Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ը 22 ապրիլին հետեւեալ շնորհաւորագիրը յղած է Արցախի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին:
«Լիայոյս ենք, որ ձեր նախագահութեան շրջանին, համայն հայութեան նորագոյն պատմութեան` գերագոյն սխրագործութիւններով ձեռքբերուած նուաճումները իրենց տրամաբանական բարձրակէտին կը հասնին, յօգուտ արցախահայութեան ապահով, համախումբ ու բարեկեցիկ կեանքին` հանրապետութեան անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան ամրագրումով:
«Կը վստահեցնենք ձեզի, որ, հակառակ Լիբանանի քաղաքական-տնտեսական ճգնաժամին, ինչպէս անցնող երեսուներկու տարիներուն, այնպէս ալ այժմ եւ միշտ, պիտի շարունակենք մեր ճիգերը միացնել ձեր հայրենաշէն ծառայութեան ու առաքելութեան:
«Ընդունեցէ՛ք մեր յարգանքն ու յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքները»: