«Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ նախազգուշական ջանքերուն, նաեւ առողջապահական գետնի վրայ ցարդ տարուած աշխատանքներու ծիրին մէջ, երկուշաբթի, 13 յուլիսին, ՄԱԿ-ի «Եու. Էն. Հապիթաթ» ծրագիրը, համագործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, Պուրճ Համուտի հինգ շրջաններու մէջ զետեղեց ձեռքեր հականեխող սարքեր: Սոյն նախաձեռնութեան ներկայ էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան մէջ գործող գործակիցներ, «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի ընդհանուր տնօրէն Թայնա Քրիսթիանսեն եւ անոնց գործակիցները:
Սոյն ծրագիրը կ՛ընդգրկէ 12 հականեխող սարքերու զետեղում. երկուշաբթի օր կատարուածը ծրագիրին առաջին փուլն էր: Յիշեալ սարքերը զետեղուեցան հետեւեալ վայրերուն մէջ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակ, «Հարեթ Սատեր» փողոց, Անկախութեան հրապարակ, Նապաա (Հաուզի քով) եւ «Փլազա»-ի զարիվարին կից: Իւրաքանչիւր կայան ունի մեքենայ մը, հականեխիչ դեղ, ջուր, թուղթէ թաշկինակ: Այս հինգ հականեխող սարքերը զետեղուեցան Պուրճ Համուտի խճողուած շրջաններուն մէջ` առաւելագոյն չափով դէմ դնելու համար «Քորոնա» ժահրի տարածումին:
Այս առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց «Եու. Էն. Հապիթաթ» ծրագիրին ջանքերուն համար` յոյս յայտնելով, որ քաղաքապետութեան եւ անոնց միջեւ գործակցութիւնը կը շարունակուի եւ առաւել եւս կը զարգանայ: Ան նկատել տուաւ, որ «Եու. Էն. Հապիթաթ» ծրագիրը կը զօրակցի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ առաջին օրերէն իսկ դիմեց օրինական եւ նախազգուշական բոլոր միջոցներուն` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը: