«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը կը տեղեկացնէ, որ այս շաբթուան ընթացքին, գործակցաբար առողջապահութեան նախարարութեան, «Ռաֆիք Հարիրի» պետական հիւանդանոցին, Լիբանանեան կարմիր խաչին, նահանգապետին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, շարունակուեցան «Քորոնա»-ի «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւնները:
Երկուշաբթի օրուընէ ի վեր Պուրճ Համուտի զանազան շրջաններուն մէջ 170 տարբեր անձերու վրայ կատարուած բոլոր «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան արդիւնքները ժխտական են, «Քորոնա»-ով վարակուածներ չկան: Շտապը պիտի շարունակէ քննութիւնները:



