Նկատի ունենալով «Քորոնա»-ի ժահրին յառաջացուցած ճգնաժամային իրավիճակը եւ հիմնուելով կառավարութեան տուած ընդհանուր զօրաշարժի որոշումին վրայ, ինչպէս նաեւ մեկնելով այն իրողութենէն, որ ներկայիս քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը անգործ է եւ ընդառաջած տունը մնալու կառավարութեան կոչին, իսկ շրջանի գրեթէ բոլոր վաճառատուները փակ պահեցին իրենց դռները, հետեւաբար` կ՛որոշէ հետեւեալը.-
Առաջին .- Պուրճ Համուտի մէջ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի շրջանի բնակարաններուն իրենց հայթայթած 2020 ապրիլ ամսուան ելեկտրականութեան ամփերի հաշուարկը կատարել հետեւեալ ձեւով.-
– Իւրաքանչիւր ամփերի գին հաշուել 7500 լ.ո. (եօթը հազար հինգհարիւր լիբ. ոսկի):
– Երեք ամփերի գինը հաշուել 22.000 լ.ո. (քսաներկու հազար լիբ. ոսկի):
– Հինգ ամփերի գինը հաշուել 38.000 լ.ո. (երեսունութ հազար լիբ. ոսկի): Ամփերի մնացեալ քանակի դասաւորումները (6, 10,… ամփեր) կը կատարուին` հիմնուելով հինգ ամփերի գինին վրայ:
Փակ վաճառատուները եւս, անկախ իրենց բաժանորդագրուած ամփերի քանակի դասաւորումէն, կը վճարեն միայն 38.000 լ.ո. (երեսունութ հազար լիբ. ոսկի):
Երկրորդ .- Այս որոշումին չենթարկուող եւ իր բաժանորդները ելեկտրական հոսանքէ զրկող շարժակի իւրաքանչիւր սեփականատիրոջ շարժակը պիտի գրաւուի քաղաքապետութեան կողմէ, որ ի՛նք պիտի բանեցնէ զայն ու ելեկտրականութիւն բաշխէ քաղաքացիներուն, եւ այս` ճգնաժամի ամբողջ տեւողութեան, մինչեւ ընդհանուր զօրաշարժի աւարտը:
Երրորդ .- Եթէ ելեկտրածին շարժակներու ոեւէ սեփականատէր անտեսէ քաղաքապետութեան այս որոշումը, Պուրճ Համուտի բնակիչներն ու փակ վաճառատուներու գործատէրերը պարտին դիմել քաղաքապետարան` հեռաձայնելով 01-260155 եւ 01-256402 թիւերուն:
Ծանօթ. – Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը պիտի շարունակէ հրապարակել նման հաղորդագրութիւն` ճշդելու համար իւրաքանչիւր ամփերի սպառողական սակը, եւ այս` մինչեւ «Քորոնա»-ի ժահրին պատճառած ճգնաժամի աւարտը:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