Կազմակերպութեամբ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 17 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պաուշրիէի «Արազ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու հանդիպում երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի հետ:
«Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք նկատել տուաւ, որ սոյն հաւաքին հիմնական նպատակը շրջանի երիտասարդներուն հետ կապ ստեղծել է եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ տասնեակէ աւելի երիտասարդներ ներկայ են հաւաքին: Ան ըսաւ, որ դժուար օրեր կ՛ապրինք, սակայն այդ դժուար օրերուն մէջ Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է ժողովուրդի կողքին եւ պիտի մնայ: Տէմիրճեան յայտնեց, որ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ, որ կ՛ապրի ժողովուրդը, «Է. Ակնունի» կոմիտէն որոշած է օգտակար դառնալ նաեւ Պաուշրիէի շրջանի բնակիչներուն:
«Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն մինչեւ այսօր հիմնականին մէջ մէկ աշխատանք ունեցած է եւ այդ մէկը ծառայել է իր հաւաքականութեան եւ ժողովուրդին», հաստատեց Տէմիրճեան` աւելցնելով, որ այդ ծառայութիւնը տարբեր փուլերու ընթացքին տարբեր բնոյթ կրած է, տարբեր շրջաններու ընթացքին տարբեր ձեւ եւ կերպ առած է: Տէմիրճեան բացատրեց, որ երբ մենք կը գտնուինք կարիքներու դիմաց` մեր շուրջ երիտասարդներու պէտք ունինք եւ երբ կ՛ուզենք աշխատանք տանիլ մեր շուրջ տղոց պէտք ունինք, հաստատելով, որ Դաշնակցութիւնը գոյատեւած է, որովհետեւ իր շուրջ ունեցած է համակիրներ, երիտասարդներ, որոնք հաւատացած են կուսակցութեան եւ անոր ճամբով ծառայած են ժողովուրդին:
Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան գոհունակութիւն յայտնեց սոյն հաւաքին համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կոմիտէին, որ իրականացուց այս ծրագիրը` քաջ գիտնալով, որ անցնող ամիսներուն հսկայական աշխատանք տարաւ եւ կը շարունակէ տանիլ` հասնելու ժողովուրդի կարիքներուն: Խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն` Օհանեան-Գէորգեան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք խօսելու անոնց դժուարութիւններուն մասին: «Երիտասարդը հոգի է, մտածում է, գործելու ոճ է, ազատ կամք է, միտքի թռիչք է եւ գիտակցութիւն է», հաստատեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` աւելցնելով, որ երիտասարդը միշտ իր վիճակէն աւելի լաւին կը ձգտի, փոփոխութիւն կ՛ուզէ ընել իր կեանքին եւ շրջապատին մէջ, կ՛ուզէ նոր հորիզոններ բանալ իր անձնական եւ հաւաքական կեանքին մէջ, նաեւ ըմբոստ է:
Նախարարը յայտնեց, որ գիտակից ըլլալու մէջ ամէնէն կարեւորը մեր պատմութիւնը ճանչնալ է, հայոց պատմութիւնը, լիբանանահայ համայնքի պատմութիւնը, նաեւ ճանչնալ մեր կեանքի պայմանները եւ մեր կարելիութիւնները` իբրեւ հայ համայնք: Ան հրաւիրեց ներկայ երիտասարդները զրուցելու մեր այսօրուան դժուարութիւններուն, տագնապներուն մասին` լիբանանեան եւ հայկական մակարդակներու վրայ, ինչպէս` տնտեսական տագնապ, անգործութիւն, վարձքերու տագնապ, ընտանիք կազմելու տագնապ, ընկերային բազմաթիւ տագնապներ, առողջապահութեան տագնապ, թմրեցուցիչի եւ գինեմոլութեան տագնապ յուսահատութեան պատճառով, բախտախաղի տագնապ` անձնասպանութեան դիմելու հարց, ընտանեկան արժէքներու աստիճանական քանդում, արտագաղթ եւ այլն:
«Իբրեւ լիբանանահայ երիտասարդներ մենք աւելի պատասխանատուութիւն ունինք, որովհետեւ հայ ենք, հայու եւ հայ մնալու պարտաւորութիւնը ունինք: Մեր միաւորները, միութիւնները, ակումբները մեզի հետ են: Բոլորս միասնաբար ձեռք ձեռքի ձեր կողքին ենք: Սակայն այսօր լիբանանահայ հաւաքականութեան խնդիր ունինք, եւ հարկ է ֆիզիքապէս հաւաքականօրէն գոյատեւել եւ յաղթահարել այս տագնապալի օրերը, նաեւ լուծումներ գտնել դժուարութիւններուն: Մենք կը սպասենք, որ դուք հաստատ տեղեկութիւններու վրայ քննադատէք մեր աշխատանքը եւ ձեր կարծիքները տաք, թէ ի՛նչը կրնանք միասնաբար սրբագրել», շեշտեց նախարարը եւ յորդորեց երիտասարդները կամաւոր աշխատանքով իրենց ծառայութիւնը մատուցելու ժողովուրդին:
Աւարտին առիթը տրուեցաւ ներկայ երիտասարդներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու նախարարին: