«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը Դիմատետրի իր էջով կը տեղեկացնէ, որ նախորդ շաբթուան ընթացքին Պուրճ Համուտի մէջ յայտնաբերուած «Քորոնա»-ով վարակուած պարագաներուն անմիջական շրջապատին մէջ եղող անձերը ենթարկուեցան «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան, եւ անոնց արդիւնքները ժխտական են, այսինքն` անոնցմէ ոչ մէկը «Քորոնա»-ով վարակուած է:
Մեր հայորդիներէն կը խնդրենք, որ, եթէ «Քորոնա»-ի որեւէ ախտանշան նկատեն եւ ունենան, ուղղակի կապ հաստատեն Շտապի թէժ գիծին` 03-188911, ժամադրութեամբ այցելեն բժիշկներու, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային անոնք ենթարկուին «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան: