«Քորոնա» համաճարակի վարակման վտանգը կը շարունակէ յամենալ Լիբանանի մէջ: Օրէ օր կ՛աւելնան վարակակիրներու թիւերը:
Սովորական կեանքին վերադառնալով` դժբախտաբար կանխազգուշացման քայլերը հետզհետէ նահանջ արձանագրեցին:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին բոլոր կառոյցներու եւ միութիւններու պատասխանատուներուն, որ լրջօրէն վերադառնան վարակման դէմ առնուած միջոցներուն:
«Քորոնա» համաճարակը չէ աւարտած տակաւին:
Կանխազգուշացման միջոցները հրամայական պահանջ են մեր բոլորին առողջութեան համար, մանաւանդ դիմակի գործածութիւնը:
Զգուշ եղէք, դուք ձեզ եւ ձեր շրջապատը առողջ կը պահէք: