Հակառակ երկրին մէջ տիրող ընկերատնտեսական եւ առողջապահական տագնապալի վիճակին՝ Ազգային Միացեալ վարժարանը, մանկապարտէզի 2019-2020 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի ամավերջի վկայականաց բաշխման հանդէսով կարողացաւ իր յարկին տակ ստեղծել ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը։
Չորեքշաբթի, 15 յուլիս 2020ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւնը կը վայելէր Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութիւնը։ Հանդիսութիւնը կը սփռուէր նաեւ առցանց՝ վարժարանի Դիմատետրի էջով:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք սրահ մուտք գործեցին 2019-2020 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի 41 շրջանաւարտները, որոնք իրենց անմեղ ժպիտներով բեմ բարձրացան եւ ներկաներուն փոխանցեցին կեանքի հանդէպ իրենց յոյսի եւ հաւատքի ապրումները:
«Մնաս բարով մանկապարտէզ» կարգախօսին տակ անոնք հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով իւրաքանչիւրը առանձին կամ զոյգ-զոյգ արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը, որոնց ընդմէջէն հրաժեշտ տուին մանկապարտէզի ջերմ կեանքին եւ ուրախ խաղերուն, ինչպէս նաեւ ցոյց տուին իրենց պատրաստակամութիւնը անցնելու Նախակրթարանի Ա. դասարան, ապա խմբային երգով մը խանդավառեցին մթնոլորտը:
Տեսերիզի միջոցաւ, ներկաները ապրեցան անցնող տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի առօրեան:
Ապա բեմ բարձրացաւ վարժարանի մանկապարտիզպանուհին՝ Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան, որ իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, թէ ուրախ եւ անհոգ փոքրերու աշխարհն ու անոնց հանդէսը այս ծանր պայմաններով լի օրերուն կու գան ոգեւորելու, ուրախացնելու եւ ներշնչման աղբիւր դառնալու: Ան շեշտեց, թէ երկրին դժուար կացութիւնն ու արտասովոր պայմանները պարտադրեցին այս տարեշրջանին ստեղծել արտասովոր միջոցներ, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել եւ ամբողջացնել կրթական տարեշրջանը՝ տեղեկացնելով, որ կրթական բաժինով լրիւ ամբողջացուցած են մանկապարտէզի բոլոր դասարաններու ուսումնական ծրագիրները: Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան դիտել տուաւ, որ առցանց ուսման դրութիւնը նորութիւն էր բոլորին, բայց կիրարկուեցաւ անցնող ամիսներուն, երբ ուսուցիչներուն պատրաստած դասերուն, տեսերիզներուն ու տնային աշխատանքներուն շնորհիւ աշակերները մնացին դասի մթնոլորտին մէջ:
Անդրադառնալով հայ դպրոցի անհրաժեշտութեան՝ ան ըսաւ, թէ հայկական դպրոցի մանկապարտէզը եւ մեր պարագային Ազգային միացեալ վարժարանը իր նորակառոյց շէնքով եւ ընձեռած յարմարութիւններով ինչպէս Ծաղիկ դասարանին, նոյնպէս ալ ապագայ աշակերտներուն համար պիտի ըլլայ այն միջավայրը, որուն սիրտը հայութիւն կը տրոփէ եւ ընդմիշտ հայութեամբ կ՛ապրի:
«Հայ դպրոցին մէջն է, որ մեր զաւակները պիտի սորվին խօսիլ ու գրել հայերէն, աղօթել հայերէն, լուսաւորուին հայկական գիտելիքներով, արժէքներով ու այդպէս նախաքայլը առնեն հայ տիպար մարդու կերտման: Այս մէկը գեղեցիկ բառեր ու արտայայտութիւններ չեն միայն, այլ մեր կեանքին մէջ ամէն օր աւելի անհրաժեշտութիւն դարձած իրականութիւն: Չզրկենք մեր զաւակները հայ դպրոցէն, հայ դասընկերներ ու միջավայր ունենալու անոնց ազգային իրաւունքէն, որպէսզի անոնք նաեւ հայկական նկարագիր կազմեն ու դառնան ապագայի հայ պատասխանատուն, ղեկավարը, ուսուցիչը, կղերականը ու ծառայեն իրենց ազգին», նշեց ան: Մանկապարտէզպանուհին դրուատեց ծնողներուն դերն ու ներդրումը, իսկ մաղթեց ամէնէն լաւն ու բարին իրենց կեանքին մէջ։ Իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով Սրբազան Հօր իր օրհնութեան ու ազգային վարժարանի աշխատանքներուն յարատեւ աջակցութեան համար, ազգային վարչութեան, ուսումնական խորհուրդին, դպրոցի խնամակալութեան ու տնօրէնութեան՝ իրենց մշտական ու օգտաշատ աշխատանքին, այս դպրոցի շարունակականութիւնն ու վերելքը ապահովելուն համար:
Վկայականաց բաշխումը կատարուեցաւ՝ ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմէքճեանի եւ վարչական տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի: Վկայական ստացան Ծաղիկ դասարանի 41 աշակերտներ:
Հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ թէեւ քիչ մը տարօրինակ տարեշրջան մը եղաւ այս տարի, սակայն շնորհիւ մեր կրթական պատասխանատուներու նուիրումին շարունակուեցաւ աշխատանքը ըստ կարելիութեան եւ կանոնաւոր կերպով: Ուստի ան գնահատեց ուսուցիչները, որոնք անցնող այս դժուարին ամիսներուն հայ դպրոցի առաքելութեան շարունակութեան համար իրենց կարելին ըրին, ծնողները, որոնց ջանքերով դպրոցի աշխատանքները շարունակուեցան տուներուն մէջ՝ անոնց գիտակցութեամբ եւ մեծ զոհողութիւններով:
«Կրթական տարին կը փակենք հայ դպրոցին մէջ, որովհետեւ իսկապէս ուզեցինք, որ ձեր զաւակներուն ճիչերով, ուրախ կանչերով այս պահը ապրինք հոս: Այլապէս պիտի չզգայինք, թէ կրթական տարի մը անցուցինք առանց դպրոցէն ներս տեսնելու մեր աշխատանքին արդիւնքը: Հետեւաբար, տարեփակի առիթով վարձքը կատար կ’ըսեմ բոլորիդ: Կը մաղթեմ, որ ձեր զաւակները, որոնք իրենց կեանքի առաջին վկայականը ձեռք ձգեցին այսուհետեւ աշխատանքով նուաճեն գագաթներ, բարձունքներ. հայ դպրոցը ու հայ դաստիարակը երջանիկ կ’ըլլան, եթէ իսկապէս տեսնեն ձեր զաւակներուն յառաջդիմութիւնը ապագայի իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան», ըսաւ սրբազանը։ Ան մաղթեց, որ լաւատեսութեամբ նային ապագային, որովհետեւ մարդու կեանքին մէջ տագնապները անպակաս եղած են, բայց նաեւ իրերօգնութեամբ մնացած ենք կանգուն՝ մեր կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող դժուարութիւնները յաղթահարելով եւ կերտելով միացեալ ապագայ մը: «Նոյն բարի տրամադրութեամբ կը նայինք վաղուան եւ կը հաւատանք, որ ներկայ տնտեսական, ընկերային եւ այլ տեսակի բոլոր դժուարութիւնները անպայմանօրէն մեր կամքին դիմաց պարտութեան պիտի մատնուին եւ մենք իբրեւ հաւաքականութիւն մեր ուրոյն նկարագիրով, մեր ուրոյն աշխատանքով, աշխատելաոճով եւ կամքով անպայմանօրէն պիտի շարունակենք մեր կեանքը գալիք բազում տարիներուն եւ տասնամեակներուն», շեշտեց Շահէ եպս. Փանոսեան։
Սրբազան հայրը խօսքը եզրափակեց յոյս յայտնելով, որ այս համաճարակը շուտով կը վերանայ, որպէսզի բնական կեանքը վերադառնայ եւ հայ դպրոցը հայ մարդու պատրատութեան գործին մէջ մնայ առաջատար: «Առանց հայ դպրոցին անգոյն է մեր գոյութիւնը, իսկ հայ դպրոցով, մենք կը մնանք հզօր հաւաքականութիւն մը՝ ի սպաս հայրենիքին, ի սպաս հայ դատին եւ ի սպաս մարդկութեան վերելքին», հաստատեց ան։





