Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէ. Հայ Մայրերուն Նուիրուած Իւրայատուկ Նախաձեռնութիւն Եւ Նախարար Օհանեան-Գէորգեանի Լէյլաւան Այցելութիւն

May 5, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ մայրերու տօնին առիթով, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէն, գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ-Սասունի» եւ «Արազ» մասնաճիւղերուն եւ Ս. Երրորդութիւն մատրան թաղական խորհուրդին, տիկնանց յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 4 մայիս 2020-ին, Լէյլաւանի, Ֆանարի, Ռումիէի եւ Պաուշրիէի հայ մայրերուն նուիրեց ծաղիկներ եւ կսկուծներ: Այս առիթով շրջան այցելեց երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին եւ կառոյցի ներկայացուցիչներուն հետ: Հաւաքին նախարարը մօտէն ծանօթացաւ կոմիտէի աշխատանքներուն:

Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ մեր մայրերը տասնեակ տարիներ դժուարութիւնները յաղթահարած են, եւ այսօր ալ պիտի դիմագրաւեն «Քորոնա» ժահրին եւ տնտեսական տագնապներուն պատճառով ստեղծուած կացութիւնները, որովհետեւ անոնք մեր ընտանիքներուն սիւներն են: Ան հաստատեց, որ հայ մայրերը իրենց զաւակներուն ազգային դաստիարակութիւն փոխանցելուն մէջ ունեցած են եւ ունին իրենց անփոխարինելի պարտականութիւնը: Ան մաղթեց, որ հայ մայրերը իրենց ընտանեկան պարտականութիւններուն կողքին շարունակեն կատարել կամաւոր աշխատանք` զօրակցելով «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի եւ կոմիտէներու ճիգերուն:

Այս առիթով նախարարը գնահատեց ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէութիւնը, որ իւրայատուկ ոճով կը նշէ հայ մայրերուն տօնը` բարձրօրէն արժեւորելով մեր ընկերութեան մէջ հայ մօր դերը: Ապա Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան շրջագայեցաւ Լէյլաւանի մէջ` կարգ մը ընտանիքներուն հետ հանդիպումներ ունենալով եւ տրամադրելով կոմիտէին պատրաստած հայ մայրերուն յատուկ խորհրդանշական նուէրները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (4 Մայիս 2020)

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը Ազգային Ամրապնդման Կարիք Ունի»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.