Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 20, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրբաթ, 17 յուլիսին կատարեց 2020-ի իր երրորդ առցանց լիագումարը` օրակարգի վրայ ունենալով միութեան քառամեայ ծրագիրները «Քորոնա»-ի արտակարգ դրութեան պայմաններուն պատշաճեցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Լիագումարին սկիզբը Կեդրոնական վարչութիւնը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ վերջին օրերուն Հայաստանի սահմանային գիւղերուն դէմ կատարուած ազրպէյճանական յարձակումներուն եւ ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի կառոյցին` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ին թելադրեց սերտել կարելիութիւնը սահմանային վնասուած գիւղերու պատանիներուն համար ամառնային ճամբար մը կազմակերպելու` յարգելով Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ճշդուած բոլոր պայմանները:

Ապա, օրակարգի քննարկման կէտերուն անցնելով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց «Քորոնա»-ի համաճարակի օրերուն միութեան կատարած աշխատանքներուն.

Ա.- Ազգային մարմիններու կողքին` համայնքներու մէջ մասնակցութիւն խնամատարական եւ նախազգուշական աշխատանքներու:

Բ.- Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ 1400 ընտանիքներու նպաստաբաշխումի աշխատանքներու կազմակերպում:

Գ.- Միութենական առցանց աշխատանքներու իրականացում:

Կեդրոնական վարչութիւնը նկատել տուաւ, որ ակմբային աշխատանքներուն առցանց հարթակին փոխադրութիւնը ծառայեց իր նպատակին` ապահովելով միութեան աշխատանքներուն շարունակականութիւնը եւ անդամներուն կապուածութիւնը` իրարու եւ ազգային-միութենական կեանքին:

Կեդրոնական վարչութիւնը հաստատեց, որ առցանց աշխատանքները չեն կրնար ամբողջովին փոխարինել միութենական կազմակերպական աշխատանքները, սակայն մինչեւ արտակարգ իրավիճակի յաղթահարում` առցանց գործունէութիւնը կը հանդիսանայ աշխատանքի գլխաւոր միջոցը սկաուտական, մարզական եւ վարչական գործունէութեան համար: Այս ուղղութեամբ Կեդրոնական վարչութեան յանձնախումբերը արդէն իսկ կը մշակեն յատուկ ծրագիրներ, որոնք յառաջիկայ օրերուն պիտի բիւրեղանան երեք կարեւոր նախաձեռնութիւններով.-

– Համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական առցանց համագումար` 25 յուլիս 2020-ին: Համագումարը երեք հանգրուանով պիտի կատարուի` առցանց հարթակով, իսկ պաշտօնական բացումը ուղղակի պիտի սփռուի միութեան Դիմատետրի էջով:

– Շրջանային եւ մեկուսի շրջաններու տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտներու առցանց հանդիպում` 26 յուլիս 2020-ին: Համագումարը պիտի անդրադառնայ վերջին շրջանին միութեան վարչական աշխատանքներուն մէջ ներմուծուած արհեստագիտական նորութիւններուն եւ յառաջիկային զանոնք աւելի եւս կատարելագործելու ծրագիրներուն:

– Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզական պատասխանատուներու առցանց համագումար` հոկտեմբեր 2020-ին: Համագումարը պիտի ծառայէ մարզիչներու եւ մարզական պատասխանատուներու վերաորակաւորման աշխատանքին:

Կեդրոնական վարչութիւնը այս առիթով սերտեց ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական խորհրդաժողովի եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու կազմակերպման կարելիութիւնները: Ապա քննեց աշխատանքային ծրագիրները 2019-2023 քառամեակին համար իր յառաջացուցած հետեւեալ յանձնախումբերուն եւ աշխատանքային խմբակներուն.- սկաուտական (Արարատեան կարգի, սկաուտական գիրքերու եւ առցանց ֆորումի ստեղծման խմբակներով), մարզական (Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու եւ առցանց խաղերու ծրագրաւորումի խմբակներով), կազմակերպական, քարոզչական, երիտասարդական, «Վարդգէս Տէր Կարապետեան» թանգարանի, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, տնտեսական եւ եկամտաբեր հիմնադրամի (Endowment Fund):

Կեդրոնական վարչութիւնը քննարկեց նաեւ միութեան աշխարհասփիւռ 111 մասնաճիւղերուն ներկայ իրավիճակը եւ գոհունակութեամբ հաստատեց ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ ՀՄԸՄ-ական երեք նոր կեդրոններու ստեղծման քայլը` Փարիզի, Ալմելոյի եւ Արմաւիրի մէջ: Ալմելոյի (Նետերլանտներ` Հոլանտա) եւ Արմաւիրի (Հայաստան) կեդրոններուն շինարարական կառուցումները ընթացք առած են արդէն, իսկ Փարիզի մարզաւանին աշխատանքները կը սկսին համաճարակի ալիքի մեղմացման հետ:

Կեդրոնական վարչութիւնը գնահատեց միութենական երիտասարդական ուղեգիծի մը մշակման ճիգը, որ պիտի ծառայէ երիտասարդ տարրերու ՀՄԸՄ-ի մէջ աւելի աշխուժ ներկայութեան եւ գործունէութեան նոր մարզերու ծաւալման:

Առցանց լիագումարը նշեց, որ 2020-ը կը զուգադիպի միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի հրատարակութեան 40-ամեակին եւ, առ այդ, որոշեց 40-ամեակի յիշատակումները սկսիլ յառաջիկայ հոկտեմբերին եւ երկարել մինչեւ 2021-ի հոկտեմբեր, այս առիթով հրապարակելով թերթին ամբողջական հաւաքածոյին` 415 թիւերուն թուայնացած տարբերակը: Լիագումարը նաեւ որոշեց շարունակել «Մարզիկ»-ի բոլոր նիւթերը ներկայացնել միութեան կայքէջով, սակայն յանձնարարեց նաեւ պատրաստել թերթին հրատարակելի օրինակները: Լիագումարը ընդգծեց նաեւ միութեան թանգարանը արդիականացնելու անհրաժեշտութիւնը եւ 2022-ին` թանգարանին հիմնադրութեան 35-ամեակը պատշաճ կերպով նշելու գաղափարը:

Վերջապէս, առցանց լիագումարը անդրադարձաւ «Քորոնա»-ի պատճառով համաշխարհային տնտեսութեան վատ պայմաններուն միութեան վրայ ունենալիք հետեւանքներուն եւ որոշեց ստեղծել տնտեսական յատուկ ֆոնտ մը, ըստ կարիքի եւ կարելիութեան` նեցուկ կանգնելու համար տագնապահար շրջաններու բնականոն գործունէութեան ապահովման:

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ 

Նախորդը

Յիշատակդ Անթառամ` Տիկի՛ն Անահիտ

Յաջորդը

«Քորոնա»-ի Ճգնաժամային Շտապի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկու Տարուան Պայմանաժամի  Առաջարկ Ընողները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկու Տարուան Պայմանաժամի Առաջարկ Ընողները

Դեկտեմբեր 9, 2025
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի  «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Հայ Գիրքի Համահայկական  Ցուցահանդէս-Փառատօնի Բացում
Գաղութային

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Հայ Գիրքի Համահայկական Ցուցահանդէս-Փառատօնի Բացում

Դեկտեմբեր 9, 2025
Այցելութիւն «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն
Գաղութային

Այցելութիւն «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն

Դեկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?