Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միաբանական Հաւաք Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

April 29, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երեքշաբթի, 28 ապրիլ 2020-ին միաբանական հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ` մասնակցութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն:

Հաւաքը սկիզբ առաւ «Տէրունական աղօթք»-ով: Ապա, վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց համաճարակին իբրեւ հետեւանք ստեղծուած կացութիւնը ներկայ աշխարհին եւ յատկապէս հայ կեանքին մէջ: Այս ծիրին մէջ ան լայնօրէն անդրադարձաւ մեր թեմերուն եւ հոն կատարուող աշխատանքներուն: Ան գնահատեց մեր առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, ազգային իշխանութիւններուն, կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն կողմէ կատարուող ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց բարոյական ու նիւթական աջակցութիւնը կ՛ընծայեն կատարուող աշխատանքներուն:

Վեհափառը յիշեցուց. «Ծառայութիւնը եկեղեցւոյ էութեան մաս կը կազմէ, անոր գոյութեան պատճառն է ու նպատակը. մեր Սուրբ Աթոռին հոգեւորականները այս գիտակցութեամբ ու վերանորոգ յանձնառութեամբ պէտք է շարունակեն իրենց ժողովրդանուէր ծառայութիւնը»:

Ան նաեւ շեշտեց Աստուծոյ խօսքի քարոզութեան հրամայականը: «Ծառայութեան առընթեր, աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն քարոզութիւնը եկեղեցւոյ կոչումն է: Հոգեւորականը նախ պէտք է ապրի ու ապա քարոզէ Աստուածաշունչը», շեշտեց ան` միաժամանակ զգուշացնելով, որ անհրաժեշտ է հեռու մնալ ներկայ ժամանակներու աժան ու մակերեսային հոգեւորութենէ ու քարոզութենէ: «Ժողովուրդին յոյս պէտք է ներշնչել, անոր հաւատքը պէտք է զօրացնել, որպէսզի կարենայ յաղթահարել ներկայ դժուար պայմանները», ըսաւ Արամ Ա.:

Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց վանաբնակ միաբաններուն, որոնք հոգեմտաւոր աշխատանքներու ճամբով իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն մեր եկեղեցւոյ ազգանուէր ծառայութեան: Այս ուղղութեամբ Արամ Ա. իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ մեծ թիւով հաւատացեալներ կը հետեւին կաթողիկոսարանի CILICIA TV-ի սփռումներուն:

Կաթողիկոսը նաեւ հակիրճ կերպով ներկայացուց կաթողիկոսարանի կողմէ կատարուող մարդասիրական աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (28 Ապրիլ 2020)

Յաջորդը

ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէութիւնը Յարգեց Մէկուկէս Միլիոն Նահատակներուն Յիշատակը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.