Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխում Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

June 15, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ երկրին մէջ տիրող ընկերատնտեսական եւ առողջապահական վիճակին` Ազգային Միացեալ վարժարանը մանկապարտէզի 2020-2021 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի ամավերջի վկայականաց բաշխման հանդէսով կարողացաւ իր յարկին տակ ստեղծել ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը:

Չորեքշաբթի, 9 յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին  մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւնը կը վայելէր Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ  Շահէ արք. Փանոսեանի հովանաւորութիւնը: Հանդիսութիւնը կը սփռուէր նաեւ առցանց`  վարժարանի Դիմատետրի էջով:

Lիբանանի, Հայաստանի եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք սրահ մուտք գործեցին 2020-2021 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի 40 շրջանաւարտները, որոնք իրենց անմեղ ժպիտներով  բեմ բարձրացան եւ ներկաներուն փոխանցեցին կեանքի հանդէպ իրենց յոյսի եւ հաւատքի ապրումները: Զուգահեռաբար ցուցադրուեցաւ տեսերիզ, ուր իւրաքանչիւր աշակերտ հայրենիքի բռնագրւուած եւ անկախ շրջաններու անուններով նկարուած էր: Սրահի բեմն ու յարակից մասերը իւրայատուկ կերպով  զարդարուած էին այս առիթով:

«Դէպի փայլուն ապագայ» կարգախօսով բոլոր աշակերտները կարճ եւ զիրար ամբողջացնող միտքերով առանձին ներկայացան հանդիսատեսներուն` անդրադառնալով իրենց սորվածներուն ու ապագայի խոստումներ տալով: Ապա անոնք հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով խմբային երգեցողութիւն կատարելով` խանդավառեցին մթնոլորտը: Տարբեր լեզուներով քանի մը աշակերտներ, բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ներկաներուն փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքերը, որոնց ընդմէջէն հրաժեշտ տուին մանկապարտէզի ջերմ կեանքին եւ ուրախ խաղերուն, ինչպէս նաեւ ցոյց տուին իրենց պատրաստակամութիւնը` անցնելու նախակրթարանի Ա. դասարան:

Մանկապարտիզպան Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ նոր յոյս մըն է 2020-2021 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանը, որուն ստանալիք վկայականը սկիզբ պիտի դնէ աշակերտներու կրթական վերելքին, դիտել տալով, որ անոնց ներկայութիւնը հպարտութիւն կը պատճառէ եւ յաղթանակի զգացում կը ներարկէ:

Ապա ան խօսեցաւ անցնող ոչ սովորական կրթական տարեշրջանին մասին, որուն ընթացքին դասաւանդութիւնները կատարուեցան առցանց` տարբեր ծրագիրներով, միշտ փորձելով նշել հայկական եւ միջազգային տօները, հանդիպումներ կազմակերպել տարբեր ասպարէզներու մէջ աշխատող մասնագէտներու հետ, որպէսզի աշակերտները նախ ծանօթանան ու ապա ընդլայնեն իրենց միտքերն ու հորիզոնները: «Ամբողջացուցինք մանկապարտէզի բոլոր դասարաններու ուսումնական ծրագրերը ու այս դժուար փուլը յաղթահարելով` աշակերտը պահեցինք  դասի մթնոլորտին մէջ: Յոյսով ենք, որ շուտով «Քորոնա» համաճարակին պատճառով ստեղծուած այս կացութիւնը կը վերանայ, մեր աշակերտները կը վերադառնան դպրոց եւ վերստին կը գտնեն աշակերտի բնականոն ապրելակերպը, կ’ապրին ու կը վայելեն մանկապարտէզի ուրախ մթնոլորտը, դասերն ու ուսուցողական ծրագիրները, զուարճալի խաղերն ու պտոյտները», ըսաւ Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան:

Մանկապարտիզպանը նաեւ խօսեցաւ հայ դպրոցի կարեւորութեան մասին` հաստատելով, որ  հայ դպրոցին մէջ մեր զաւակները գոյութենական իմաստ պիտի տան մեր հաւաքականութեան, որովհետեւ հայերէն սորվելով, խօսելով ու աղօթելով պիտի կերտեն տիպար հայը ու անոր դատը բարձրացնեն, ուր ալ գտնուին: Ան դիտել տուաւ, որ հայկական գիտելիքներու ու արժէքներու ամբարումով է, որ պիտի ապահովեն հայ միտքի շարունակականութիւնն ու զարգացումը` լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ հայ դպրոց յաճախող աշակերտը ոչ միայն չի զիջիր օտար դպրոց յաճախողին, այլ նաեւ ունի առաւելութիւն, որովհետեւ կը գտնուի միջավայրի մը մէջ, որուն սիրտը հայութիւն կը տրոփէ եւ ընդմիշտ հայութեամբ կ՛ապրի:

Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան անդրադարձաւ նաեւ ծնողներու կարեւոր դերակատարութեան, որուն նեցուկին ու վստահութեան շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ յաջողութիւն կերտել: Անոր համաձայն, յատկապէս այս տարի, առցանց դրութեան պարտադրած պայմաններուն բերումով, ծնողները դարձան օժանդակ կամաւորներ ու հսկեցին իրենց զաւակներու դասին ու տնային աշխատանքներու կատարման` տան մէջ ուսուցիչին գործը շարունակելու առաքելութիւնը վերցնելով իրենց ուսերուն: Իր խօսքը եզրափակելով` ան մաղթեց, որ տասներկու տարի ետք Ծաղիկ դասարանի աշակերտները դարձեալ կանգնին նոյն բեմին վրայ` իբրեւ այս կրթօճախի աւարտական դասարանի աշակերտներ:

Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց սրբազան հօր` իր օրհնութեան ու ազգային վարժարանի աշխատանքներուն յարատեւ աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ` պատկան մարմիններուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերուն, բարեսիրական հաստատութիւններուն, «Ինթըրնեշընըլ օրթոտոքս քրիսչըն չերիթի» կազմակերպութեան, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին, «Աներա» կազմակերպութեան, ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ին, անհատ բարերարներուն եւ բարեկամներուն, Ազգային վարչութեան, ուսումնական խորհուրդին, դպրոցի խնամակալութեան ու տնօրէնութեան` իրենց մշտական ու օգտաշատ աշխատանքին համար, ապահովելով այս դպրոցի շարունակականութիւնն ու վերելքը:

Վկայականաց բաշխումը կատարուեցաւ` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ  Շահէ արք. Փանոսեանի, պետական երեսփոխան ու վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Թերզեանի, վարժարանի վարչական տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի եւ կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմէքճեանի:

Հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը յղեց Շահէ արք. Փանոսեան, որ ըսաւ, թէ, հակառակ անոր որ դժուար ժամանակներ կ՛ապրինք, բայց եւ այնպէս «մեր ծաղիկները» ամէն տեսակ դժուարութիւն մոռցնել տալով` կը յիշեցնեն, որ նաեւ կեանք կայ եւ այդ կեանքին հանդէպ ունինք այնպիսի պարտականութիւններ, որոնք պէտք է հաւատարմօրէն կատարենք, որպէսի հայ դպրոցը յարատեւէ, ինչպէս նաեւ մեր զաւակները առիթ ունենան նուաճելու իրենց դիմաց գտնուող բոլոր դժուարութիւնները:

Սրբազան հայրը աշակերտներն ու ծնողները շնորհաւորելէ ետք դրուատեց վերջիններուն մասնակցութիւնը տարուած աշխատանքին, գնահատեց` ուսուսուցիչները, վարչական պատասխանատուները, հայ դպրոցին հաւատաւոր բարեկամներն ու բարերարները, բոլոր պատասխանատուները, որոնք ակնկալութեամբ տակաւին կը նային հայ դպրոցին:

«Հայ դպրոցը ոչինչով նուազ է օտար հաստատութիւններէն, ընդհակառակը, ունի շատ աւելի մեծ առաւելութիւններ, որոնք տեսնելու համար պէտք է աչք, սիրտ ու հոգի ունենալ: Ոմանք հաւանաբար կեանքի պայմաններուն մէջ մեզմէ պիտի հեռանան, բայց ուրիշներն ալ պիտի տոկան, աճին, յարատեւեն եւ արդիւնքի վերածուին: Այդպէս եղած է մեր կեանքը եւ այդպէս ալ պիտի շարունակուի: Փառք կու տամ, որ հայ դպրոցի առաքելութեան հաւատացողներ կան, եւ կը գնահատեմ բոլոր անոնք, որոնք հաւատարմօրէն կը շարունակեն կանգնիլ հայ դպրոցի կողքին, որպէսզի հայ դպրոցով մեր միջավայրը ոռոգուի, ու օտար պայմաններուն մէջ ամէն օր Հայաստանը կերտուի: Փառք կու տամ, որ մեր ժողովուրդը կառչած կը մնայ իր նուիրական աւանդներուն եւ սրբութիւններուն ու իր մասնակցութեամբ առիթ չի տար, որ հիմնականը զոհուի ու կործանի, այլ, ընդհակառակը, ահաւասիկ այսքան նեղութիւններէ ու դժուարութիւններէ ետք հայ դպրոցի յարկին տակ քով քովի գալով` կը հպարտանանք, բայց նաեւ իրարմով կը զօրանանք, որպէսզի յառաջիկայ փուլին նաեւ խանդավառուինք ու նոր որակ եւ արդիւնք հաստատենք մեր կեանքէն ներս: Բարի երթ կը մաղթեմ ձեր զաւակներուն, բարիքով լեցուն վերամուտ կը ցանկամ այս եւ բոլոր հայկական վարժարաններուն», եզրափակեց Շահէ սրբազան:

Նախորդը

Հայրենի Յուշեր (12)

Յաջորդը

Խօսք Իմ Բարեկամին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.