Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

July 22, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնը անցնող շաբաթներուն գումարեցին իրերայաջորդ խառն նիստեր քննարկելու համար ստեղծուած ճգնաժամի լոյսին տակ գեղարուեստի դպրոցներու գործունէութեան յառաջիկայ ընթացքը: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, հակառակ առկայ դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն,  ճշդած է ճիգերու ամբողջական լարումով դժուարութիւններու յաղթահարման ընդհանուր գործընթաց մը: Առ այդ, մեր ծնողներու ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնէ, որ դպրոցական վերամուտի իմաստով` Լիբանանի պետութեան կողմէ  որդեգրուելիք որոշումին լոյսին տակ Համազգայինն ալ ընթացք պիտի տայ նոր տարեշրջանին: Այլ խօսքով` կրթական վերամուտին հետ պիտի վերաբացուին նաեւ «Լ. Շանթ» ու «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» մշակութային կեդրոնները եւ վերսկսին գեղարուեստի դպրոցներու դասաւանդութիւնները: Յայտնենք, որ կարգ մը գեղարուեստի միաւորներ արդէն սկսած են իրենց փորձերուն եւ հանդիպումներուն:

Այս ծիրին մէջ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը խիստ կարեւորելով հայրենի արուեստագէտներու ներդրումը գեղարուեստի դպրոցներու գործունէութեան մէջ, կու գայ յայտնելու, որ 2020-2021 տարեշրջանին եւս հայրենի արուեստագէտներ պարի ու պալէի դասատուներ` Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններ եւ ջութակի դասատու, վաստակաւոր արուեստագէտ Յովիկ Գարախանեան պիտի վերադառնան Լիբանան եւ ստանձնեն իրենց պարտականութիւնները: Այս ուղղութեամբ պայմանաւորուածութիւնները կատարուած են արդէն:

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները իրենց առանցքային դերակատարութիւնը ունին լիբանանահայ մշակութային կեանքի հարստացման ու արուեստի ճամբով նորահաս սերունդին դաստիարակութեան գործին մէջ: Այս մէկը կը շարունակէ մեզի համար մնալ կոչում ու մեր առաքելութիւնը իմաստաւորող կարեւոր աշխատանք: Վստահ ենք, որ մեր ծնողներն ալ գիտակցութեամբ կը մօտենան այս աշխատանքին եւ փոխադարձ գործակցութեամբ ու քաջալերանքով մենք միասնաբար կը յաջողինք գեղարուեստի դպրոցներու ջահը վառ պահել ու անոր ճառագայթումը երաշխաւորել: Հայ մշակոյթի ու արուեստի ժողովրդականացման մէջ մեծ դերակատարութիւն վերապահուած է գեղարուեստի դպրոցներուն:

Համազգայինը տէ՛րն է ու կը մնայ յանձնառու այդ դերակատարութեան:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ’ողջունէ Սուրիահայ Երեք Երեսփոխաններու Ընտրութիւնը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.