Գաղութային

«Արեւմտահայերէնի Կենսունականացման Աշխատանքը Կրնայ Համակերպիլ Սփիւռքեան Այլազանութեան»  Հաստատեց Փրոֆ. Անահիտ Տօնապետեան

«Արեւմտահայերէնի Կենսունականացման Աշխատանքը Կրնայ Համակերպիլ Սփիւռքեան Այլազանութեան» Հաստատեց Փրոֆ. Անահիտ Տօնապետեան

«Ազդակ»-ի 13-րդ առցանց լսարանին դասախօսն էր Ինալքօ համալսարանի հայագիտութեան բաժնի տնօրէն, փրոֆ. Անահիտ Տօնապետեան: Նիւթը` «Կենսունակ արեւմտահայերէնի աշխարհագրութիւնը»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Փրոֆ. Տօնապետեան նախընտրեց նիւթը բանաձեւել` ինչպէ՞ս խօսիլ կենսունակ արեւմտահայերէնի աշխարհագրութեան մասին ձեւակերպումով: Միաժամանակ հաստատեց, որ տուեալները շատ չեն այս թեմային մասին թուային հիմնաւորումներով  եզրայանգումներ կատարելու համար: Այնուհետեւ Անահիտ Տօնապետեան յստակացուց, որ աշխարհագրութիւնը այս...

Սուրիոյ Խորհրդարանին Մաս Կը Կազմեն Երեք Հայ Երեսփոխաններ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ’ողջունէ Սուրիահայ Երեք Երեսփոխաններու Ընտրութիւնը

21 յուլիսին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի ուղղած իր նամակին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց կիրակի, 19 յուլիս 2020-ին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ համայնքի երեք զաւակներուն` Դամասկոսէն դոկտ. Նորա Արիսեանի, Հալէպէն` իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեանի եւ  Ժիրայր Րէիսեանի ընտրութեան առիթով` որպէս Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ: Վեհափառ  հայրապետը իր նամակին մէջ յատկապէս...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնը անցնող շաբաթներուն գումարեցին իրերայաջորդ խառն նիստեր քննարկելու համար ստեղծուած ճգնաժամի լոյսին տակ գեղարուեստի դպրոցներու գործունէութեան յառաջիկայ ընթացքը: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, հակառակ առկայ դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն,  ճշդած է ճիգերու ամբողջական լարումով դժուարութիւններու յաղթահարման ընդհանուր գործընթաց մը: Առ այդ, մեր ծնողներու ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնէ, որ դպրոցական վերամուտի իմաստով` Լիբանանի պետութեան կողմէ  որդեգրուելիք...

Սուրիոյ Խորհրդարանին Մաս Կը Կազմեն Երեք Հայ Երեսփոխաններ

Սուրիոյ Խորհրդարանին Մաս Կը Կազմեն Երեք Հայ Երեսփոխաններ

Սուրիոյ խորհրդարանական օրէնսդրական 3-րդ շրջանի ընտրութիւններու Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը կիրակի, 19 յուլիս 2020-ի գիշերը փակ յայտարարեց քուէարկութեան տուփերը: Երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 7:00-էն երեկոյեան ժամը 7:00 կարգ մը նահանգներու ընտրական որոշ կեդրոններու մէջ կրկնուեցաւ ընտրութիւնը: Երեքշաբթի, 21 յուլիսի առաւօտեան Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը պիտի յայտարարէ ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքը: Ըստ նախնական տուեալներու, ընտրութիւններուն արդիւնքով Սուրիոյ խորհրդարանին մաս կը կազմեն երեք հայ երեսփոխաններ` Հալէպէն...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Զգուշացման Կոչ` «Քորոնա»-ի Ճգնաժամային Շտապէն

«Քորոնա» համաճարակի վարակման վտանգը կը շարունակէ յամենալ Լիբանանի մէջ: Օրէ օր կ՛աւելնան վարակակիրներու թիւերը: Սովորական կեանքին վերադառնալով` դժբախտաբար կանխազգուշացման քայլերը հետզհետէ նահանջ արձանագրեցին: Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին բոլոր կառոյցներու եւ միութիւններու պատասխանատուներուն, որ լրջօրէն վերադառնան վարակման դէմ առնուած միջոցներուն: «Քորոնա» համաճարակը չէ աւարտած տակաւին: Կանխազգուշացման միջոցները հրամայական պահանջ են մեր բոլորին առողջութեան համար, մանաւանդ դիմակի գործածութիւնը: Զգուշ եղէք, դուք ձեզ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրբաթ, 17 յուլիսին կատարեց 2020-ի իր երրորդ առցանց լիագումարը` օրակարգի վրայ ունենալով միութեան քառամեայ ծրագիրները «Քորոնա»-ի արտակարգ դրութեան պայմաններուն պատշաճեցնելու անհրաժեշտութիւնը: Լիագումարին սկիզբը Կեդրոնական վարչութիւնը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ վերջին օրերուն Հայաստանի սահմանային գիւղերուն դէմ կատարուած ազրպէյճանական յարձակումներուն եւ ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի կառոյցին` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ին թելադրեց սերտել կարելիութիւնը սահմանային վնասուած գիւղերու պատանիներուն համար ամառնային ճամբար մը կազմակերպելու` յարգելով Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան...

Պաուշրիէի «Արազ» Ակումբին Մէջ.  Երիտասարդներու Հանդիպում` Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հետ

Պաուշրիէի «Արազ» Ակումբին Մէջ. Երիտասարդներու Հանդիպում` Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հետ

Կազմակերպութեամբ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 17 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պաուշրիէի «Արազ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու հանդիպում երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի հետ: «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք նկատել տուաւ, որ սոյն հաւաքին հիմնական նպատակը շրջանի երիտասարդներուն հետ կապ ստեղծել է եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ տասնեակէ աւելի երիտասարդներ ներկայ են հաւաքին:...

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (23).  Մհեր Գավլաքեան Ներկայացուց Լիբանանի Ընկերային Տնտեսական Տագնապին Դրդապատճառները

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (23). Մհեր Գավլաքեան Ներկայացուց Լիբանանի Ընկերային Տնտեսական Տագնապին Դրդապատճառները

«Քորոնա» ժահրի ստեղծած դժուարութիւններուն պատճառով որոշ շրջան մը առկախուեցաւ «Ազդակ»-ի ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրը: Անիկա, երէկ` ուրբաթ, 17 յուլիս 2020-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին շարունակուեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ: Հանդիպումին դրամատնային մարզին մէջ աշխատող Մհեր Գավլաքեան ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը` կեդրոնանալով յատկապէս վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած զարգացումներուն վրայ: Մ. Գավլաքեան նախ եւ առաջ ներկայացուց «Եուրոպոնտ»-ի ընդհանուր գաղափարը, որմէ ետք կեդրոնացաւ...

Մաղթում Ենք Գարնանաբոյր Տրամադրութիւն, Անսահման Սէր Ու Խաղաղութիւն. Հայ Օգնութեան Միութիւն

Հայ Օգնութեան Միութիւնը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Յարձակումը

Հայ օգնութեան միութիւնը՝ իբրեւ մարդասիրական, միջազգային հայկական կազմակերպութիւն եւ գործունեայ անդամ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովին, խստօրէն կը դատապարտէ յուլիս 12-էն ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան շրջանի Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերուն ուղղուած ռմբակոծումները եւ սահմանը խախտելու փորձերը։ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններուն սպառնացող հակահայ այս քաղաքականութեան հետեւանքով թիրախաւորուած են խաղաղ բնակավայրեր՝ վտանգելով հայ քաղաքացիին կեանքը։ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը իր...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութենէն պատուիրակութիւն մը այսօր այցելեց լիբանանահայ յարանուանութեանց երեք պետերուն` Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի,...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

ԿՈՉ

Պուրճ Համուտի յարգելի՛ բնակիչներուն, Հայրենիքը, իր ժողովուրդով ու հաստատութիւններով, կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ ու տագնապներ, որոնք ծանր ազդեցութիւն կ՛ունենան թէ՛ քաղաքացիներուն, թէ՛ սեփական ու հանրային հաստատութիւններու կարողութիւններուն վրայ: Դուք ականատես էք, թէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ինչպիսի՛ ճիգեր ի գործ կը դնէ` ապահովելու համար իր մատուցած ծառայութիւններու շարունակականութիւնը, ըլլան անոնք ապրուստի դժուարութիւնները դիմագրաւելու նախաձեռնութիւններ, թէ ընդհանուր առողջապահութեան, ապահովութեան, ենթակառոյցի եւ այլ ոլորտներու...

Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխում Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխում Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Հակառակ երկրին մէջ տիրող ընկերատնտեսական եւ առողջապահական տագնապալի վիճակին՝ Ազգային Միացեալ վարժարանը, մանկապարտէզի 2019-2020 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի ամավերջի վկայականաց բաշխման հանդէսով կարողացաւ իր յարկին տակ ստեղծել ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը։ Չորեքշաբթի, 15 յուլիս 2020ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւնը կը վայելէր Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութիւնը։ Հանդիսութիւնը կը...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Հաղորդագրութիւնը` Հայաստան-Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Ազրպէյճանական Յարձակումին Վերաբերեալ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. Կիրակի, 12 յուլիս 2020-ին ազրպէյճանական ուժերը փորձեցին ու ձախողեցան Հայաստանի հիւսիս արեւելեան սահմաններ ներթափանցել. այդպիսով անոնք բռնութեան մագլցում կատարեցին եւ երկու կողմերէն 15 զինուորներու մահուան պատճառ դարձան: Ազրպէյճան նաեւ ռմբակոծեց հայկական չորս սահմանային գիւղեր ու քաղաքներ, մինչեւ իսկ հարուածելով գործարան մը, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա»-ի համաճարակի դէմ պայքարելու համար...

«Ազդակ»-ի 12-րդ Առցանց Լսարան.  «Ինքնութեան Յղացքի Տարբերութիւններ Կան Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Մէջ»  Կ՛ըսէ Փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան

«Ազդակ»-ի 12-րդ Առցանց Լսարան. «Ինքնութեան Յղացքի Տարբերութիւններ Կան Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Մէջ» Կ՛ըսէ Փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան

«Ազդակ»-ի 12-րդ առցանց լսարանի նիւթն էր «Միջազգային սփիւռքագիտութիւնն ու հայկական սփիւռքը»: Զեկուցաբերն էր գիտական շրջանակներուն ծանօթ անուն,  միջազգային սփիւռքագէտ փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան: Զեկուցում-քննարկումը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Փրոֆ. Թէօլէօլեան անդրադարձաւ իր հիմնադրած սփիւռքեան հարցերու ուսումնասիրութեան յատկացուած գիտական պարբերաթերթին: Ան ժամանակագրական փուլերով միջազգային համեմատական սփիւռքագիտութեան սահմանումներուն հոլովոյթը ներկայացուց: Հրէական, հայկական եւ յունական սփիւռքները ամէնէն դասականները նկատելէ ետք,...

Պուրճ Համուտի Հինգ Շրջաններու Մէջ  Զետեղուեցան Ձեռքեր Հականեխող Սարքեր

Պուրճ Համուտի Հինգ Շրջաններու Մէջ Զետեղուեցան Ձեռքեր Հականեխող Սարքեր

«Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ նախազգուշական ջանքերուն, նաեւ առողջապահական գետնի վրայ ցարդ տարուած աշխատանքներու ծիրին մէջ, երկուշաբթի, 13 յուլիսին, ՄԱԿ-ի «Եու. Էն. Հապիթաթ» ծրագիրը, համագործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, Պուրճ Համուտի հինգ շրջաններու մէջ զետեղեց ձեռքեր հականեխող սարքեր: Սոյն նախաձեռնութեան ներկայ էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան մէջ գործող գործակիցներ, «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի ընդհանուր տնօրէն Թայնա...

