Ուրբաթ, 8 մայիսին, «Երկիր Մետիա»-ի ուղղակի սփռումով, համայն հայութիւնը միասնաբար պիտի նշէ ներկայ ժամանակներու հայութեան արձանագրած ռազմավարական մեծագոյն յաղթանակին` Շուշիի ազատագրութեան տօնը: Յայտագիրը պիտի սկսի Պէյրութի ժամով երեկոյեան ժամը 6:00-ին: Յայտագիրը ուղղակի պիտի սփռուի «Երկիր Մետիա»-ի «Եութիուպ»-ի ալիքով Yerkir Media Հաղորդումներ, ինչպէս նաեւ դիմատետր-ի https://facebook.com/Yerkirmedia/ եւ https://www.facebook.com/tashnag էջերով: Այս յայտագիրի ընթացքին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 8:00-էն սկսեալ Լիբանանէն պիտի սփռուին ողջոյնի խօսքեր, ինչպէս նաեւ այս առիթով ելոյթ պիտի ունենան Համազգայինի Լիբանանի «Գուսան» երգչախումբը, «Քնար» պարախումբը եւ լիբանանահայ արուեստագէտներ: Հրաւիրուած ենք բոլորս միասնաբար նշելու հայութեան կերտած պանծալի այս յաղթանակը: