Գաղութային

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Հաղորդագրութիւն Թիւ 18

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը կը տեղեկացնէ, որ նախորդ շաբթուան ընթացքին, գործակցաբար առողջապահութեան նախարարութեան, «Ռաֆիք Հարիրի» պետական հիւանդանոցին, Լիբանանեան կարմիր խաչին, նահանգապետին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, ձեռնարկեց «Քորոնա»-ի «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն: Աւելի քան երկու հարիւր քննութիւններէն ունեցանք հինգ «դրական» արդիւնքներ, որոնց համապատասխան ցուցմունքները տրուեցան, բոլորն ալ կը գտնուին նախարարութեան հսկողութեան տակ ու մեկուսացած են իրենց բնակարաններուն մէջ: Ներկայ դրութեամբ հիւանդանոցի պարագայ...

Լիբանանահայութիւնը Մոմավառութեամբ Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակը

Լիբանանահայութիւնը Մոմավառութեամբ Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակը

Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակը աշխարհով մէկ այս տարի նշուեցաւ տարբեր ձեւով, ոչ աւանդական կերպով` բազմահազար մարդիկ հաշուող համախմբումներով, բազմերթ քայլարշաւներով եւ ոգեկոչման մարդաշատ ձեռնարկներով, որովհետեւ այսօր տարբեր են պայմանները` «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Բայց եւ այնպէս հայութիւնը աշխարհով մէկ` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք պայմաններու պարտադրած ձեւերով հաստատեց, որ կը մնայ պահանջատէր եւ կառչած իր դատին: Լիբանանի մէջ եւս տարբեր չէ կացութիւնը, արդարեւ,...

«Ո՛չ Մէկ Զիջում Մեր Ժողովուրդի Պահանջատիրական Պայքարէն»   Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Ո՛չ Մէկ Զիջում Մեր Ժողովուրդի Պահանջատիրական Պայքարէն» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» թերթերու տնօրէնները  հանդիպում ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ` զրոյց-խորհրդակցութիւն մը ունենալու համար ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ հայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն եւ ընդհանրապէս համահայկական առումով  տարբեր մարզերու վերաբերող երեւոյթներուն մասին: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան օրակարգային հետեւեալ կէտերը. Ա. Ներկայ համաշխարհային ճգնաժամային պայմաններուն մէջ կաթողիկոսարանի գործունէութիւնը թէ՛ ներքին` վարչական, ժողովական եւ թէ՛ թեմերու հետ յարաբերութեան առումներով:...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Հաղորդագրութիւն. Յստակացում` Կարիքաւոր Ընտանիքներու Ցանկագրման Գծով

Տրուած ըլլալով, որ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան ցանկագրումին համար, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցով հրապարակեց հեռաձայնային թիւեր եւ նկատի ունենալով  այս մասին քաղաքացիներու լուսաբանական հարցումները` քաղաքապետութիւնը կը կատարէ հետեւեալ յստակացումները. 1. Կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան ծրագիրով կը զբաղի ընկերային հարցերու նախարարութիւնը: Այս գծով քաղաքապետութեան աշխատանքը սահմանափակուած է կարիքաւոր ընտանիքներու դիմումի ելեկտրոնային ցանկագրումով միայն: Ցանկագրուած դիմումները անմիջապէս կ'ուղարկուին պատկան նախարարութեան կեդրոնական համակարգիչին:...

ՀՅԴ «Սարդարապատ» Կոմիտէն Կը Շարունակէ Օժանդակել Կարիքաւոր Հայ Ընտանիքներուն

ՀՅԴ «Սարդարապատ» Կոմիտէն Կը Շարունակէ Օժանդակել Կարիքաւոր Հայ Ընտանիքներուն

«Քորոնա» ժահրի ճգնաժամին պատճառով ստեղծուած անբնական պայմաններուն լոյսին տակ, ինչպէս ամբողջ աշխարհը, նոյնպէս ալ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը նոր մարտահրաւէրներու եւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցան: Այս կացութեան հետեւանքով աշխատավայրերու փակումն ու ստեղծուած ծանր վիճակը ժողովուրդը դրին անել կացութեան առջեւ: ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն, ճգնաժամի առաջին իսկ օրերէն եւ համագործակցաբար «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին հասաւ շրջանի հայորդիներու օժանդակութեան: Նկատի առնելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան դերակատարութիւնը...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի Նորարար Մշակոյթի Ծրագիրը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի Նորարար Մշակոյթի Ծրագիրը

Փետրուար 2020-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը մեկնարկեց «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ը, որ ուղղուած է լիբանանահայ ա՛յն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործել եւ նորարար ծրագիրներ իրագործել: «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Լիբանանին վերաբերող ռազմավարութեան հինգ հիմնասիւներէն մէկը ըլլալով, անոր հիմնական նպատակն է արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւնները խթանել: Այս նպաստի ծրագիրը կը միտի սփիւռքեան իրականութեան եւ հայկական մշակութային կեանքին մէջ...

«Ազդակ»-ի Առցանց Առաջին Լսարանը Կայացաւ

«Ազդակ»-ի Առցանց Առաջին Լսարանը Կայացաւ

Երէկ, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի առցանց առաջին լսարանը, որուն նիւթն էր «Նոր աշխատակարգ եւ նորարար ձեւաչափեր»: Զրոյց-քննարկումը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակիցներէն, տնտեսագէտ Մինաս Հանս Քէհէեանը, որ խօսեցաւ թեմային թէ՛ արհեստագիտական, եւ թէ բովանդակային ուղղութիւններուն մասին: Մէկուկէս ժամ տեւած լսարանին հետեւեցան Լիբանանէն, Քուէյթէն, Փաքիստանէն, Կիպրոսէն, Ֆրանսայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն 30 մասնակիցներ: «Զում» ծրագիրի ճամբով առցանց լսարանները պիտի...

Համազգայինը` Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց

Համազգայինը` Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց

Աշխարհը ամլացած է: Համաշխարհային մակարդակով ստեղծուած է առնուազն մեր օրերուն համար աննախադէպ իրավիճակ: Համազգայինը անշուշտ անմասն չէ այս համաճարակին իբրեւ հետեւանք ստեղծուած ընդհանուր կացութենէն եւ ըստ այնմ  պատշաճեցուցած է իր աշխատանքը, արագօրէն փոխած է իր աշխատելաոճը` միշտ կառչած մնալով իր սկզբունքներուն եւ տեսլականին, շարունակելով իր առաքելութիւնը: Հաւատարիմ իր կոչումին, կրթական մարզը համաճարակի առաջին օրերէն իսկ իր ճեմարաններով սկսած է հեռավար...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Աշխատանքներէն

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Աշխատանքներէն

Մարաշի Կուպրապատում  Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը սկսաւ Մարաշ թաղի կուպրապատման նախապատրաստութեան: Յիշեալ թաղը քարէ սալիկներով ծածկուած էր, սակայն ծանր բեռնակառքերու եւ ջուրի փոխադրութեան կառքերու երթեւեկը քանդած էր սալիկներու մէկ մասը: Այժմ քաղաքապետարանի հանրօգուտ աշխատանքներու բաժանմունքը կը վերցնէ մնացած սալիկները եւ կը պատրաստէ ենթահողը կուպրապատման: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մարաշ թաղի բնակիչներու եւ առեւտրականներու համբերութեան ու հասկացողութեան` ընդգծելով, որ այս...

Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարք Կը Շնորհաւորէ Արայիկ Յարութիւնեանը` Արցախի Նախագահ Ընտրուելուն Առիթով

Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարք Կը Շնորհաւորէ Արայիկ Յարութիւնեանը` Արցախի Նախագահ Ընտրուելուն Առիթով

16 ապրիլին Տանն Կիլիկիոյ հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարք շնորհաւորեց Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ անոր յղեց հետեւեալ նամակը: «Ջերմ զգացումներով կը շնորհաւորենք Արցախի Հանրապետութեան նախագահ ձեր ընտրութիւնը, զոր կը նկատենք ժողովրդավարական արժէքներով առաջնորդուելու ձեր յանձնառութեան մէկ արտայայտութիւնը: «Այս համոզումով կը վստահեցնենք ձեզի, որ մեր բոլոր շփումներուն ու հաղորդակցութիւններուն ընդմէջէն պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը` ի խնդիր...

«Փի. Սի. Ար.»-ի Անվճար Քննութիւն` Հայկական Առողջապահական Եւ Ընկերային Ծառայութեան Կեդրոններու 65 Աշխատողներու

«Փի. Սի. Ար.»-ի Անվճար Քննութիւն` Հայկական Առողջապահական Եւ Ընկերային Ծառայութեան Կեդրոններու 65 Աշխատողներու

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը` Ռըզըք  հիւանդանոցէն բժշկական խումբի եւ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի (Էլ. Էյ. Եու.) բժշկական բաժանմունքին հետ գործակցաբար, 16 ապրիլ 2020-ին կատարեց  «Փի. Սի. Ար.»-ի անվճար քննութիւն հայկական առողջապահական եւ ընկերային ծառայութեան կեդրոններուն մէջ աշխատող 65 անձերու: Շրջուն տարրալուծարանին ճամբով Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ կատարուած «Քորոնա»-ի ժահրի այս քննութեան վերահսկեց տուեալ հիւանդանոցի բժշկութեան բաժանմունքի տնօրէն տոքթոր Ճորճ Ղանըմ` ներկայութեամբ Շտապի պատասխանատու,...

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնները Ձեռնարկած Են Դրամահաւաքի Աշխատանքի

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնները Ձեռնարկած Են Դրամահաւաքի Աշխատանքի

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները ձեռնարկած են դրամահաւաքի աշխատանքի, որմէ գոյացած միջոցներով պիտի օգնեն մեր կարիքաւոր հայրենակիցներուն: Այս առիթով երկու միութիւններ հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Հաշուի առնելով, որ մեր հազարաւոր քաղաքացիները այս օրերին մենակ են մնացել ճգնաժամի դէմ պայքարում, ելնելով մեր ընկերվարական գաղափարախօսութիւնից, հաւատալով, որ հասարակութեան առաւել ապահով ներկայացուցիչները պատասխանատու են աւելի...

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակի Նշում. ՍԴՀԿ- ՌԱԿ- ՀՅԴ Հանդիպում

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակի Նշում. ՍԴՀԿ- ՌԱԿ- ՀՅԴ Հանդիպում

Հինգաշբթի, 16 ապրիլ 2020-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան վարիչ մարմնի, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան շրջանային վարչութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնական կոմիտէին միջեւ։ Ժողովը առաջին հերթին անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած ճգնաժամային իրավիճակին եւ այդ ծիրին մէջ լիբանանահայ համայնքի դիմագրաւած կացութեան։ Գնահատուեցաւ  լիբանանահայ բոլոր համայնքներու եւ կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ միութենական ու ...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Հաղորդագրութիւն Թիւ 17. Շնորհակալութիւն

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը բարձրօրէն կը գնահատէ լիբանանահայ ազգայիններ Նար Խաչատուրեանի եւ Վարուժան Սարգիսեանի (Պարլի Վարուժ) նախաձեռնութիւնը` 35.000 պաշտպանութեան դիմակներու (մասք) պատրաստութեան եւ զանոնք Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան տրամադրութեան տակ դնելու: Շնորհակալութիւն յայտնելով այս նախաձեռնութեան` կը հաստատենք, որ այս եւ նման ճիգեր լաւագոյն փաստն են Լիբանանի հայութեան բարձր գիտակցութեան եւ միասնական ուժերով մեր ժողովուրդի առողջական ու կենցաղային բարօրութեան ապահովման:  

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Քաղաքապետ Պօղոսեան Այցելեցին Պուրճ Համուտի Մէջ Գործող Լիբանանեան Կուսակցական Եւ Բարեսիրական Կեդրոններ

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Քաղաքապետ Պօղոսեան Այցելեցին Պուրճ Համուտի Մէջ Գործող Լիբանանեան Կուսակցական Եւ Բարեսիրական Կեդրոններ

Երէկ` երեքշաբթի, 14 ապրիլ 2020-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի,  այցելեց Պուրճ Համուտի մէջ գործող լիբանանեան կուսակցական եւ բարեսիրական կառոյցներու կեդրոններ: Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք, Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններու եւ Ամալ շարժումի Պուրճ Համուտի գրասենեակներ, ինչպէս նաեւ «Մար Եուսեֆ» բարեսիրական միութեան կեդրոն: Հանդիպումներուն ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Հաղորդագրութիւն Թիւ 15 եւ 16

Հաղորդագրութիւն Թիւ 15 Շտապի Ծառայողական Գործին Ցարդ Նոիրուած Է 169.900.000 Լ.Ո. Եւ 54.140 Ամերիկեան Տոլար Ըմբռնելով «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու առումով հասարակական կամք ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը` «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը կը շարունակէ ստանալ նուիրատուութիւններ: Գիտակից ազգայիններ անցնող օրերուն իրենց սրտաբուխ օժանդակութիւնը կատարելով` ցարդ գոյացած գումարը բարձրացուցին 169.900.000 լ. ոսկիի եւ 54.140 ամերիկեան տոլարի: Որքան Տանք, Աւելիով Օգնելու Կարող Կը Դառնանք Ստորեւ` նուիրատուներուն...

«Քորոնա»-ի Պատճառով Մահացաւ 3-րդ Լիբանանահայը

«Քորոնա»-ի Պատճառով Մահացաւ 3-րդ Լիբանանահայը

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը կը տեղեկացնէ, որ 14 ապրիլ 2020-ին, «Քորոնա» ժահրին պատճառով, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կնքած է Արտաւազդ Պօղոսեան: «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ անոր ընտանեկան պարագաներուն:  

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Նար Խաչատուրեան Եւ Վարուժան Սարգիսեան 35.000 Դիմակ Կը Տրամադրեն Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան

Պուրճ Համուտի քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդը իրենց ու շրջանին կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Նար Խաչատուրեանին եւ Վարուժ Սարգիսեանին: Նար Խաչատուրեան մեծ քանակութեամբ դէմքի պաշտպանութեան դիմակներու (մասքեր) պատրաստութեան կերպասը նուիրեց քաղաքապետարանին, իսկ Վարուժ Սարգիսեան (Պարլի Վարուժ) իր կարի աշխատանոցին մէջ կը պատրաստէ զանոնք` հոգալով անոնց պատրաստութեան մնացեալ հում նիւթերուն ու աշխատանքային ծախսերը: Աւելի քան երեսունհինգ հազար կերպասեայ այդ դիմակները պիտի բաժնուին...

Ս. Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ  Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոս Ըսաւ Ու Միշտ Կ’ըսէ` Ձեզի Հետ Եմ,  Մի՛ Վախնաք»

Ս. Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոս Ըսաւ Ու Միշտ Կ’ըսէ` Ձեզի Հետ Եմ, Մի՛ Վախնաք»

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի սրբազան խորանէն, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան առաւօտուն, մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կ՛ըսեմ մեր եկեղեցւոյ պարզ, բայց խորիմաստ բառերով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»: Արամ Ա. կաթողիկոս այս բառերով ողջունեց ու Քրիստոսի յարութեան աւետիսը փոխանցեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն, կիրակի, 12 ապրիլ 2020-ին, յընթացս Ս. եւ...

Քրիստոսի Յարութեան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ.  Շահէ Եպս. Փանոսեան. «Մեր Տէրը Մեռելներէն Յարութիւն Առաւ, Որպէսզի Մեզ Եւս Նորոգէ Յարուցեալ Կեանքին Մէջ»

Քրիստոսի Յարութեան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. Շահէ Եպս. Փանոսեան. «Մեր Տէրը Մեռելներէն Յարութիւն Առաւ, Որպէսզի Մեզ Եւս Նորոգէ Յարուցեալ Կեանքին Մէջ»

Կիրակի, 12 ապրիլ 2020-ին, Ս. Զատկուան եւ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Լիբանանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առցանց հետեւող հաւատացեալներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազանը ողջունեց լիբանանահայ ժողովուրդի զաւակները` մաղթելով, որ յարութեան տօնը բոլորը կ'այլակերպէ, եւ հին մարդը բոլորին մէջէն վերցնելով զիրենք կը վերածէ նորոգեալ յարուցեալ արարածի: Ան նկատել տուաւ,...

Page 168 of 365 1 … 167 168 169 … 365

Արխիւներ