Շնորհահանդէս «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» Ժգ. Հատորին.  (Խմբագիր` Երուանդ Փամպուքեան)

Շնորհահանդէս «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» Ժգ. Հատորին. (Խմբագիր` Երուանդ Փամպուքեան)

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութեան եւ գործակցաբար «Ազդակ» օրաթերթին, երէկ` երկուշաբթի, 13 յուլիս 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» ԺԳ. հատորին` խմբագրութեամբ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ դիտել տուաւ, թէ ներկայ ժամանակներուն, երբ շատ բան կը խօսուի ու կը գրուի...

Հաղորդագրութիւն.  ՍԴՀԿ-ՀՅԴ-ՌԱԿ   Հանդիպում

Հաղորդագրութիւն. ՍԴՀԿ-ՀՅԴ-ՌԱԿ Հանդիպում

Երէկ` երկուշաբթի, 13 յուլիս 2020-ի երեկոյեան Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջկուսակցական հերթական ժողովը` մասնակցութեամբ երեք կուսակցութիւններու ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն: Հանդիպումը առիթ էր միասնաբար քննարկելու լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր: Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան լիբանանեան կառոյցներու պատասխանատուները, իրենց կուսակցութեանց ներլիբանանեան քաղաքական կողմերուն հետ կապերուն եւ յարաբերութիւններուն լոյսին տակ, զեկուցեցին Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մարտահրաւէրներուն եւ...

Դատապարտումի Հեռագիր  Ֆրանսայի Պետութեան

125 Միլիոն Լ.Ո. Լիբանանի Հայութեան Կարիքներուն` Նախկին Նախարար Վրէժ Սապունճեանի Կողմէ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ` գիտակցելով Լիբանանի հայութեան ընկերային-տնտեսական տագնապին եւ առ ի քաջալերանք, դժուարութիւնները թեթեւցնելու ուղղութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան տարած ջանքերուն, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, 125 միլիոն լ.ո. կը դնէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տրամադրութեան տակ` համապատասխան դասաւորումները կատարելու համար: Շնորհակալութիւ՛ն ազնիւ բարերարին:

Քանատահայութեան Լիաբուռն Մասնակցութեամբ 206 Հազար Տոլար Գոյացաւ Լիբանանահայութեան Ի Նպաստ Կազմակերպուած Նուիրահաւաք-Թելեթոնին

Քանատահայութեան Լիաբուռն Մասնակցութեամբ 206 Հազար Տոլար Գոյացաւ Լիբանանահայութեան Ի Նպաստ Կազմակերպուած Նուիրահաւաք-Թելեթոնին

Կրկի՛ն մթագնած է Միջին Արեւելքի սիրտը կազմող Լիբանանի երկինքը. բազմաչարչար այս երկիրը տեսած է պատերազմ, վկայած է  հակամարտութիւններ, ապրած է կենցաղային ճգնաժամեր, տնտեսական տագնապներ, իսկ վերջերս «Քորոնա» ժահրի տագնապը եկաւ իր աւերիչ դրոշմը դնելու երկրին տնտեսական ու կենցաղային իրավիճակին վրայ: Հետզհետէ վատթարացող կացութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ տնտեսական ճգնաժամով, որուն իբրեւ հետեւանք վտանգուեցաւ նաեւ հայ գաղութը, ու «դանակը ոսկորին հասաւ»: Քանատահայութիւնը...

Page 162 of 365 1 … 161 162 163 … 365

Արխիւներ