Գաղութային

Ֆանար-Լէյլաւան.	  Քառամսեայ Աշխատանքներու Հաշուետուութիւն Եւ Կամաւորներու Գնահատում

Ֆանար-Լէյլաւան. Քառամսեայ Աշխատանքներու Հաշուետուութիւն Եւ Կամաւորներու Գնահատում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, երէկ` հինգշաբթի, 9 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ֆանար-Լէյլաւանի Ս. Երրորդութիւն մատրան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ կամաւորներու գնահատման ձեռնարկ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան ելոյթ ունենալով բացատրեց հաւաքին նպատակը, թէ անիկա կոմիտէութեան  քառամսեայ աշխատանքներու հաշուետուութեան հաւաք է, նաեւ` կամաւորներու աշխատանքը գնահատելու առիթ, աւելցնելով, որ կոմիտէն որոշած է չորս...

«Ազդակ»-ի 11-րդ Առցանց Լսարան

«Ազդակ»-ի 11-րդ Առցանց Լսարան

«Հայկական հարցը առաջին հերթին հայկական պետականութեան վերականգնումն է հայկական բարձրաւանդակի վրայ», յայտնեց Փրոֆ Ռուբէն Սաֆրաստեան Հայաստանի հանրապետութեան գիտութիւններու ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան զեկուցեց «Ազդակ»-ի 11-րդ առցանց լսարանին, զոր վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Զեկուցման նիւթն էր «Հայոց ցեղասպանութեան դէմ Անգարայի մղած պայքարին նորագոյն դրսեւորումները»: Զեկուցաբերը ներկայացուց ժխտումի պետական քաղաքականութեան հոլովոյթը` սկսելով Օսմանեան կայսրութեան օրերուն...

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ  Համախմբման Աշխատանքներու Վերամեկնարկը

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ Լրագրողներու Տարածաշրջանային Առցանց Ժողովներու Մեկնարկը

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը` հիմնուելով 29 փետրուար - 1 մարտին Անթիլիասի մէջ կայացած իր նիստին որոշումներուն վրայ, ծրագրած է կազմակերպել տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ: Առաջին հերթին նկատի առնուած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ (Լիբանան, Սուրիա, Իրան, Պոլիս, Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եգիպտոս) գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրները: Առցանց տարածաշրջանային առաջին ժողովը  տեղի պիտի ունենայ 30 յուլիս 2020-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Իբրեւ...

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Տուչութիւն

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Տուչութիւն

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, շաբաթ, 4 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի 6-րդ եւ 12-րդ կարգերու ամավերջի հանդէսը, որ առցանց սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջին վրայ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ անդրադարձաւ մերօրեայ մոխրագոյն անորոշ պատկերին, որուն մէջ...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագիրի Գործադիր Վարչութիւնը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Ի գիտութիւն մեր ժողովուրդին այսու կու գանք տեղեկագրելու, որ Լիբանանի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ, Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրի գործադիր վարչութիւնը իր աշխատանքը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով յառաջացուց իր դիւանը` հետեւեալ կարգով. Ատենապետ  Յակոբ Լատոյեան Ատենադպիր  Գոհար Գանտահարեան Գանձապահ  Րաֆֆի Սիսլեան Խորհրդական  Սիլվա Սողոմոնեան Զուիցերիայէն                Անի Պէզիքեան Ալեքքօ Պէզիքեան Յայտնենք, որ Ազգային առաջնորդարանին մէջ վարչութիւնը արդէն իսկ...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 2019-2020 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 2019-2020 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեան Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, ուրբաթ, 3 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը, որ առցանց սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի եւ քոլէճի Դիմատետրի էջերուն վրայ: Շրջանաւարտները յատուկ բերնակապերով բարձրացան բեմ եւ կատարեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի քայլերգները, ապա...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հաղորդագրութիւն. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Իր Հայրական Օրհնութիւնը Տուաւ Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագիրի Գործադիր Վարչութեան

Քանի մը օր առաջ, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը գոհունակութեամբ յայտարարեց, թէ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակին առիթով, ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ, լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու զօրակցութեան համար կը տրամադրեն մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար: Ուստի, կու գանք տեղեկացնելու, որ արդիւնաւոր կերպով իրականացնելու համար Պէզիքեան ամոլին կողմէ կատարուած իշխանավայել այս նուիրատուութեամբ նախատեսուած լիբանանահայ կարիքաւոր...

