Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, այսու պաշտօնապէս կը տեղեկացնենք, որ չորեքշաբթի, 16 յունիս 2021-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան Խառն ժողովը, փիլոնազուրկ հռչակեց Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Մկրտիչ ա. քհնյ. Քէշիշեանը, որ կասկածելի պայմաններու մէջ սեփականացուցած է իր հոգեւոր խնամքին ենթակայ տարեց հայուհիի մը բնակարանը:
Ուստի, թուականէս սկսեալ, ան մաս չի կազմեր Լիբանանի հայոց թեմի հոգեւորականաց դասուն եւ կը զրկուի իր ունեցած բոլոր պարտականութիւններէն ու իրաւունքներէն:
Հայ եկեղեցւոյ բեմին վրայ կրնան մնալ այն հոգեւորականները, որոնք կը հետապնդեն ու կը պաշտպանեն մեր եկեղեցւոյ շահը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
16 յունիս 2021