Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այս Շաբաթավերջին. Համա-ՀՄԸՄ-ական Ա. Առցանց Բանակումը` Աւելի Քան 1000 Սկաուտներու Մասնակցութեամբ

June 23, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, այս շաբաթավերջին` 26 եւ 27 յունիսին, տեղի կ’ունենայ համա-ՀՄԸՄ-ական Ա. առցանց բանակումը` մասնակցութեամբ միութեան 25 շրջաններէ աւելի քան 1000 սկաուտներու: Բանակումին կը մասնակցին նաեւ Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան սկաուտներ:

«Միասնութիւն` կայուն ապագայի մը համար» բնաբանով կազմակերպուած այս բանակումը իր տեսակին մէջ առաջինն է եւ նորութիւն է ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին համար: Բանակումը կը սկսի շաբաթ, 26 յունիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին եւ կ’աւարտի կիրակի, 27 յունիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): 24 ժամուան տարբեր պահերուն, աշխարհի չորս ծագերուն ապրող ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ, իրենց յարմարող ժամերուն, միութեան կողմէ տրամադրուած ե-նամակներու յատուկ գաղտնաբառերով կ’այցելեն այս նպատակին համար ստեղծուած ելեկտրոնային հարթակ-բանակավայրը (phoj.homenetmen.org), ուր անոնք առիթը կ’ունենան մասնակցելու բանակավայրի գործունէութեան զանազան մարզերուն. սկաուտական խաղեր, ղեկավարման հմտութիւններու զարգացումներ, դաստիարակչական աշխատանքներ, Հայաստանի ծանօթացման առցանց շրջապտոյտներ, հայկական խոհանոցի ծանօթացման յայտագիրներ եւ այլն:

Բանակումի տարբեր ժամերուն մասնակիցներուն «կ’այցելեն» կարգ մը հիւրեր, որոնք կ՛ուղղեն իրենց սրտի խօսքերը կամ կը պատասխանեն սկաուտներու հարցումներուն: Հիւրերու շարքին են Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլատիս Պէրէճիքլեան, Գեղարդ ծ. վրդ. Քիւսպէքեան (Քանատա), ժապաւէններու արտադրիչ Սեւ Օհանեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ), մանկաբոյժ տոքթ. Ալին Ա. Պաղտասարեան (Արեւելեան Մ. Նահանգներ), իրաւաբան Սեւակ Թորոսեան (Ֆրանսա) եւ «Միասին» ոչ կառավարական կազմակերպութեան հիմնադիր Մարիա Սարգիսեան (Հայաստան):

Յայտագիրի վրայ են դաստիարակչական հանդիպումներ` հանրածանօթ հաղորդավար Գեւ Օրգեանի (Անգլիա), առցանց լսարաններու զրուցավար Յակոբ Էմրազեանի (Քուէյթ), գրագէտ, թատերագիր եւ մենախօսութիւններու վարպետ Վահէ Պէրպէրեանի (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ) եւ խոհարար Ալին Գամաքեանի հետ (Լիբանան):

Բանակումը պիտի ունենայ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի իր առցանց հաղորդումները: Մասնակից շրջանները պիտի ներկայացնեն այս առիթով իրենց պատրաստած եւ նկարահանած խարուկահանդէսները, իսկ շնորհալի սկաուտներ առիթը պիտի ունենան յատուկ տեսանիւթերով ներկայացնելու իրենց տաղանդները (երգ, պար, նուագ, ասմունք, մարզանք եւ խոհարարական կարողութիւններ):

Առցանց բանակումին կը մասնակցին 13 տարիքը բոլորած սկաուտներ, որոնք առիթը կ’ունենան աշխարհագրական բոլոր հեռաւորութիւնները յաղթահարելով` 24 ժամ գտնուիլ ելեկտրոնային միեւնոյն հարթակին վրայ, ծանօթանալ իրարու, զրուցել իրարու հետ, խաղալ ու մրցիլ իրարու դէմ եւ մասնակիցը դառնալ համա-ՀՄԸՄ-ական այս աննախընթաց եւ իւրայատուկ նախաձեռնութեան յաջողութեան:

Նախորդը

Պէյրութի Համազգայինի «Արտուտիկ» Ձայնապնակի Արձանագրութիւնը 1979-ին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.