Հայ օգնութեան միութիւնը՝ իբրեւ մարդասիրական, միջազգային հայկական կազմակերպութիւն եւ գործունեայ անդամ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովին, խստօրէն կը դատապարտէ յուլիս 12-էն ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան շրջանի Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերուն ուղղուած ռմբակոծումները եւ սահմանը խախտելու փորձերը։ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններուն սպառնացող հակահայ այս քաղաքականութեան հետեւանքով թիրախաւորուած են խաղաղ բնակավայրեր՝ վտանգելով հայ քաղաքացիին կեանքը։
Ազրպէյճանի կառավարութիւնը իր ռազմատենչ քաղաքականութիւնը կը շարունակէ առաւելաբար օգտուելով «Քորոնա» ժահրին ստեղծած համաշխարհային ներկայ տագնապէն։
Առ այդ, կը դիմենք միջազգային հանրութեան եւ կառավարութիւններուն՝ դատապարտելու Ազրպէյճանի կեցուածքը, քաղաքականութիւնն ու վերջին յարձակումները եւ անտարբեր չմնալու թշնամական այս արարքին առաջ։ Նոյնանման գործողութիւններ կը սպառնան հայրենիքի եւ տարածաշրջանի խաղաղութեան, միաժամանակ խախտելով ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց սկզբունքները։
Բարձր գնահատելով հայոց բանակին կարողականութիւնն ու կամքը՝ Հայ օգնութեան միութիւնը, իր համահայկական կառոյցով, ինչպէս անցեալին, այսօ՛ր եւս նեցուկ կը կանգնի հայրենիքին, հայոց բանակին եւ հայ ժողովուրդին՝ ի սպաս Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան։ ՀՕՄ-ը, համայն հայութեան կողքին, կը սգայ մահը հայոց բանակի չորս հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքին գնով պաշտպանեցին հայրենի հողը։
Ուաթըրթաուն
15 յուլիս 2020



