Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հինգ նորագիր ուխտեալներ արժանացան կուսակրօն քահանայութեան կարգին:
Կիրակի, 20 յունիս 2021-ին Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս ս. պատարագին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանի ձեռամբ եւ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի խարտաւիլակութեամբ, կատարուեցաւ աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում:
Ընծայեալները` Ժան սրկ. Սէլլումեանը, Կարապետ սրկ. Էօրտէքեանը, Գէորգ սրկ. Թէնէքէճեանը, Հենրիկ սրկ. Մալխասեանն ու Աբրահամ սրկ. Տէկիրմէնճեանը, առաջնորդութեամբ խարտաւիլակ հայր սուրբին, ծնրադիր բարձրացան ս. խորան, ուր կատարեցին աշխարհէն հրաժարելու եւ Քրիստոսի լուծը կրելու խոստումը: Ապա խարտաւիլակ հայր սուրբը միւռոնաթափ աղաւնին թափօրով բարձրացուց ս. խորան եւ յանձնեց ձեռնադրիչ սրբազան հօր, որ սրբալոյս միւռոնով դրոշմեց ընծայեալներուն ճակատը եւ աջ ու ձախ ձեռքերը:
Անուանակոչութեան հոգեթով պահուն Ժան սարկաւագը վերանուանուեցաւ Եզեկիէլ քահանայ, Կարապետ սարկաւագը` Եսայի քահանայ, Գէորգ սարկաւագը` Եզրաս քահանայ, Հենրիկ սարկաւագը` Եղիա քահանայ եւ Աբրահամ սարկաւագը` Երեմիա քահանայ: Ապա անոնք տուին իրենց անդրանիկ «խաղաղութիւն»-ը մայր տաճարին մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն:
Հուսկ, ձեռնադրիչ սրբազանը յղեց օրուան պատգամը: Լուսարձակի տակ առնելով Հայ եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան վերջին երկու տասնամեակները, ան ընդգծեց մարդակերտման առաքելութեան ու հոգեւորականներու պատրաստութեան մղուած եկեղեցւոյ ուղին` նկատել տալով, որ իբրեւ ասոր արդիւնք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան կը միանան նորընծայ հինգ կուսակրօն քահանաներ: Խօսքը ուղղելով նորաօծներուն` սրբազանը յայտնեց. «Դուք Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակի սերունդ էք: Հպարտ, երախտագէտ ու գիտակից պէտք է ըլլաք այս իւրայատկութեան համար»: Սրբազանը քաջալերեց անոնց` օրինակ ունենալու վեհափառ հայրապետին իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը եւ նոյն գիտակցութեամբ նուիրուելու աստուածահաճոյ առաքելութեան: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Աստուածաշունչ մատեանի կարեւոր հանգրուաններէն մէկն է մարգարէներուն տարած գործունէութիւնը, հետեւաբար հարկ է անոնց նմանելու ձգտիլ, հանել հին պատմուճանները եւ հագուիլ նոր մարդու սքեմը` որպէս Աստուծոյ խօսքին պատգամաբերներ: Ան քաջալերեց, որ նորընծաները մարգարէանան իրենց տեսութեամբ եւ, ապագան տեսնելով, ծրագրաւորեն իրենց կեանքը` ծառայասիրութիւնը կիզակէտ դարձնելով: Սրբազանը խօսքը եզրափակեց իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնելով վեհափառ հայրապետին եւ շնորհաւորելով անոր գահակալութեան 25-ամեակը, ինչպէս նաեւ` շնորհաւորելով զայն, դպրեվանքի տեսչութիւնը, միաբանութիւնը, նորաօծներուն ընտանիքները եւ ընտանեկան պարագաները` նորաօծներուն ձեռնադրութեան եւ օծման առիթով:
Քարոզէն անմիջապէս ետք, «Ողջոյն»-ի պահուն, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, ներկայ միաբանութիւնը խորան բարձրացաւ եւ համբոյրով ողջունեց նորաօծ քահանաներուն մուտքը Հայ եկեղեցւոյ ծառայական դաշտ ու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանական ուխտ:
Յայտնենք, որ հինգ նորընծաներուն կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի թեմի ազգայիններէն, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանը: Աւանդութեան համաձայն, կնքահայրը նորաօծներուն ճակատներու եւ ձեռքերու լուացումը կատարեց:
Վերջապէս, տեղի ունեցաւ կատարեալ հնազանդութեան, կամաւոր աղքատութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտերու խորհրդանիշը հանդիսացող վեղարի օրհնութիւնը եւ կուսակրօնութեան իբրեւ նշան` միաբանական կնգուղը դրուեցաւ նորընծաներուն գլխուն:
Պատարագի աւարտին, առաջնորդութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հօր, նորընծաները բարձրացան վեհափառ հայրապետին մօտ եւ ստացան անոր օրհնութիւնը: Ապա ս. խորանին առջեւ ներկայ հաւատացեալները, մօտենալով նորընծաներուն, աջահամբոյրով ստացան անոնց անդրանիկ օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեցին զանոնք:
Յայտնենք, որ ըստ աւանդութեան, յառաջիկայ 40 օրերու ընթացքին նորընծայ հայր սուրբերը պահեցողութեան, աղօթքի ու խոկումի պիտի նուիրուին` Տիրոջ օրինակով պատրաստուելու իրենց առաքելութեան:
Աբեղայական Ձեռնադրութեան Եւ
Օծման Կոչման Արարողութիւն
Շաբաթ, 19 յունիս 2021-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանի ձեռամբ եւ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի խարտաւիլակութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ դպրեվանքի աւարտական դասարանի հինգ ընծայեալ սարկաւագներու` Ժան Սէլլումեանի, Կարապետ Էօրտէքեանի, Գէորգ Թէնէքէճեանի, Հենրիկ Մալխասեանի եւ Աբրահամ Տէկիրմէնճեանի կոչման արարողութիւնը:
Արարողութեան ընթացքին ընծայեալները մայր տաճարի մուտքէն ծնրադիր ուղղուեցան դաս, ուր կատարեցին հաւատքի խոստովանութիւն, նզովեցին բոլոր հերետիկոսները, հաստատեցին Հայ եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքին եւ, սրբազան հայրապետներու հաստատած կանոններու նկատմամբ իրենց հաւատարմութիւնը եւ, վերջապէս, ս. խորանին դիմաց ծունկի եկած, վեհափառ հայրապետին, միաբան հայրերուն, ձեռնադրիչ սրբազանին եւ ժողովուրդին առջեւ հրապարակաւ կարդացին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին զինուորագրութեան ու հաւատարմութեան իրենց ուխտագիրները: