Հանդիպում Արամ Ա. Եւ Աֆրամ Բ. Հոգեւոր Պետերուն Միջեւ
Չորեքշաբթի, 7 յուլիս 2021-ի երեկոյեան, Աթշանէի (Լիբանան) ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. եւ Աֆրամ Բ. հոգեւոր պետերուն միջեւ: Հանդիպումին ներկայ էին երկու եկեղեցիները ներկայացնող եպիսկոպոսներ ու հոգեւոր հայրեր: Հանդիպման ընթացքին թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ՛ պատրիարքը անդրադարձան հայ եւ ասորի եկեղեցիներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան եւ հասարակաց սկզբունքներուն...




















