Գաղութային

Ս. Նշանի Մէջ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ընտրութեան Եւ Օծման 26-րդ Տարեդարձի Նշում

Ս. Նշանի Մէջ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ընտրութեան Եւ Օծման 26-րդ Տարեդարձի Նշում

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 27 յունիս 2021-ին, յընթացս Ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք: Առ այդ, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագին նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը` անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս...

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

«Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 10-րդ Դասարանի Շրջանաւարտները Կոչուեցան «Մելքոն Տէմիրճեան» Սերունդ, Իսկ 7-րդ Դասարանի Աշակերտները` «Կարօ Սվաքճեան» Սերունդ Նախագահութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, կիրակի, 27 յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու...

Էքօ Պուրակի Բացում` Այնճարի Մէջ

Էքօ Պուրակի Բացում` Այնճարի Մէջ

25 յունիսին Այնճար հայաւանին մէջ Միացեալ Նահանգներու Բարգաւաճման գործակալութեան Լիբանանի գրասենեակին (Եու. Էս. Էյտ. Լեպանոն) ֆինանսաւորումով բացումը կատարուած է հսկայական էքօ պուրակի` ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շիայի: Ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Էքօ պուրակը կ՛ընդգրկէ կանաչ տարածքներ, ծառերու տնկիներու նախնական աճեցման տնակներ, ծառատնկուած...

Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններու լոյսին տակ եւ հայորդիներուն առողջապահական կարիքներուն օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութենէն մղուած, տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցաբար ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, պիտի հոգան լիբանանահայ կարիքաւոր ազգայիններու հիւանդանոցային եւ ախտաճանաչման քննութիւններու առնչուած ծախսերը: Պէտք է նկատի ունենալ հետեւեալ կէտերը. ա) Յիշեալ աշխատանքը պիտի կատարուի յատուկ յանձնախումբի...

Նորսիկեան Մանկապարտէզի 2019-2020 Եւ 2020-2021 Տարեշրջաններու Աշակերտներու Վկայականներու Բաշխում

Նորսիկեան Մանկապարտէզի 2019-2020 Եւ 2020-2021 Տարեշրջաններու Աշակերտներու Վկայականներու Բաշխում

Շաբաթ 19 եւ կիրակի 20 յունիս 2021-ին յաջորդաբար տեղի ունեցան Ճեմարանի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի երկու տարեշրջաններու վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնները: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիյեանը, որ ողջունեց ներկաները «Ուշ լինի, անուշ լինի» խօսքով` նկատի ունենալով համաճարակի պատճառով մէկ տարի ուշ վկայական ստացող սերունդը, ապա ան բարձր գնահատեց փոքրիկներն ու ուսուցիչները, որոնք թէկուզ պաստառներու ետին, սակայն յարատեւ կամքով ու աշխատանքով...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ողջունեց Իրանի Նորընտիր Նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի Ընտրութիւնը

Կիրակի, 20 յունիս 2021-ին, Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղած իր նամակով` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ուրախութեամբ ողջունեց անոր ընտրութիւնը իբրեւ նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ձեր ընտրութիւնը շօշափելի արտայայտութիւն է Ձեր անձին նկատմամբ Իրանի ժողովուրդին ունեցած վստահութեան ու համարումին»: Վեհափառ հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր նախագահին` յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, երբ ամբողջ աշխարհն ու Միջին Արեւելքը կը դիմագրաւեն ահաւոր...

Այս Շաբաթավերջին.  Համա-ՀՄԸՄ-ական Ա. Առցանց Բանակումը` Աւելի Քան 1000 Սկաուտներու Մասնակցութեամբ

Այս Շաբաթավերջին. Համա-ՀՄԸՄ-ական Ա. Առցանց Բանակումը` Աւելի Քան 1000 Սկաուտներու Մասնակցութեամբ

  ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, այս շաբաթավերջին` 26 եւ 27 յունիսին, տեղի կ’ունենայ համա-ՀՄԸՄ-ական Ա. առցանց բանակումը` մասնակցութեամբ միութեան 25 շրջաններէ աւելի քան 1000 սկաուտներու: Բանակումին կը մասնակցին նաեւ Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան սկաուտներ: «Միասնութիւն` կայուն ապագայի մը համար» բնաբանով կազմակերպուած այս բանակումը իր տեսակին մէջ առաջինն է եւ նորութիւն է ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին համար: Բանակումը կը սկսի շաբաթ,...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Միացան Հինգ Նորագիր Ուխտեալներ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Միացան Հինգ Նորագիր Ուխտեալներ

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հինգ նորագիր ուխտեալներ արժանացան կուսակրօն քահանայութեան կարգին: Կիրակի, 20 յունիս 2021-ին Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս ս. պատարագին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանի ձեռամբ եւ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի խարտաւիլակութեամբ, կատարուեցաւ աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում: Ընծայեալները` Ժան սրկ. Սէլլումեանը, Կարապետ սրկ. Էօրտէքեանը, Գէորգ սրկ. Թէնէքէճեանը,...

Ազգային Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզ Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգային Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզ Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի բակին մէջ տեղադրուած «Մամիկն ու Պապիկը» մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին քոլեճի մանկապարտէզի 2020 եւ 2021 տարիներու հունձք փոքրիկները, որոնք երգեցին, պարեցին ու վկայուեցան բեմին վրայ տեղադրուած Արարատ լերան լանջերուն: Արդարեւ, 11 յունիս 2021-ին տարբեր եռուզեռ կը տիրէր քոլեճի բակին մէջ: Մանկապարտէզի շրջանը աւարտած փոքրիկները թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, պաշտօնական հիւրերու, ծնողներու եւ հարազատներու ներկայութեամբ, անհամբեր էին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Չորեքշաբթի, 16 յունիս 2021-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի: Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, սփիւռքի եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր:  

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային ժողովը սկսաւ հինգշաբթի, 10 յունիս 2021-ին` մասնակցութեամբ տարբեր շրջաններէ 99 պատգամաւորներու: Վեց օրերու վրայ երկարող նիստերով ժողովը հանգամանօրէն ու համապարփակ քննարկումի ենթարկեց Լիբանանի դաշնակցական ընտանիքի անցնող 28 ամսուան գործունէութիւնը եւ ապա յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան համար կայացուց որոշումներ: Ժողովը հաստատեց, որ անցնող 28 ամիսներուն ընթացքին աշխատանքը ծաւալած է ճգնաժամային արտակարգ պայմաններու մէջ: Հոկտեմբեր 2019-ին Լիբանանի մէջ ծայր...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Կարգապահական. Փիլոնազուրկ Կը Հռչակուի Մկրտիչ Ա. Քհնյ. Քէշիշեան

Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, այսու պաշտօնապէս կը տեղեկացնենք, որ չորեքշաբթի, 16 յունիս 2021-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան Խառն ժողովը, փիլոնազուրկ հռչակեց Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Մկրտիչ ա. քհնյ. Քէշիշեանը, որ կասկածելի պայմաններու մէջ սեփականացուցած է իր հոգեւոր խնամքին ենթակայ տարեց հայուհիի մը բնակարանը: Ուստի, թուականէս սկսեալ, ան մաս չի կազմեր Լիբանանի հայոց թեմի հոգեւորականաց դասուն եւ...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Յայտարարութիւն

Քանի մը տարի առաջ, Պուրճ Համուտի գերեզմանատան գլխաւոր մուտքը յարդարելու եւ ընդհանուր հանրութեան համար քիչ մը աւելի ներկայանալի վիճակ ստեղծելու դիտումով, կարգ մը բաժիններ ծածկուեցան արուեստական խոտով (կազոն): Այնուհետեւ, ոմանք առիթը օգտագործելով, առանց առաջնորդարանի թոյլտուութեան եւ առանց հետեւանքները կշռելու, իրենց ընտանեկան դամբարանները սկսան ծածկել կազոնով: Կազոնը կրնայ վայելուչ երեւիլ, սակայն դժբախտաբար, շատ դիւրավառ նիւթ է եւ որեւէ պատճառով կրնայ բռնկիլ...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային Ժողովի

ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային ժողովը, որ գումարուեցաւ 10-15 յունիսին` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ վերջին երկու տարիներու զարգացումներուն լոյսին տակ կը վերահաստատէ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին կողքին կանգնելու իր երկարամեայ ու հաստատ յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ իր բոլոր կարելիութիւններով հայկական երկու հանրապետութիւններու ժողովուրդին աջակցելու աշխատանքը վճռականութեամբ շարունակելու վերանորոգ կամքը: Ժողովը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներէն կը պահանջէ տէր կանգնիլ ու պաշտպանել Արցախի Հանրապետութեան...

«Վատիկան Կ՛երթանք Լիբանանի Ամբողջ Ժողովուրդին  Դիմագրաւած Դժուարութիւնները Պարզելու  Եւ Նոր Կառավարութեան Կազմութեան Հրամայականը Շեշտելու»  Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Վատիկան Կ՛երթանք Լիբանանի Ամբողջ Ժողովուրդին Դիմագրաւած Դժուարութիւնները Պարզելու Եւ Նոր Կառավարութեան Կազմութեան Հրամայականը Շեշտելու» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Նկատի ունենալով, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նախաձեռնողն է 1 յուլիսին Վատիկանի մէջ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն Ֆրանչիսկոս պապին հետ տեղի ունենալիք հանդիպումին, արդարեւ, անցնող օրերու ընթացքին վեհափառ հայրապետին այցելեցին, ինչպէս նաեւ հեռաձայնով կապեր հաստատեցին Լիբանանի քաղաքական, կրօնական ու ակադեմական դէմքեր, Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպանը, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ եւ մամլոյ օրկաններ: Անոնք ուզեցին իմանալ Վատիկանի հանդիպումին գծով վեհափառ հայրապետին պատկերացումները:...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Ուրախութեամբ կ՛անդրադառնանք, որ մեր գաղութին մէջ միշտ ունեցած ենք բարերարներ, որոնք իրենց ցուցաբերած բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ սատար հանդիսացած են մեր ազգային եւ մշակութային կառոյցներու հիմնադրման եւ պահպանման աշխատանքին: Յիշատակութեան արժանի են բոլո՛րը, սակայն հոս կ՛ուզենք ի մասնաւորի յիշել տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սոնիա Ղոջախեանները (Սան Ֆրանսիսքոյէն), որոնք հաւատալով Համազգայինի տարած արդիւնաւէտ աշխատանքին, կարելի կը դարձնեն իրականացնել անկարելին` այս...

Օսմանեան Կայսրութեան Կողմէ Ասորիներու,  Հայերու Եւ Քրիստոնեաներու Դէմ Գործուած  Ցեղասպանութեան 106-Ամեակի Նշում

Օսմանեան Կայսրութեան Կողմէ Ասորիներու, Հայերու Եւ Քրիստոնեաներու Դէմ Գործուած Ցեղասպանութեան 106-Ամեակի Նշում

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Ասորական միութիւն կուսակցութեան Զահլէի մասնաճիւղին, շաբաթ, 12 յունիսին ոգեկոչուեցաւ 106-ամեակը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած հաւաքական սպանդին` ասորիներուն, հայերուն եւ ընդհանրապէս Արեւելքի ու յատկապէս Լեռնալիբանանի մարոնիներուն նկատմամբ: Քաղաքական եւ հոգեւոր պաշտօնական անձնաւորութիւններու կարգին ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէի անդամներ եւ Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին անունով...

Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխում Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխում Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Հակառակ երկրին մէջ տիրող ընկերատնտեսական եւ առողջապահական վիճակին` Ազգային Միացեալ վարժարանը մանկապարտէզի 2020-2021 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի ամավերջի վկայականաց բաշխման հանդէսով կարողացաւ իր յարկին տակ ստեղծել ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը: Չորեքշաբթի, 9 յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին  մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւնը կը վայելէր Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ  Շահէ արք. Փանոսեանի հովանաւորութիւնը: Հանդիսութիւնը կը սփռուէր...

Page 135 of 365 1 … 134 135 136 … 365

Արխիւներ