Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատահայութեան Լիաբուռն Մասնակցութեամբ 206 Հազար Տոլար Գոյացաւ Լիբանանահայութեան Ի Նպաստ Կազմակերպուած Նուիրահաւաք-Թելեթոնին

Յուլիս 11, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կրկի՛ն մթագնած է Միջին Արեւելքի սիրտը կազմող Լիբանանի երկինքը. բազմաչարչար այս երկիրը տեսած է պատերազմ, վկայած է  հակամարտութիւններ, ապրած է կենցաղային ճգնաժամեր, տնտեսական տագնապներ, իսկ վերջերս «Քորոնա» ժահրի տագնապը եկաւ իր աւերիչ դրոշմը դնելու երկրին տնտեսական ու կենցաղային իրավիճակին վրայ: Հետզհետէ վատթարացող կացութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ տնտեսական ճգնաժամով, որուն իբրեւ հետեւանք վտանգուեցաւ նաեւ հայ գաղութը, ու «դանակը ոսկորին հասաւ»:

Քանատահայութիւնը միշտ լիաբուռն օժանդակութիւն հասցուցած է հոն, ուրկէ եկած է տագնապի ձայնը` հայրենիքէն եկած ըլլայ ան թէ սփիւռքի որեւէ գաղութէ:

Լիբանանահայութեան տագնապին նկատմամբ ձեռնածալ չմնաց քանատահայ գաղութը, որ հայ ազգը հարուածող պատուհասներուն ընդառաջ միշտ եղած  է առաջնեկը, որ օգնութեան ձեռք կ’երկարէ օժանդակելու համար մեր հայրենակիցներուն ամէնուրեք` Հայաստանի, Արցախի կամ սփիւռքի մեր օճախներուն մէջ: Հետեւաբար, անվարան յառաջացուց Լիբանանահայութեան օժանդակութեան մարմին մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութի կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, եւ կոչ ուղղուեցաւ համայն քանատահայութեան` անտարբեր չմնալու լիբանանահայութեան օգնութեան կանչին հանդէպ:

Ապա ընթացք առին դրամահաւաքի աշխատանքները, եւ քանատահայութիւնը, իր աւանդութեան համաձայն, անսաց Օժանդակութեան մարմինի կոչին ու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց` անվերապահ մասնակցութիւն բերելով  լիբանանահայութեան ի նպաստ կազմակերպուած թելեթոն-նուիրահաւաքին, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 9 յուլիս 2020-ին:

Նշեալ դրամահաւաքին սրտի խօսքերով ու ելոյթներով հանդէս եկան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, ՀՅԴ երիտասարդական, պատանեկան եւ ուսանողական միութիւններու անդամներ, ՀՄԸՄ-ականներ, Համազգայինի անդամներ, ՀՕՄ-ի անդամներ, Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի եւ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտներ եւ Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեան, նաեւ` հայրենի եւ սփիւռքահայ արուեստագէտներ, որոնք բոլորը իրենց զօրակցութիւնն ու անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեցին լիբանանահայութեան եւ կոչ ուղղեցին քանատահայութեան` իրենց լուման բերելու տագնապալի վիճակի մէջ յայտնուած մեր ժողովուրդին ի նպաստ: Հայրենի եւ սփիւռքահայ արուեստագէտներու մասնակցութիւնը երանգ տուաւ նուիրահաւաքի յայտագիրին:

Կոչերը ապարդիւն չեղան, ի զուր չանցան Լիբանանահայութեան օժանդակութեան մարմինի աշխատանքները, անպատասխան չմնացին անել կացութեան մատնուած լիբանանահայութեան օգնութեան կանչերը, այլ անգամ մը եւս քանատահայութիւնը փաստեց, որ միշտ կողքին է մեր ժողովուրդին, յատկապէս այն հատուածին, որուն կը սպառնայ դոյզն վտանգ մ՛իսկ:

Լիբանանահայութիւնը պիտի մնայ համայն հայութեան գուրգուրանքի առարկայ, բնաւ իր ճակատագիրին պիտի չյանձնուի, առանձին պիտի չմնայ, այլ կրկի՛ն անգամ իր ներքին կենսունակութեամբ, ամրակուռ կամքով եւ իր իւրայատուկ տոկունութեամբ պիտի յաղթահարէ այս տագնապը եւս, դուրս պիտի գայ այս փապուղիէն առաւել զօրացած ու առաւել միասնակամ:

Սփիւռքի զարկերակը կազմող այս գաղութին դերն ու դրոշմը` աշխարհասփիւռ հայկական գաղութներուն վրայ, ծանօթ է բոլորիս, այս իրականութեան անդրադարձաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` ըսելով. «Համայն հայ ժողովուրդին ուշադրութեան եւ հոգածութեան առարկան պէտք է դառնայ լիբանանահայութիւնը, որուն դերը չի սահմանափակուիր Լիբանանով ու Միջին Արեւելքով, այլ ունի համահայկական, համասփիւռքեան տարողութիւն»:

«Քանատահայութիւնը հաւատացողն է հայ ժողովուրդի ամբողջականութեան սկզբունքին եւ ունի այդ ամբողջականութիւնը ամուր ու հզօր պահելու վճռակամութիւն». այս խօսքերով քանատահայութեան կեցուածքը գնահատած էր Լիբանանի «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, որուն լիիրաւ հաւաստիքը տուաւ Քանատայի հայ համայնքը 9 յուլիսին իր անսակարկ նուիրումը ցուցաբերելով հայ ժողովուրդի այն հատուածին նկատմամբ, որ ատենօք երբեք չէ զլացած նաեւ ի՛ր լուման բերելու աշխարհասփիւռ ու հայրենի մեր ժողովուրդին:

Նշենք, որ Լիբանանահայութեան ճգնաժամի կացութեան, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոր ապագային սպառնացող վտանգին ի տես` ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, մայիս 20-ին յառաջացուց Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինը:

Վարձքը կատա՛ր սոյն ծրագիրին ձեռնարկողներուն, աշխատանքը ի կատար ածելու սիրոյն անխնայ ծառայողներուն եւ յատկապէս բոլոր նուիրատուներուն` ազգասիրական ու հայրենասիրական, նուիրական ու օրհնաբեր իրենց արարքին համար:

Դրամահաւաք-թելեթոնին գոյացաւ 206 հազար քանատական տոլար (152 հազար տոլար):

Նուիրատուներու եւ բարերարներու ցանկը շուտով կը հրատարակուի:

Նուիրահաւաքը կը շարունակուի: Առցանց նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել հետեւեալ յղումով.

https://camam.akaraisin.com/Aid4Lebanon

«ՀՈՐԻԶՈՆ»

 

https://www.facebook.com/109426624129863/videos/196818045105793

 

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սիսիի Կողմէ Զօրակցական Նամակ` Նախագահ Աունին

Յաջորդը

Ներկայացուցիչներու Տան Յանձնախումբը Աջակցութիւն Յայտնած Է Արցախի Ականազերծման Ծրագիրի Ֆինանսաւորման

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?