալթունեանի կողմէ կերտուած, եւ ծաղկեպսակ զետեղեց անոր առջեւ:






