«Քորոնա» ժահրի ստեղծած դժուարութիւններուն պատճառով որոշ շրջան մը առկախուեցաւ «Ազդակ»-ի ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրը: Անիկա, երէկ` ուրբաթ, 17 յուլիս 2020-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին շարունակուեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ:
Հանդիպումին դրամատնային մարզին մէջ աշխատող Մհեր Գավլաքեան ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը` կեդրոնանալով յատկապէս վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած զարգացումներուն վրայ:
Մ. Գավլաքեան նախ եւ առաջ ներկայացուց «Եուրոպոնտ»-ի ընդհանուր գաղափարը, որմէ ետք կեդրոնացաւ Լիբանանի «Եուրոպոնտ»-ի պարտատոմսերուն վրայ` ներկայացնելով հարցին պատմական ընթացքը եւ վերջին ամիսներուն Լիբանանի կառավարութեան որոշումին հիմաւորումները, դրդապատճառները եւ ազդեցութեան կէտերը` «Եուրոպոնտ»-ի պարտատոմսերու նիւթական իր պարտաւորութեան առկախման գծով:
Մ. Գավլաքեան անդրադարձաւ Լիբանանի տնտեսական տագնապին, տարիներով կուտակուած պարտքերուն, առեւտրական հաշուեկշիռի բացին, Լիբանանի մէջ գործող դրամատնային համակարգին եւ վերջին ամիսներուն ստեղծուած խուճապային վիճակին ու նոյն մարզին մէջ ծագած խնդիրներուն:
Մ. Գավլաքեան ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց այլ երկիրներու մէջ նման տնտեսական տագնապներու ընթացքին գործադրուած լուծումները եւ անոնց տուած արդիւնքները:
Ապագայ լրագրողները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ներկայացման, ուղղեցին զիրենք հետաքրքող հարցումներ: