Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շնորհահանդէս «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» Ժգ. Հատորին. (Խմբագիր` Երուանդ Փամպուքեան)

Յուլիս 14, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութեան եւ գործակցաբար «Ազդակ» օրաթերթին, երէկ` երկուշաբթի, 13 յուլիս 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» ԺԳ. հատորին` խմբագրութեամբ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ դիտել տուաւ, թէ ներկայ ժամանակներուն, երբ շատ բան կը խօսուի ու կը գրուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անցեալին մասին, «Երբ կամայ թէ ակամայ մարդիկ իրենց քաղաքական հաշուարկներու ոլորապտոյտին մէջ ու յատկապէս Դաշնակցութեան հայաստանեան քաղաքականութեան իրենց կատարած մակերեսային արժեւորումներու ընթացքին չեն վարանիր նաեւ խնդրոյ առարկայ դարձնել Դաշնակցութեան 130-ամեայ պատմութիւնը, կատարած գործն ու համազգային պատմադրոշմ դերակատարութիւնը, պատմագիտական վաւերականութիւն ու խորքային արժէք ներկայացնող նման աշխատանքներ մեծագոյն պատասխանն է բոլորին եւ մանաւանդ այդ զանգուածին, որ միշտ հետաքրքրուած է իմանալու ՀՅԴ-ի գոյերթին եւ լինելինութեան գաղտնիքը:

Ան յայտնեց, որ ներկայ գործը բաղկացած է 448 էջերէ` 1916-17-18 տարիներուն մասին: Ապա ան թուեց հատորին բովանդակութեան գլխաւոր նիւթերը` «Հիմնարար դերակատարութիւն» որակելով արծարծուած շրջանին դաշնակցութեան գործունէութիւնը: «ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութիւնը հանդիսացող այս աշխատանքին իրականացման մէջ իր վճռորոշ դերակատարութիւնը ունի պատմաբան, դաշնակցական վաստակաշատ գործիչ եւ իրերայաջորդ սերունդներու դաստիարակ  Երուանդ Փամպուքեան, հաստատեց Հաւաթեան` Փամպուքեանը որակելով շրջուն համայնագիտարան, «որուն աշխատանքային թափն ու կորովը վարակիչ է ու յարգանք պարտադրող` ոչ միայն դաշնակցականին ու դաշնակցութեան բարեկամին, ոչ միայն հայրենի ակադեմական շրջանակներուն, այլեւ նոյնիսկ հակադաշնակցական հատուածին»:

Հաւաթեան բարձր գնահատեց Ե. Փամպուքեանի աշխատանքը` զայն նկատելով Դաշնակցութեան գործին պատմաքաղաքական անփոխարինելի կռուան եւ մաղթելով, որ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», շարքը արժանանայ հայրենի եւ սփիւռքի պատմութեան ամպիոններու օգտագործման:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Մարալ Մխճեաններուն:

Ապա հեռակապով խօսք առաւ Հայաստանի ազգային ակադեմիայի տնօրէն, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ խոր հիացմունքով անդրադարձաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած բծախնդիր աշխատանքին արդիւնքը հանդիսացող այս հատորին: Փրոֆ. Մելքոնեան յայտնեց, թէ խմբագրուած այս հատորը կ՛անդրադառնայ յետեղեռնեան, շրջանին, 1916-ի դէպքերուն եւ յաջորդող իրադարձութիւններուն` հասնելով մինչեւ 1918-ի պատմական դէպքեր եւ զանոնք կանխած պետականաշինութեան քայլերը: Ան թուեց հատորի ընդգրկած գլխաւոր դէպքերու ընթացքն ու անոնց կարեւորութիւնը.  «Պատահական չէր, որ շուրջ 360 հազար հայեր 1918-ին վերադարձան հայրենիք», ընդգծեց ան` շատ հետաքրքրական նկատելով դաշնակցական գործիչներու եւ օրուան այլ ղեկավար դէմքերու միջեւ փոխանակուած նամակները: Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան յստակացուց, թէ հայկական անկախութիւնը արգասիքն էր 1915-ի Վանի անկախութեան եւ անոր յաջորդած տարիներուն կատարուած պետականաշինութեան ջանքերուն, եւ ոչ թէ` ռուսական կայսրութեան փլուզման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած: Ան բարձր գնահատեց դաշնակցութեան օրուան գործիչներու նամակագրական կապերը, յատկապէս օտար, եւրոպացի թէ այլ ղեկավարներու հետ, ինչպէս` Աւետիս Ահարոնեանի, Արմէն Գարոյի եւ ուրիշներու նամակները: Ապա ան թուեց հատորի երկրորդ մասի դէպքերը, ուր ուշագրաւ են հայ կամաւորական շարժումն ու երիտասարդութեան գործունէութիւնը: Ան այս գծով ընդգծեց դաշնակցական գործիչներու նուիրուածութիւնը պետականաշինութեան կարեւոր գործին մէջ:

Աշխատութեան երկրորդ մասը կը վերաբերի Եգիպտոսի, Կիպրոսի, Միացեալ Նահանգներու, եւ այլ շրջաններու մէջ Դաշնակցական գործիչներու եւ մարմիններու գործունէութեան, ռայոնական ժողովներու, կուսակցական հրահանգներու եւ այլն: Ան իր զարմանքը յայտնեց, թէ ինչպէս ՀՅԴ-ն կուսակցութեան մը ուժերէն վեր նկատուող գործունէութիւն մը կը ծաւալէր, այն ծանր ժամանակաշրջանին, երբ Հայոց եղեռնի վէրքերը թարմ էին, իրավիճակը շատ դառն էր.

Ա. Մելքոնեան կատարուած աշխատանքը «Հրաշալի» որակեց: Փրոֆ. Մելքոնեան ընդգծեց, թէ հատորը ոչ միայն ՀՅ Դաշնակցութեան, այլ նաեւ հայոց նորագոյն պատմութեան մասին կատարուած արխիւային հմուտ աշխատասիրութիւն է:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ակադեմիայի պատուոյ անդամ տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան, որ խոր ակնածանքով արտայայտուեցաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի աշխատելաոճին մասին: Տոքթ. Ճերէճեան յայտնեց, թէ նման հատորներ գեղարուեստական գիրքի նման չեն գնահատուիր. «Ասիկա արխիւներու հաւաքածոյ է, զոր Երուանդ Փամպուքեան հաւաքած, վերծանած ու ձեռագիրէն տպագիրի դարձուցած է: Ան խիստ բարձր գնահատեց Երուանդ Փամպուքեանի հաճելի մոլութեան հասնող գործին նուիրուածութիւնը, որմէ վարակուած է նաեւ ի՛նք:

Իր կարգին հատորի մեկենաս ամոլէն Կարպիս Մխճեան իր եւ կնոջ` Մարալին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց, որ զիրենք արժանի նկատած է հեղինակը` հատորին մեկենասութիւնը ստանձնելու: Ան իր խոր գնահատականը յայտնեց պատմաբան Փամպուքեանի աշխատանքին:

Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց հատորի խմբագիր, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:

«Այս գործը յատուկ սէր կը պահանջէ», շեշտեց Փամպուքեան` նշելով, որ գործի մէջ յաջողելու համար պէտք է սիրել զայն: Ան մէջբերեց ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն Ռոստոմի խօսքը` Պաքուի պաշտպանութեան յատկացուած մէկ ժողովի ընթացքին, ուր Ռոստոմ հաստատած է. «Մեր կուսակցութիւնը գո՛րծի կուսակցութիւն է»: Փամպուքեան դիտել տուաւ, թէ Դաշնակցութեան գործիչներ կանուխէն նախանձախնդիր եղած են արխիւային դրութեան պահպանման` գաղտնագիրերով, ծածկանուններով եւ յաճախ փոխելով զանոնք, խուսափելու թրքական թէ ռուսական գրաքննութենէն: Հեղինակը ընդգծեց, թէ ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլ ամբողջ սփիւռքի հայութեան մասին վիճակագրութեան, ազգագրական տեղեկութիւններ, գիւղերու մասին մանրամասնութիւններ, տարածութիւններ ընդգրկող արխիւային գրութիւններ են, որոնք պարզ ընթերցողին համար վերծանելի չեն: Ան իբրեւ օրինակ նշեց 90 էջնոց տեղեկագիր մը, որ միայն թուանշաններով գաղտնագրուած էր: «Երբեմն ոտանաւորներու, երգերու առաջին տողերու հիմամբ թուանշաններով կը գաղտնագրուէին շատ մը արխիւներ», ըսաւ Փամպուքեան` աւելցնելով, որ յաճախ հայեր կը բերուէին գրաքննիչներուն օգնելու համար` վերծանելու բացայայտուած գաղտնի գրութիւնները: Ե. Փամպուքեան դիտել տուաւ, թէ պատմութեան ընթացքին միշտ ալ կուսակցութիւններու միջեւ եղած են ու կան անհամաձայնութիւններ, «սակայն հիմնական իրականութիւնը այն է, որ ազգին ճակատագիրին հետ կապուած հարցերուն շուրջ բացառիկ միասնականութիւն կը տիրէ եւ ա՛յդ է, որ մեզ փրկած է շատ շատ փորձանքներէ եւ ա՛յդ է, որ մեզ երբեմն յաղթական դարձուցած է անհաւասար մարտերու մէջ» եզրափակեց Փամպուքեան:

Աւարտին խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ դրուատեց ներկայ համաճարակի պայմաններուն մէջ իրագործուած ձեռնարկը: «Կարծեմ գեղեցկագոյն դաս մը տուինք, թէ լիբանանահայութիւնը դեռ պատնէշի վրայ է, եւ գեղեցկագոյն օրինակը պրն. Փամպուքեանը տուաւ», ըսաւ սրբազան հայրը` նշելով, որ պատմութիւնը ինքզինք կրկնող իրականութիւն է, իսկ Ե. Փամպուքեանի տուած բացատրութիւնը պատմութեան համար, մեր վաղուան պատմութեան մասին է:

«Մենք պէտք է օգտուինք պատմութեան դասերէն, որոնք կիրարկելի են այսօր եւ մանաւանդ` գալիքին, որպէսզի մենք կարենանք կառուցել եւ պահպանել այն արժէքները, որոնց եւ ազատութեան համար մեզ կանխող սերունդները պայքար մղեցին եւ նահատակուեցան», եզրափակեց սրբազան հայրը:

Աւարտին Յակոբ Հաւաթեան բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ Երուանդ Փամպուքեանը պարգեւատրեց ՀՅԴ ԼԻբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ տրուած յատուկ յուշանուէրով:

Ձեռնարկէն ետք հեղինակը հատորէն օրինակներ մակագրեց:

Նշենք, որ շնորհահանդէսը առցանց սփռուեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարբեր լրատուամիջոցներու ու համացանցային էջերուն կողմէ եւ անոր հետեւեցան մեծաթիւ հայորդիներ:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. ՍԴՀԿ-ՀՅԴ-ՌԱԿ Հանդիպում

Յաջորդը

Արամ Ա. Կը Զօրակցի Հայոց Բանակին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?