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կը Վերահաստատէ Իր Զօրակցութիւնը Լիբանանահայութեան

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կը Վերահաստատէ Իր Զօրակցութիւնը Լիբանանահայութեան

Չորեքշաբթի, 1 յուլիս 2020-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան ընդունեց «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը: Հանդիպումին մարմինը վերահաստատեց, որ հիմնադրամը 55.000 ամ. տոլարի նուիրատուութեամբ կը մասնակցի լիբանանահայ վարժարաններու զօրակցութեան ճիգերուն: Նշեալ նուիրատուութեամբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լիբանանի ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն մէջ վերստին իր աջակցութիւնը կը յայտնէ հայ դպրոցին` հաւատալով, որ դպրոցները հայրենիքէն դուրս բնակող հայորդիներու...

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ Իր Շրջանաւարտներու Երրորդ Հունձքը

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ Իր Շրջանաւարտներու Երրորդ Հունձքը

«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով Լիբանանի մէջ տիրող ճգնաժամային կացութիւնը արգելք չհանդիսացաւ, որ Ազգային միացեալ վարժարանը հինգշաբթի, 2 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ անգամ մը եւս գաղութին ներկայացնէ իր շրջանաւարտներու երրորդ հունձքը: Հանդիսութիւնը կը վայելէր  Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութիւնը: Հանդէսին, որ առցանց սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի դիմատետրի էջին վրայ, ներկայ էին Պեքաայի...

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան.  «Հաւաքական Եւ Պետական Բռնութիւնը  Թուրքիոյ Մէջ Ունի Շարունակական Բնոյթ»  Հաստատեց Փրոֆ. Ստեփան Աստուրեան

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան. «Հաւաքական Եւ Պետական Բռնութիւնը Թուրքիոյ Մէջ Ունի Շարունակական Բնոյթ» Հաստատեց Փրոֆ. Ստեփան Աստուրեան

«Ազդակ»-ի 10-րդ առցանց լսարանին զեկուցեց Պըրքլի համալսարանի դասախօս, պատմաբան փրոֆ. Ստեփան Աստուրեան: Նիւթ` «Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բեւեռացման ընթացքը 1850-ականներէն մինչեւ 1915»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Փրոֆ. Աստուրեան ներկայացուց պատմական հարցերու ընկալման սկզբունք մը, որ հաւատքի հիման վրայ հաւաքական վարուելակերպ կ՛արտայայտէ, ինչ որ կը բանաձեւուի իբրեւ Խորհրդանշական փոխգործակցութեան տեսութիւն: Բացատրելով Օսմանեան կայսրութեան կառուցուածքային խնդիրներն ու ուղղութիւնները (մահմետական...

Արաբական Աշխարհի Հիւլէական Բնագաւառի  Առաջին Կին Բժիշկը Լիբանանահայ Մըն Է

Արաբական Աշխարհի Հիւլէական Բնագաւառի Առաջին Կին Բժիշկը Լիբանանահայ Մըն Է

Կ՛ապրինք բաւական ճնշիչ եւ դրական տրամադրութենէ զուրկ օրեր, սակայն միշտ ալ կայ գեղեցիկն ու հպարտութիւն առթողը: Արդարեւ, այս ճգնաժամային օրերուն, երբ մեր շուրջ մտահոգութիւնները շատ են, իսկ ժխտականը` տիրական, պէտք է նաեւ դրական լուրերուն հետեւիլ եւ տեղ տալ անոնց մեր կեանքին մէջ: Արդարեւ, իբրեւ լիբանանահայեր, մեզի համար շատ մեծ ուրախութիւն է, որ լիբանանահայ մը` Ռիթա Շահինեան, պիտի դառնայ արաբական աշխարհի...

Մարիաննա Գէորգեան Տիրացաւ  Համաշխարհային  Մրցում-Փառատօնի Մրցանակին

Մարիաննա Գէորգեան Տիրացաւ Համաշխարհային Մրցում-Փառատօնի Մրցանակին

Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան համաշխարհային WORLD FOLK VISION հեղինակաւոր մրցում-փառատօնին յաղթանակ տարած է` գրաւելով առաջին պատուաւոր դիրքը եւ տիրանալով մրցանակին: Առցանց դրութեամբ կայացած այս մրցումին մասնակցելով` Մարիաննա Գէորգեան ներկայացուց ազգային նուագարան քանոնը` կատարելով Սայաթ Նովայի «Էշխեմեդ» ստեղծագործութիւնը: Ընտրութիւնը տեւած էր մէկ ամիս: Մրցումին մասնակցած էր 115 երկիրներէ 3950 ներկայացուցիչ, բայց կիսաեզրափակիչ փուլ անցած է 180 անձ` 60 երկիրներէ: Անոնց մէջ եղած...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հաղորդագրութիւն

Այսու գոհունակութեամբ կը հաղորդենք, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերպ. Տէր Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան կը նշանակուի Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ: Վստահ ենք, որ հայր սուրբը հաւատարմութեամբ ու նուիրումով պիտի կատարէ իրեն վստահուած կարեւոր այս աշխատանքը եւ Ազգային առաջնորդարանիս հետ համախորհուրդ, Զահլէի, Այնճարի, Շթորայի եւ Ռայաքի շրջաններու եկեղեցական կեանքին աշխուժացման համար ընծայէ իր...

Արամ Ա. Վեհափառին Հայրապետական Գահակալութեան 25-Ամեակ.  Հայրապետական Մաղթանք

Արամ Ա. Վեհափառին Հայրապետական Գահակալութեան 25-Ամեակ. Հայրապետական Մաղթանք

28 յունիսին 25-ամեակն է Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական ընտրութեան ու օծման: Այս առիթով յատուկ ծրագիրներ մշակուած էին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` նշելու ու արժեւորելու վեհափառ հայրապետին 25 տարիներու ծառայութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով` հայ ժողովուրդին, հայ եկեղեցւոյ ու Հայաստանին: Նոյնպէս հանդիսութիւններ տեղի պիտի ունենային թեմերուն մէջ: Սակայն, նկատի ունենալով «Քորոնա» համաճարակին ստեղծած կացութիւնը, բոլոր ձեռնարկները յետաձգուեցան: Հայրապետական Մաղթանք Մայր Տաճարին...

Նորա Արիսեան Երեսփոխանական  Թեկնածութիւնը Պիտի Առաջադրէ`  Նոր Ընտրութիւններուն Համար

Նորա Արիսեան Երեսփոխանական Թեկնածութիւնը Պիտի Առաջադրէ` Նոր Ընտրութիւններուն Համար

Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, «Հայաստան-Սուրիա» բարեկամական խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեան Դիմատետրի իր էջով հաղորդեց, որ պիտի առաջադրուի երրորդ գումարման խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Նշենք, որ Սուրիոյ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած էին 13 ապրիլ 2020-ին, սակայն «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով յետաձգուեցան ու պիտի կատարուին 19 յուլիս 2020-ին:  

Նոր Դրոշմաթուղթ` Նուիրուած  Հռոմի Պապին Հայաստան Այցելութեան

Նոր Դրոշմաթուղթ` Նուիրուած Հռոմի Պապին Հայաստան Այցելութեան

24 յունիսին ամբողջացաւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին Հայաստան կատարած հովուապետական այցելութեան չորրորդ ամեակը: Սուրբ Աթոռի Հայաստանի դեսպանութեան դիմատետրի էջէն կը տեղեկանանք, որ մինչեւ այսօր կը շարունակուին միջազգային ընդգրկում ունեցող այդ անմոռանալի իրադարձութեան արձագանգները: Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը 2020-ը յայտարարած է «Բոյսի առողջութեան պահպանման միջազգային տարի»,  այդ նախաձեռնութեան միացած է նաեւ Վատիկանը` հրապարակելով դրոշմաթուղթ, որուն վրայ պատկերուած է, թէ ինչպէ՛ս Հայաստան այցելութեան ընթացքին...

Հայաստանի Մարդասիրական Առաքելութեան  Խումբը Կը Շարունակէ Աջակցիլ  Հալէպի Բժշկական Հաստատութիւններուն

Հայաստանի Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբը Կը Շարունակէ Աջակցիլ Հալէպի Բժշկական Հաստատութիւններուն

25 յունիսին, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան կազմին մէջ ընդգրկուած բժշկական խումբը, ըստ բարի աւանդութեան, Հալէպի բժշկական հաստատութիւններուն յատկացուցած է բժշկական անհրաժեշտ պարագաներ: Այս մասին կը յայտնեն «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն»-էն: Բժշկական կեդրոններու ղեկավարները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են հայ բժիշկներուն` տրամադրուած բժշկական պարագաներուն, բժշկական հաստատութիւններու մէջ ամէնօրեայ ցուցաբերուող բժշկական օժանդակութեան համար, ինչպէս նաեւ...

Առ Ի Քաջալերանք «Ազդակ»-ին

Առ Ի Քաջալերանք «Ազդակ»-ին

Գնահատելով «Ազդակ»-ի նախաձեռնութիւնը` Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ ապրիլեան եւ մայիսեան յատուկ թիւեր հրատարակելու առումով, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան 10 միլիոն լիբանանեան ոսկի կը նուիրեն «Ազդակ»-ին: Պէզիքեան ընտանիքը տարիներէ ի վեր սատար կը կանգնի «Ազդակ»-ի ծրագիրներուն եւ կը շարունակէ հովանաւորել «Ազդակ-բացառիկ»-ի  հրատարակութիւնները:

Ֆիլմարտադրիչ/Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի Արխիւները` Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Ֆիլմարտադրիչ/Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի Արխիւները` Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան»  հայագիտական գրադարանը 27 ապրիլ 2020-ին հարստացաւ հանրածանօթ բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի արխիւներով: Համալսարանի նախագահ վեր. Հայտոսթեանին  ուղղուած նամակին մէջ, ի միջի այլոց, Պեզճեան կը գրէ. «1997-ի գարնան, երբ Լիբանան տեղափոխուեցայ, հայագիտական գրադարանը հանդիսացաւ երկրորդ տունս: Իսկ այդ թուականէն ետք պատրաստած ժապաւէններուս համար մեծապէս օգտուեցայ հայագիտական գրադարանի հարուստ հաւաքածոյէն: Աւելի՛ն, Պեզճեան գերդաստանը 19-րդ դարէն սկսեալ մեծ ներդրում ունեցած է...

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Համլեթ Գէորգեանը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Համլեթ Գէորգեանը

Մահացած է արցախեան ազատամարտի մասնակից, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Հայաստանի ազգային բազմարուեստից համալսարանի հասարակական գիտութիւններու ամպիոնի փրոֆեսէօր Համլեթ Գէորգեան: Համլեթ Գէորգեան ծնած է 1 մարտ 1951-ին, Ապարանի շրջանի Մելիք գիւղին մէջ: 1974-1979-ին ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի փիլիսոփայութեան բաժինին մէջ: 1979-1982-ին եղած է ուսուցիչ: Միաժամանակ փիլիսոփայութիւն դասաւանդած է Երեւանի բազմարուեստից հիմնարկին մէջ: 1982-1991-ին եղած է ուսուցիչներու կատարելագործման հանրապետական հիմնարկի...

Page 163 of 365 1 … 162 163 164 … 365

Արխիւներ