Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յունիս 29, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 10-րդ Դասարանի Շրջանաւարտները Կոչուեցան «Մելքոն Տէմիրճեան» Սերունդ, Իսկ 7-րդ Դասարանի Աշակերտները` «Կարօ Սվաքճեան» Սերունդ

Նախագահութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, կիրակի, 27 յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու 2020-2021 կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը:

Նախքան հանդիսութեան սկսիլը, ներկաները սրահէն ներս վայելեցին Բարսեղ Կանաչեանի երգերն ու երաժշտական գործերը:

Հենրի Իշխանեանի կատարողութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեցին օրուան հանդիսավարներ Անժելինա Սարգիսեան եւ Յովիկ Գլընճիպաշեան: Անոնք նկատել տուին, թէ հակառակ մտահոգութիւններով եւ դժուարութիւններով լեցուն տարօրինակ տարեշրջան մը ըլլալուն, դարձեալ հաւաքուած ենք վայելելու Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու 2020-2021 տարեշրջանի հունձքը: Հանդիսավարները հանգրուանային ձեւով հանդիսատեսներուն ներկայացուցին գեղարուեստի դպրոցները:

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Մարալ Հարպոյեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ այս պահը աշակերտներու  կեանքին գեղեցկագոյն պահն է, որովհետեւ տարիներու ժրաջան աշխատանքէն ետք, անոնք բեմ կը բարձրանան` քաղելու իրենց աշխատանքին արգասիքը` աւելցնելով, որ դպրոցական յաջողութիւնը պատահական չէ, այլ` անիկա կ՛իրականանայ աշակերտին, ծնողքին եւ ուսուցիչին տարիներու տքնաջան աշխատանքով եւ համբերութեամբ:

Հարպոյեան հաստատեց, որ դպրոց, ծնողք, եւ աշակերտ կը տօնեն իրենց յաջողութիւնը: Իբրեւ դպրոց, յաղթահարելով Լիբանանի կրթական եւ առողջապահական ճգնաժամը, ի տես սոյն բարեբեր հունձքին` ունինք հոգեկան անհուն բաւարարութիւն եւ հրճուանք: Ծնողները, տեսնելով իրենց զաւակներուն յաջողութիւնը, յոյսով կը ներշնչուին, որ անոնք պիտի դառնան հայութեան պարծանքը, որովհետեւ անոնք իրենց զաւակները առաջնորդած են Համազգային` ո՛չ միայն տեղեկութիւն ամբարելու եւ բարձրորակ կրթութիւն ստանալու, այլեւ` հայկակա՛ն արժէքներուն հաւատարիմ մնալու ոգիով, կամքով ու յանձնառութեամբ թրծուելու:

Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Հարպոյեան յայտնեց, թէ կեանքը յարափոփոխ է եւ ոչինչ մնայուն, բացի վկայականին արժէքէն, որովհետեւ անոր արժէքը նիւթեղէն չէ, այլ` կը կայանայ իրենց գիտութեան, երաժշտական ուսման եւ ձեռքբերումներուն մէջ: Ան հաստատեց, որ դպրոց մը աւարտելու հասկացողութիւնը վերջակէտ չունի` աւելցնելով, որ աշակերտները աւարտեցին երաժշտանոցի ծրագիրը իր մասնագիտական` գործիքային եւ տեսական բաժիններով, սակայն ոչ երաժշտական ուսումը: Դպրոցը զիրենք դրաւ արուեստի այն լայն ճանապարհին վրայ, ուր ամէն օր սորվելիք կայ, եւ հոն իրենց գիտութիւնը եւ տաղանդը իսկական քննութեան պիտի ենթարկուին, իրենց դիմաց պիտի ունենան մարտահրաւէրներ, զորս վստահաբար պիտի յաղթահարեն: Ձախողութիւնը փուլ մըն է, որ մեզ կը դնէ յաջողութեան ճիշդ ճամբուն վրայ եւ ինքնին դաստիարակիչ է, որովհետեւ անկէ դասեր կրնանք քաղել:

«Հիմա, երբ կը մեկնիք սիրելի՛ շրջանաւարտներ, նկատի ունեցէ՛ք, որ ձեր վկայականներուն հետ ամբարած էք նաեւ հայկական ոգին, շունչը եւ ճաշակը, իբրեւ մասունք` մեր ինքնութեան ու գոյատեւման: Սորվեցէ՛ք, արձանագրեցէ՛ք յաջողութիւններ եւ նուաճումներ, բայց ձեր կարգին դուք ալ ներդրում ունեցէ՛ք ձեզի հարազատ միջավայրին` այս քոլեճին մէջ», հաստատեց Մարալ Հարպոյեան:

Շարունակելով իր խօսքը` Հարպոյեան յայտնեց, որ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնը եւ տնօրէնութիւնը, յարմար նկատած են 2020-2021 տարեշրջանի 10-րդ դասարանի շրջանաւարտներու սերունդը անուանել «Մելքոն Տէմիրճեան» սերունդ` առ ի յարգանք ու երախտագիտութիւն աւագ ուսուցիչ Մելքոն Տէմիրճեանին եւ վերջինիս երկար տարիներու վաստակին:

Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ ջութակահարներու համոյթը` կատարողութեամբ Յովհաննէս Գարախանեանի, Ռիթա Աստիքեանի, Նենսի Աւագեանի եւ Նարօտ Ադամեանի, նուագակցութեամբ Հենրի Իշխանեանի. համոյթը որ մեկնաբանեց Կոմիտասի «Ծիծեռնակ»-ը եւ Ալ. Յարութիւնեանի  «Տօնական վալս»-ը, որուն յաջորդեց եռեակը` Յովհաննէս Գարախանեան` ջութակ, Նայիրի Ղազարեան` թաւջութակ եւ Սիրվարդ Պոյաճեան Սապունճեան` դաշնակ, որ մեկնաբանեց Ալեքսանդր Սպենդիարեանի «Էնզելի» եւ «Հիճազ» երաժշտական կտորները, ապա սոփրանօ Ստեֆանի Քոչարեան` դաշնակի ընկերակցութեամբ Կարօ Աւեսեանի մեներգեց Արմէն Տիգրանեանի «Ասում են ուռին», իսկ Կարօ Աւեսեան, մեկնաբանեց Նահապետ Քուչակի «Հայրէն» կտորը:

Օրուան պատգամախօս, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ կեանքը առանց արուեստի կը նմանի ձայնասփիւռի մը առանց ձայնի, արեւու` առանց ճառագայթի, կամ պասքեթպոլի մը` առանց կողովի, աւելցնելով, որ արուեստը փաստ մըն է, որ մենք ունինք միտք եւ երեւակայութիւն, թաքնուած կարողութիւն, ճաշակ, հաղորդելու կերպ, զարգացում, նաեւ` ինքնութիւն: Ան նկատել տուաւ, որ իւրաքանչիւր արուեստ եւ արուեստի արտայայտութիւն ունի որոշ արժէք` ընդգծելով, որ հայուն արուեստը, օտարներուն իսկ վկայութեամբ, հարուստ է: Հոն կայ պատմական խորք, այլ մշակոյթներէ ազդեցութիւն, բայց նաեւ ինքնուրոյն ոճ, հակասութիւններու համադրում, լեռն ու ձորը, պայծառն ու մութը, կորուստն ու յաղթանակը, նուրբն ու կարծրը, հաւատքն ու կասկածը միաձուլուած: Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան հաստատեց, որ Համազգայինը շատ լուրջ բեռ ունի, որ կը կատարէ նուիրումով: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ չորս ազդակներ, որոնց շնորհիւ շրջանաւարտներ վկայական կը ստանան. տաղանդ, որ տարբեր աստիճաններով մեզի հետ կը ծնի, ուսուցիչ` այն անձն ու ոճը, ուսուցումի կերպը եւ դպրոցը, քաջալերող` շրջապատը, ծնողք-ուսուցիչ, ընկերակից, պատասխանատու, հոգին սնուցանող, ջանք` յարատեւ փորձ, կանոնաւոր, լուրջ եւ երկարաժամկէտ կիրարկում:  Եզրափակելով իր խօսքը` վեր. Հայտոսթեան շնորհաւորեց շրջանաւարտները` մաղթելով, որ անոնք նոյն ձեւով շարունակեն իրենց ընթացքը յառաջիկայ փուլերուն:

Այնուհետեւ շրջանաւարտներ Րաֆֆի Նորտիկեան` դաշնակ եւ Կասիա Լեւոնեան` սրինգ, հերթաբար մեկնաբանեցին երաժշտական կտորներ:

Նկատի ունենալով Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գեղարուեստի պետական ակադեմիային հետ ունեցած գործակցութիւնը, երաժշտանոցի նախագահ Սոնա Յովհաննիսեանի եւ ակադեմիայի տնօրէն փրոֆ. Արամ Իսաբէկեանի ուղղած սրտի խօսքերը սփռուեցան պաստառի վրայ: Ապա շրջանաւարտներ Կարին Տէմիրճեան` ջութակ, Նանոր Խարմանտայեան`  դաշնակ եւ Ներսէս Ջուլճեան` դաշնակ, հերթաբար մեկնաբանեցին երաժշտական կտորներ:

«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Յովհաննէս Գարախանեան իր սրտի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք քոլեճին եւ ուսուցիչներուն կողքին կանգնելով միասնաբար կարելի եղաւ յաղթահարել դժուարութիւնները եւ յաջողութեամբ աւարտել տարեշրջանը: Ան նաեւ յորդորեց շրջանաւարտները` շարունակելու իրենց ուսումն ու կրթութիւնը:

Ապա տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի վկայագիրներու եւ վկայականներու յանձնում, ինչպէս նաեւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի վկայականի  յանձնում: «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն վկայական ստացան Րաֆֆի Նորտիկեան, Կասիա Լեւոնեան, Կարին Տէմիրճեան, Նանոր Խարմանտայեան եւ Ներսէս Ջուլճեան, իսկ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայէն` Նազարէթ Գասէմճեան, որուն գործերը ցուցադրուած էին սրահի մուտքին:

Յայտնենք, որ շրջանաւարտները եւ աւարտականները ստացան նուէր գիրքեր, տրամադրուած` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան իր ուղղած սրտի խօսքին մէջ ընդգծեց, որ մշակոյթն ու արուեստը կ՛ազնուացնեն եւ կը ձեւաւորեն սերունդներու միտքն ու հոգին, հզօր կը դարձնեն անոր սիրտը` աւելցնելով, որ այսպիսով կը զօրանան հաւաքականութիւնները, աւելի ուժեղ կը դառնայ ժառանգութիւնը, եւ ազգերը կը յաջողին իրականացնել իրենց իղձերն ու երազները: Ան շեշտեց, որ հազարամեայ պատմութեան տէր հայութեան գոյատեւելու եւ դիմադրելու պողպատեայ կամքը խիզախութեան կողքին կռանուած է հայ մշակոյթի եւ արուեստի նկատմամբ անոր ունեցած հաւատքին եւ պաշտամունքին վրայ: «Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները արուեստագէտ պատրաստելու կառոյցներ չեն միայն: Հոս, հսկայական հայաշունչ ճիգին շնորհիւ կը պահպանուի հայ մշակոյթը, ժառանգութիւնը, վաղուան յոյսը: Հոս իր առանձնայատկութիւններով կը կերտուի հայ մշակոյթի ծառաներու փաղանգը, որ իր անվիճելի դերակատարութիւնը կ՛ունենայ մեր ժողովուրդի կամքի ամրապնդման մէջ»,  հաստատեց նախարարի պաշտօնակատարը եւ եզրափակելով իր խօսքը յորդորեց շրջանաւարտները գիտակից ըլլալու այն ներդրումին, որ կատարուեցաւ իրենց համար, նաեւ պատասխանատու ըլլալ այն կառոյցին հանդէպ, որ իրենց շնորհեց առիթը կեանքին մէջ հայ մշակոյթի եւ արուեստի զէնքով պայքարելու:

Նկատի ունենալով, որ արցախեան Բ. պատերազմի լիբանանահայ նահատակ հերոս Գէորգ Հաճեան եղած է Համազգայինի եւ «Գուսան» երգչախումբի անդամ, հանդիսութիւնը փակուեցաւ անոր մեկնաբանած «Յարատեւ կռիւ» վերջին երգով:

Այնուհետեւ սրահի մուտքին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

Յայտնենք, որ շաբաթ, 26 յունիսին,  Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 7-րդ դասարանի աշակերտներու երաժշտական ունկնդրութիւն եւ այդ սերունդը կոչուեցաւ «Կարօ Սվաքճեան» սերունդ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Երկիրը Արտերկրէն»

Յաջորդը

Ս. Նշանի Մէջ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ընտրութեան Եւ Օծման 26-րդ Տարեդարձի Նշում

RelatedPosts

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու
Գաղութային

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

Մարտ 31, 2023
Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի  Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում  Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Մարտ 30, 2023
Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն
Գաղութային

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In