Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային Ժողովի

June 16, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային ժողովը, որ գումարուեցաւ 10-15 յունիսին` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ վերջին երկու տարիներու զարգացումներուն լոյսին տակ կը վերահաստատէ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին կողքին կանգնելու իր երկարամեայ ու հաստատ յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ իր բոլոր կարելիութիւններով հայկական երկու հանրապետութիւններու ժողովուրդին աջակցելու աշխատանքը վճռականութեամբ շարունակելու վերանորոգ կամքը:

Ժողովը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներէն կը պահանջէ տէր կանգնիլ ու պաշտպանել Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման աներկբայելի իրաւունքը, որ անոնց կողմէ արցախեան տագնապի մնայուն ու խաղաղ լուծման համար ճշդուած Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքներէն կարեւորագոյնն է:

Ժողովը նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն, միջազգային ընտանիքին ու առնչակից միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ`  դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի` ուժի կիրարկման սպառնալիքն ու կիրարկումը արգիլող սկզբունքի խախտումով Արցախի Հանրապետութեան ընդարձակ տարածքներու բռնագրաւումը, այդ տարածքներուն մէջ մշակութային ցեղասպանութեան գործադրումը, ինչպէս նաեւ զինադադարի հաստատումէն ամիսներ ետք հայ պատերազմական գերիները իր մօտ պահելը եւ անոնց նկատմամբ հոգեկան ու ֆիզիքական չարչարանքներու կիրարկումը` յստակօրէն խախտելով Ժընեւեան ուխտը:

ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային ժողովը իր ամբողջական ու անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնէ ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցին բոլոր կեցուածքներուն` բողոքի ու անհնազանդութեան ցոյցերէն մինչեւ «Հայաստան» դաշինքի ձեւաւորում, որոնց նպատակը Հայաստանի ու անոր ժողովուրդին փրկութիւնն է եւ արցախեան Բ. պատերազմի աղէտին պատասխանատու իշխանութիւններուն հեռացումը: Ուստի, ժողովը հայրենի ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղէ համախմբուելու «Հայաստան» դաշինքին շուրջ` պաշտպանելու համար Հայաստանի պետականութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը եւ հեռացնելու հայրենակործան ու հողատու ներկայ իշխանութիւնը:

15 յունիս 2021

Նախորդը

«Վատիկան Կ՛երթանք Լիբանանի Ամբողջ Ժողովուրդին Դիմագրաւած Դժուարութիւնները Պարզելու Եւ Նոր Կառավարութեան Կազմութեան Հրամայականը Շեշտելու» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.