Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Ասորական միութիւն կուսակցութեան Զահլէի մասնաճիւղին, շաբաթ, 12 յունիսին ոգեկոչուեցաւ 106-ամեակը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած հաւաքական սպանդին` ասորիներուն, հայերուն եւ ընդհանրապէս Արեւելքի ու յատկապէս Լեռնալիբանանի մարոնիներուն նկատմամբ:
Քաղաքական եւ հոգեւոր պաշտօնական անձնաւորութիւններու կարգին ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէի անդամներ եւ Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:
Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին անունով Խաժակ Բալուլեան, Մարոնիական ասորական միութիւն հիմնադիր Ամին Սքանտար, Ասորական միութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչ Միշել Մելլօ: Բոլորն ալ հաստատեցին, որ միեւնոյն թուրը ճօճեցաւ Արարատ լեռէն մինչեւ Լեռնալիբանան` պարտադրելու մէկ ինքնութիւն եւ մէկ կրօն` դիտել տալով, որ թրքական պետութիւնը տակաւին կը շարունակէ ժխտել իր կատարած ոճիրները, որոնց վերաբերող բազում փաստեր գոյութիւն ունին, եւ որոնք ընդունած են բազմաթիւ մեծ պետութիւններ: Խօսք առնողները հաստատեցին, որ պիտի շարունակեն իրենց պայքարը, մինչեւ որ Թուրքիա ընդունի իր յանցագործութիւնը եւ հատուցում կատարէ, որպէսզի մարդկային պատմութեան մէջ գործուած ահաւոր ցեղասպանութիւնը չկրկնուի:
Խաժակ Բալուլեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ 1915-ին գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան, որուն նպատակն էր բնաջնջել հայութիւնը` շեշտելով, որ օսմանեան ծրագիրը չյաջողեցաւ, հայութիւնը, հակառակ բազում չարչարանքներու եւ սպանդի, յարութիւն առաւ, վերակենդանացուց լեզուն, մշակոյթը, քաղաքակրթութիւնը, կառուցեց եկեղեցիներ, դպրոցներ, պահպանեց իր աւանդներն ու ազգային արժէքները, վառ պահեց իր դատը, զոր իրեն հետ տարաւ զինք հիւրընկալող տարբեր երկիրներ:
Ան յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ լիբանանահայութեան պարագան` նշելով, թէ ան, Լիբանանի մէջ համարկուելով հանդերձ, պահպանեց իր իւրայատկութիւնը, մասնակից դարձաւ Լիբանանի կերտման, վերականգնման եւ բարգաւաճման` իր սուղն ու աժանը տալով այս երկրին, որուն քանդումին երբեք չմասնակցեցաւ:
Խաժակ Բալուլեան դիտել տուաւ, որ հայութեան համար Լիբանանն ու Հայաստանը մարմինի եւ հոգիի միահիւսման նման են, իսկ անոնց նկատմամբ լիբանանահայութեան հաւատարմութիւնը փաստուած է գործով եւ ոչ թէ խօսքով:
Ապա ան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ նկրտումներուն, որոնք բարեսիրական տեսք կրնան ունենալ, սակայն քաղաքական բովանդակութիւն, ուստի պէտք է զգաստ ըլլալ, որովհետեւ կարելի չէ արտօնել, որ արեամբ գրուած պատմական իրողութիւնները նման փորձերով մոռացութեան մատնուին: Առ այդ, Բալուլեան հաստատեց, որ հայերուն, ասորիներուն եւ Թուրքիոյ ոճրային արարքներուն զոհ գացածներուն պայքարը անվերջ է եւ անկոտրում: Այս առիթով ան շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ճանչնայ իր գործած սպանդները եւ հատուցում տայ: Միջազգային ընտանիքը նաեւ պէտք է արգիլէ, որ Թուրքիա միջամուխ ըլլայ պատերազմներու հրահրման, ինչպէս էր պարագան Արցախի դէմ շղթայազերծուած ազրպէյճանական պատերազմին, որուն ուղղակի մասնակիցն ու մղիչն էր Թուրքիան:
Իր խօսքը եզրափակելով` Խաժակ Բալուլեան շեշտեց, որ հայերն ու ասորիները պիտի շարունակեն իրենց պայքարը` միշտ վառ պահելով նահատակներուն կտակը: