Գաղութային

ԼԵՄ-ականները Պուրճ Համուտի Մէջ Դիմակ Կը Բաժնեն Անցորդներուն

ԼԵՄ-ականները Պուրճ Համուտի Մէջ Դիմակ Կը Բաժնեն Անցորդներուն

21 մայիսին ԼԵՄ-ականներ Պուրճ Համուտի մէջ ցրուեցին դիմակներ` յիշեցնելով անցորդներուն, որ մեկուսացման դրութենէն դէպի բնականոն կեանք անցումի փուլին մեծապէս անհրաժեշտ է դիմակ կրել` կանխարգելելու «Քորոնա»-ով վարակման որեւէ վտանգ: Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի ջանքերուն` հասարակութիւնը իրազեկ դարձնելու այն իրողութեան, որ պէտք է շարունակել պայքարը այս ժահրին դէմ, որովհետեւ անիկա վտանգաւոր է ոչ միայն անհատին, այլ նաեւ անոր...

«Ազդակ»-ի 2017-ի Բացառիկին Աշխատանքները Գրեթէ Աւարտած Են

Ազգային Առաջնորդարան Հաղորդագրութիւն Թիւ 7. Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեան Ընտանիքը 100.000.000 Լիբանանեան Ոսկիով Կը Շարունակէ Նեցուկ Կանգնիլ Լիբանանահայութեան

Կարիքաւոր ընտանիքներուն սննդամթերք տրամադրելու աշխատանքներուն նպաստելով` Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ընտանիքը 100.000.000 լիբանանեան ոսկիով կը մասնակցի Ազգային վարչութեան նախաձեռնած մայիս ամսուան ընթացքին 2000 սնտուկ սննթամթերք տրամադրելու աշխատանքներուն: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին, որ Լիբանանի տնտեսական դժուարութիւններուն դէմ յանդիման եւ «Քորոնա» ժահրին յառաջացուցած տագնապները յաղթահարելու ճիգերուն մէջ միշտ ալ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ իր նպաստը բերած է` զօրակցելով կարիքաւոր ընտանիքներուն:...

ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը Լիբանանահայութեան Անմիջական Օժանդակութեան Համար Կը Նուիրէ 20 Հազար Տոլար

ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը Լիբանանահայութեան Անմիջական Օժանդակութեան Համար Կը Նուիրէ 20 Հազար Տոլար

«Քորոնա» ժահրին ստեղծած տագնապալի պայմաններուն եւ Լիբանանի ընկերային ու տնտեսական դժուարութիւններուն դիմաց լիբանանահայութեան զօրակցելու նպատակով եւ անոր գոյերթին համար Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը կը նուիրէ 20.000 տոլար: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը տարուան սկիզբը կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական անկայուն իրավիճակին պատճառով ստեղծուած տնտեսական տագնապին մէջ սատարելու լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան 3 ծրագիրներուն` «Յոյսի արկղ»-ին, «Գոյատեւման պիտոյքներ»-ուն եւ «Պնակ մը կերակուր»-ին, որոնք...

«ԱԶԴԱԿ»-ի 42 Լսարանականներ Մասնակցեցան  «Նոր Աշխարհակարգի Ձեւաւորման Միտումներ»  Թեմայով Առցանց Զեկուցում-Քննարկումին

«ԱԶԴԱԿ»-ի 42 Լսարանականներ Մասնակցեցան «Նոր Աշխարհակարգի Ձեւաւորման Միտումներ» Թեմայով Առցանց Զեկուցում-Քննարկումին

«Ազդակ»-ի առցանց չորրորդ լսարանը ունէր տարբեր ձեւաչափ: Արդարեւ, երեք դասախօսներ ենթանիւթերով զեկուցեցին «Նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման միտումներ» ընդհանուր թեմայի ներքեւ ներկայացուած բաժիններուն մասին: Պէյրութէն դոկտ. Ժան Կէօքճեան զեկուցեց Միջին Արեւելքն ու ռուսական գործօնը, Երեւանէն դոկտ. Վահրամ Տէր Մաթեւոսեան` Հայաստանը եւ կովկասեան տարածաշրջանը աշխարհաքաղաքական խաչմերուկներու եւ շահերու վրայ, իսկ Պուէնոս Այրէսէն դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան` Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնը եւ Չինաստանը բազմաբեւեռ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման 20-Ամեակին Առիթով Հաղորդագրութիւն Մը Յղեց Լիբանանեան Մամուլին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման 20-ամեակին առիթով լիբանանեան մամուլին յղեց հաղորդագրութիւն մը` իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնելով 2000 թուականին Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին որդեգրումին համար, որ կու գար ամբողջացնելու խորհրդարանին կողմէ 2 ապրիլ 1997-ին որդեգրուած բանաձեւը, որ լիբանանցի ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղէր` իւրաքանչիւր տարուան 24 ապրիլին իր զօրակցութիւնը յայտնելու հայ ժողովուրդին: Մարմինը...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին  «The Armenian Church» Գիրքը Լոյս Տեսաւ Արաբերէն Թարգմանութեամբ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին «The Armenian Church» Գիրքը Լոյս Տեսաւ Արաբերէն Թարգմանութեամբ

Վերջին տարիներուն հանրութեան տարամադրութեան տակ կը գտնուի դիւրին ընթեռնլի, պարզ լեզուով ու ամփոփ, եւ յատկապէս երիտասարդութեան դիւրամատչելի, սակայն միաժամանակ համապարփակ կերպով գրուած հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը` շնորհիւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Անիկա գրուած է անգլերէնով` «The Armenian Church» խորագիրով եւ ցարդ թարգմանուած է երեք լեզուներու` ֆրանսերէնի, ռուսերէնի եւ պարսկերէնի: Վերջերս վեհափառ հայրապետին վերոյիշեալ գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը եւս հրատարակուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի տպարանէն,...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Ազգային Առաջնորդարան. Հաղորդագրութիւն Թիւ 6

Բառին ամբողջական առումով, բոլորս ալ կ՛ապրինք ճգնաժամային պայմաններու մէջ: Անգործութեան, դրամի արժեզրկումին ու աննախընթաց սղաճին յաջորդեց «Քորոնա» ժահրով սկսած համաշխարհային աննախընթաց տագնապը, որ ոչ միայն անդամալուծեց ու մեզ արգելափակեց մեր բնակարաններուն մէջ, այլեւ, տասնեակ հազարաւոր զոհեր խլելով, խորհրդաւոր պայմաններով շարունակեց տարածուիլ աշխարհի բոլոր անկիւնները: Վստահ էինք, որ տուեալ արտակարգ պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները մեզ պիտի մղէին կազմակերպ աշխատանքի:...

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ՀՕՄ-ը  25.000 Տոլար Կը Նուիրէ Լիբանանահայութեան

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ՀՕՄ-ը 25.000 Տոլար Կը Նուիրէ Լիբանանահայութեան

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ օգնութեան միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 25,000 տոլար կը նուիրէ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան` արձագանգելով Լիբանանի տնտեսական տագնապին եւ քաղաքական անկայուն իրավիճակին, որ ահաւոր կերպով կ՛ազդէ լիբանանահայութեան վրայ: Տարուան սկիզբը, արդէն իսկ առկայ քաղաքական եւ տնտեսական տագնապը շարունակեց ազդել Լիբանանի հայ համայնքին վրայ. ՀՕՄ-ը կոչ ուղղեց սփիւռքահայութեան` օգնելու իր հայրենակիցներուն, որոնք դժուարութեամբ կ՛ապահովէին իրենց ապրուստը: Լիբանանի ՀՕՄ-ը նախաձեռնեց...

«Քորոնա» Ժահրի Ճգնաժամի Օրերուն  ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» Կոմիտէն Կը Շարունակէ  Օժանդակութեան Աշխատանքները

«Քորոնա» Ժահրի Ճգնաժամի Օրերուն ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» Կոմիտէն Կը Շարունակէ Օժանդակութեան Աշխատանքները

«Քորոնա» ժահրի ճգնաժամին պատճառով ստեղծուած անբնական պայմաններու լոյսին տակ, ինչպէս ամբողջ աշխարհը, նոյնպէս ալ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը նոր մարտահրաւէրներու եւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցան: Այս կացութեան իբրեւ հետեւանք աշխատավայրերու փակումն ու ստեղծուած ծանր վիճակը ժողովուրդը դրին անել կացութեան առջեւ: ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» կոմիտէն ճգնաժամի առաջին իսկ օրերէն, յարգելով ընկերային հեռաւորութեան եւ առողջապահական օրէնքները, սեղմ թիւով ընկերներու ներկայութեամբ ակումբը բաց պահեց...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ուրուկուէյի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման 55-Ամեակին Առիթով Նամակ Մը Յղեց Ուրուկուէյի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Ուրուկուէյի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման 55-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ Ուրուկուէյի դեսպան Լուիս Ֆակունտեզին յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց, թէ Ուրուկուէյը 1965-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու քաջարի քայլին դիմելով` դարձաւ աշխարհի վրայ առաջին երկիրը, որ կանգնեցաւ ճշմարտութեան ու արդարութեան կողքին եւ իր օրինակով քաջութիւն ներշնչեց ու ճամբան հարթեց այլ երկիրներու կողմէ պատմական այդ անհերքելի իրողութեան...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հաղորդագրութիւն. 100.000.000 Լ. Ո. Նուիրատուութիւն` Տէր Եւ Տիկին Յարութիւն Եւ Սիլվիա Սթամպուլի Ամոլէն

«Քորոնա» ժահրին ստեղծած տագնապալի պայմաններուն եւ Լիբանանի ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն դիմաց, լիբանանահայութեան զօրակցելու նպատակով, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Սիլվիա Սթամպուլի Ազգային առաջնորդարանին ճամբով լիբանանահայութեան կը նուիրեն 100.000.000 լ. ո. (Հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի): Նշեալ գումարը պիտի բաշխուի հետեւեալ կարգով. - «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին` 25.000.000 լ. ո. - Լիբանանահայ օգնութեան խաչին` 25.000.000 լ. ո. - Հայ բարեգործական ընդհանուր...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան

Ֆրանչիսկոս պապին եւ Ազհարի միացեալ նախաձեռնութեամբ, 14 մայիսը հռչակուեցաւ Համաշխարհային աղօթքի օր: Յիշեալ նախաձեռնութեան միացան նաեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը, միջազգային այլ կազմակերպութիւններ եւ կրօններ: Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական հրաւէր ստացաւ Կազմակերպիչ կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ` մասնակից դառնալու համաշխարհային աղօթքին: Վեհափառ հայրապետը իր կողմէ խմբագրուած արաբերէն ու անգլերէն աղօթքները ղրկեց յանձնախումբին: Ապա, հինգշաբթի, 14 մայիսի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքի մայր տաճարի...

«Ազդակ»-Ի Առցանց Լսարան.  «Սեւրն Ու Իրաւարար Վճիռը Մեր Տարածքային Պահանջներուն Իրաւական Հիմքը Կը Հանդիսանան», Հաստատեց Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան

«Ազդակ»-Ի Առցանց Լսարան. «Սեւրն Ու Իրաւարար Վճիռը Մեր Տարածքային Պահանջներուն Իրաւական Հիմքը Կը Հանդիսանան», Հաստատեց Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան

Երէկ, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին, տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի երրորդ առցանց լսարանը: Զեկուցեց Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, «Սեւրի համաձայնագիրին եւ իրաւարար վճիռին ուղղութեամբ ակադեմիային իրականացուցած աշխատանքներն ու ծրագիրները (100-ամեակի առիթով)» նիւթին մասին: Փրոֆ. Մելքոնեան ներկայացուց պատմաքաղաքական այն հանգամանքներն ու պայմանները, որոնց մէջ ստորագրուեցաւ Սեւրի դաշնագիրն ու կայացաւ իրաւարար վճիռը: Ներկայացնելով վճիռին իրաւական նշանակութիւնը` Աշոտ Մելքոնեան...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Կը Զօրակցին Լիբանանահայ Կարիքաւորներուն

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կը Զօրակցին Լիբանանահայ Կարիքաւորներուն

Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ կատարուած մարդասիրական-բարեսիրական աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը 11 մայիս 2020-ին ստանձնեց սննդեղէնի 100 սնտուկներ, որոնք պիտի բաժնուին համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն: Այս առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխան շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ Ալ Նահիանի, գահաժառանգ իշխան շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ...

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէին Գործունէութիւնը` Շրջանի Հայութեան Ընկերային Կարիքներուն Հասնելու Առումով

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէին Գործունէութիւնը` Շրջանի Հայութեան Ընկերային Կարիքներուն Հասնելու Առումով

Լիբանանի տնտեսական տագնապալի այս օրերուն դարձեալ կը դիմագրաւենք նոր տագնապ մը, որ թէ՛ առողջապահական է եւ թէ՛ տնտեսական: ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէն, կուսակցութեան եւ իր շրջանի ժողովուրդին միջեւ անմիջական կապը ըլլալով, հետեւողական կերպով ներկայ է ակումբին մէջ` հասնելու համար բոլոր իրեն դիմողներուն, ինչպէս միշտ: Համաճարակի այս օրերուն, կոմիտէն իբրեւ առաջին քայլ նախաձեռնեց «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի շաբաթական դրութեամբ հականեխման աշխատանքին` ապահովելու...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Հաղորդագրութիւն Թիւ 20. «Քորոնա»-ի Ճգնաժամային Շտապի Գործունէութիւնը` Մարտ 17-էն Այսօր Բազմակողմանի Աշխատանք 586 Միլիոն Լ.Ո. Օժանդակութիւն

ՀՅԴ Լիբանան Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի հրաւէրով 16 մարտ 2020-ին հրաւիրուած ընդլայնուած նիստին ծնունդ առած եւ Լիբանանի հայութեան ծառայութեան ի սպաս դրուած «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը արդէն կը գործէ 17 մարտ-էն այսօր: Առ այդ, կ՛ուզենք մեր ժողովուրդը ամբողջութեամբ տեղեակ պահել անցնող շաբաթներուն կատարուած աշխատանքներուն մասին: 1) Թէժ Գիծի Եւ Դիմատետրի Հաստատում Իր կազմութեան յաջորդ օրն իսկ, Շտապը հաստատեց «Քորոնա»-ի...

Մարաշ Թաղի Կուպրապատման Աշխատանք

Մարաշ Թաղի Կուպրապատման Աշխատանք

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ամբողջացուց Մարաշ թաղի կուպրապատման աշխատանքը: Թաղի ենթակառոյցի (ջրանցքներ, կոյուղիներու ծածկեր եւ այլն) մէկ մասը արդէն պատրաստ է, իսկ մնացեալ աշխատանքները պիտի ամբողջացուին յառաջիկայ երկու օրերուն: Այնուհետեւ պիտի ամբողջացուի մայթերու նորոգութիւնը․ փողոցի մէկ կողմի (հիւսիս-արեւելեան) մայթը երկաթէ ցօղերու զետեղումով պիտի վերապահուի հետիոտն երթեւեկողներուն, իսկ միւս կողմի (հարաւ-արեւմտեան) մայթին վրայ թաղի բնակիչներուն պիտի արտօնուի ինքնաշարժներ շարել երեկոյեան  ժամը 6:00-էն...

Հոգեհանգիստ` Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Հոգեհանգիստ` Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Արցախեան պայքարի լիբանանահայ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 28-րդ տարելիցին առիթով երէկ` կիրակի, 10 մայիս 2020-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Վիգէն Զաքարեան» սրահին մէջ հրամցուեցաւ հոգեսուրճ:    

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտները Մասնակցեցան Մայրերու Մեծարման Նախաձեռնութեան

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտները Մասնակցեցան Մայրերու Մեծարման Նախաձեռնութեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, համադրաբար Լիբանանի ներքին գործոց նախարարութեան եւ գործակցութեամբ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին, կիրակի, 10 մայիս 2020-ին, Լիբանանի սկաուտները,  ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի  սկաուտները տարբեր շրջաններուն մէջ լիբանանեան արտադրութեամբ վարդեր նուիրելով  շնորհաւորեցին  մայրերու տօնը: Վերոյիշեալ աշխատանքին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչը, Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան ներկայացուցիչ Լոռի Պիլալեան եւ շրջանային մոկլի...

Դեսպան Աթաբէկեան Ծաղկեպսակ Զետեղեց Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Կիսանդրիին Առջեւ

Դեսպան Աթաբէկեան Ծաղկեպսակ Զետեղեց Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Կիսանդրիին Առջեւ

Շուշիի ազատագրութեան եւ արցախեան ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 28-րդ տարելիցին առիթով, ուրբաթ, 8 մայիս 2020-ի` կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ` գնդապետ Ալեքսանտր Մուշեղեանի, այցելեց ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբ եւ դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի եւ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի անդամներուն կողմէ: Հանդիպումին ներկայ էր...

Page 166 of 365 1 … 165 166 167 … 365

Արխիւներ