Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. ՍԴՀԿ-ՀՅԴ-ՌԱԿ Հանդիպում

July 14, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 13 յուլիս 2020-ի երեկոյեան Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջկուսակցական հերթական ժողովը` մասնակցութեամբ երեք կուսակցութիւններու ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն:

Հանդիպումը առիթ էր միասնաբար քննարկելու լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր:

Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան լիբանանեան կառոյցներու պատասխանատուները, իրենց կուսակցութեանց ներլիբանանեան քաղաքական կողմերուն հետ կապերուն եւ յարաբերութիւններուն լոյսին տակ, զեկուցեցին Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մարտահրաւէրներուն եւ հեռանկարներուն մասին:

Ժողովականները շեշտը դրին լիբանանահայութեան անվտանգութիւնը իրենց գերագոյն պարտականութիւնը նկատելու հրամայականին վրայ եւ հաստատեցին այս ուղղութեամբ միակամ ու միասնական աշխատանքի կարեւորութիւնը:

Հանդիպման օրակարգերուն մէջ կարեւոր կէտ էր  Լիբանանի մէջ ամէն օր աւելի եւս ուրուագծուող թրքական գործօնին ներկայացուցած վտանգը` լիբանանեան հայրենիքին եւ բնականաբար լիբանանահայութեան համար: Այս հարցով կողմերը անհրաժեշտ նկատեցին ամէն առիթով թրքական ախորժակներուն եւ նկրտումներուն մասին յիշեցնել լիբանանեան բոլոր կողմերուն:

Տնտեսական ներկայ դժուարին իրականութեան մէջ լիբանանահայութեան նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցութեան ձեռք երկարող բարերար անհատներուն եւ կառոյցներուն երախտագիտութիւն յայտնելով, ժողովականները կարեւոր նկատեցին լիբանանեան համայնքի զաւակներուն իրերօգնութեան եւ միասնականութեան ոգին բարձր պահելը` միասնաբար շրջանցելու Լիբանանի արդի պատմութեան այս դժուարին փուլը: Այս առումով ժողովականները վստահեցուցին, որ լիբանանահայութիւնը  այս փորձութիւնը եւս պիտի յաղթահարէ` շարունակելով մնալ հայկական սփիւռքի կարեւորագոյն հայօճախներէն մին:

ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

125 Միլիոն Լ.Ո. Լիբանանի Հայութեան Կարիքներուն` Նախկին Նախարար Վրէժ Սապունճեանի Կողմէ

Յաջորդը

Շնորհահանդէս «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» Ժգ. Հատորին. (Խմբագիր` Երուանդ Փամպուքեան)

RelatedPosts

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 15, 2026
Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ  Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

January 15, 2026
Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.