Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէ Արտակարգ Պայմաններու Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակի Յիշատակում

April 28, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, ուրբաթ, 24 ապրիլ 2020-ին, Ֆանարի Լէյլաւանի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց, արտակարգ պայմաններու մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակի յիշատակում` ծանօթ պայմաններու պատճառով առանց հայորդիներու մասնակցութեան եւ դիմատետրի ուղիղ կապով:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ցոլեր Թալաթինեան, որ նշեց, թէ 105 տարի ետք Թուրքիան չէ կրցած իրականացնել հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագիրը եւ վաղն ալ պիտի չյաջողի, որովհետեւ հայութիւնը հաւաքաբար պիտի պահպանէ իր գոյութիւնը եւ պիտի շարունակէ պայքարը, մինչեւ արդար հատուցում:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեանի մասնակցութեամբ աղօթքի արարողութենէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան եւ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան կոմիտէին անունով ծաղկեպսակ մը տեղադրեցին:

Ապա խօսք առաւ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ ըսաւ. «Ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները եւ արգելքները, 1988-ին հաստատուած Լէյլաւանի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողի ջահը ապրիլ 24-ի օրը վառ պիտի մնայ, որպէսզի անգամ մը եւս վերանորոգենք մեր ուխտը եւ շարունակենք պահանջատիրութիւնը»: Ան նշեց, որ այսօրուան դժուարին պայմաններուն մէջ պէտք չէ մոռնանք մեր ժողովուրդին իրաւունքները եւ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ մեր մասնակցութիւնը պէտք է բերենք Հայ դատի աշխատանքներուն: Ապա Արազ Էլէյճեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն» բանաստեղծութիւնը:

Օրուան պատգամը ուղղեց վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ նշեց, թէ Ցեղասպանութիւնը դարձաւ հայուն օրացոյցը, կողմնացոյցը, կշռանժարը, նոյնիսկ ինքնութեան քարտը, բայց ոչ մահուան վկայագիրը: Ան ըսաւ, որ եթէ օսմանական եւ քեմալական ծրագրուած ու բնազդային ջարդերը, պարտադրած ոճրային զրկանքներն ու տեղահանութիւնները կը միտէին իրականացնել հայուն մահը, իսկ համաշխարհային խիղճը պահել մահաքունի մէջ, ապա կար հայը, որ Ցեղասպանութիւնը պիտի չտեսնէր իբրեւ աւարտ կեանքի պայքարին, այլ հակառակը` մահուան մութը պիտի վերածէր նոր առաւօտեան լոյսի ճառագայթի:

Վեր. Հայտոսթեան հաստատեց, որ Ցեղասպանութեան յիշատակութիւնը պէտք է կատարուի բարձր գիտակցութեամբ, որովհետեւ եթէ աշխարհը պիտի շարունակէ ճանչնալ մեր արդար դատը եւ Թուրքիան պիտի ստիպուի հաշուի առնել իր մեղքը, ուրեմն մենք պէտք է պարտինք ըլլալ ծանրակշիռ վկաները` միտքով, գիրով, ծրագիրով եւ զարգացումով: Ան աւելցուց, որ պէտք է յիշատակել բարձր գիտակցութեամբ, որովհետեւ եթէ հայը պիտի շարունակէ պարտադրել յարգանք, ապա ուրեմն պէտք է պարտի պահել կեանքի վեհագոյն եւ ազնուագոյն յատկութիւնները: Ան կոչ ուղղեց մեզմէ հեռացնելու պարտուողական մտայնութիւնները, որպէսզի վերագտնենք լեռներն ու ձորերը նուաճելու մեր պատմութիւնը: Վեր. Հայտոսթեան շեշտեց, որ յիշատակութիւնը նաեւ պէտք է կատարուի պայքարի բարձր ոգիով, հաւատքով, զգացումով եւ գործով:

Պատգամախօսը ըսաւ. «Նուիրաբերե՛նք մեր լաւագոյնը նահատակներու յիշատակին: Մեր կարողութեան համեմատ եւ խնամքով բաժին բերենք մեր հոգիէն, մեր ժամանակէն, մեր կատարած փորձէն ու լումաներէն: Կը խոնարհինք մեր նահատակներու յիշատակին դիմաց եւ կ’ուխտենք ապրիլ»:

Աւարտին, գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ լիբանանահայ երգիչներ Կարօ Կապուտակեանի եւ Հրաչ Կայծակեանի կողմէ շարք մը ազգային-հայրենասիրական երգերու կատարումով:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին Առիթով Միջյարանուանական Աղօթք Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

ԿՈՉ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.