Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Նշանի Մէջ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ընտրութեան Եւ Օծման 26-րդ Տարեդարձի Նշում

June 29, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 27 յունիս 2021-ին, յընթացս Ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք:

Առ այդ, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագին նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը` անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձին, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ երկար կեանք պարգեւէ վեհափառին` զինք զօրացնելով հոգեւոր արութեամբ եւ պարգեւելով մտքի եւ հոգիի պայծառութիւն, որպէսզի մեր ժողովուրդին եւ մեր եկեղեցւոյ կողմէ իրեն վստահուած պարտականութիւններուն համար ան կարենայ շարունակաբար գտնել նոր ներշնչում եւ նոր եռանդ:

«Անցնող 26 տարիներուն, հակառակ մեր շուրջ տիրող քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ու ծանր պայմաններուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յանձնառութեան բարձրագոյն գիտակցութեամբ ձգտեցաւ առաւելագոյն չափով տիրութիւն ընել մեր ժողովուրդին: Ան եղաւ մեծ տեսիլքներ հետապնդող հայրապետը, եւ անոր կեանքը վերածուեցաւ հաւատաւոր նուիրումի ընթացքի մը` միշտ ի խնդիր Անթիլիասով արտայայտուող ու պաշտպանուող արժէքներուն եւ սկզբունքներուն», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը աւելցնելով, որ Արամ Ա. կաթողիկոս իր ունեցած ամբողջ կարողութիւնները նուիրաբերելով մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի ծառայութեան գործին, անմիջական մեր միջավայրէն ներս ու կեանքի ընդարձակ ասպարէզներուն մէջ ոչ միայն վարկ եւ հեղինակութիւն շահեցաւ իր անձին համար, այլ նաեւ մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին բերած իր ակնյայտ նպաստով թողուց իւրայատուկ դրոշմ եւ անջնջելի հետքեր մեր կեանքի պայմաններուն մէջ: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ վեհափառ հայրապետին նուիրումին դիմաց այսօր սիրով եւ երախտագիտութեամբ կը բոլորուինք մեր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի մեր աղօթքով ու սրտի բարեմաղթութիւններով հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան, Կիլիկեան սուրբ աթոռի անսասանութեան եւ վեհափառ հայրապետի կեանքին համար փառք տանք Աստուծոյ եւ սրտովին աղերսենք, որ մեր եկեղեցւոյ ճամբով առաւել յոյս եւ առաւել բարիք հաստատուի ի սփիւռս աշխարհի ապրող մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Նախորդը

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յաջորդը

Անթիլիասի Մէջ Հայրապետական Մաղթանք Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 26-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.