Գաղութային

Զաւէն Խանճեան Այցելեց «Ազդակ»

Զաւէն Խանճեան Այցելեց «Ազդակ»

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան շաբաթ կէսօրին այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Հանդիպումը առիթ էր խորհրդակցելու ընկերակցութեան կառոյցին եւ տարած աշխատանքներուն մասին` Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն եւ միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ: Նշենք, որ ընկերակցութիւնը կ՛իրականացնէ բազմաոլորտ գործառոյթներ` հոգեւոր, կրթական, դաստիարակչական, բնակեցման եւ բարեսիրական: Այս ուղղութիւնները կը վերաիմաստաւորուին յատկապէս արցախեան պատերազմի եւ միջինարեւելեան երկիրներու ապրած սուր տագնապներուն...

Պուրճ Համուտի Մէջ Արհեստագիտական  Շրջանային Նոր Գրասենեակ Հիմնելով`    Մայմունէ Շերիֆ Եւ Միջազգային Մարմիններ Մօտէն   Հետեւեցան Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան  Իրագործած Վերականգնումի Ճիգերուն

Պուրճ Համուտի Մէջ Արհեստագիտական Շրջանային Նոր Գրասենեակ Հիմնելով` Մայմունէ Շերիֆ Եւ Միջազգային Մարմիններ Մօտէն Հետեւեցան Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Իրագործած Վերականգնումի Ճիգերուն

Անցեալ շաբաթավերջին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ձեռնարկած վերականգնումի ճիգերու ծրագիրը թեւակոխեց նոր փուլ մը, երբ ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարներու ծրագիրի (Եու. Էն. Հապիթաթ) գործադիր տնօրէն Մայմունէ Մոհտ Շերիֆ, Լիբանան կատարած իր պաշտօնական անդրանիկ այցելութեամբ` գլխաւոր կեդրոններու ծիրին մէջ շաբաթ, 12 յունիս 2021-ի առաւօտեան այցելեց նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն, ուր դիմաւորուեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեանի եւ...

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) նորընտիր վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ հոգեւոր խորհրդատու Արտաւազդ վրդ. Շառոյեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Նորընտիր վարչութիւնը կաթողիկոսին պարզեց իր յառաջիկայ գործունէութեան ընդհանուր պատկերը: Վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը տուաւ վարչութեան, որ հակառակ համաճարակին ստեղծած աննպաստ պայմաններուն` միութիւնը անցնող ամիսներուն շարունակած էր իր գործունէութիւնը: Նորին սրբութիւնը նաեւ իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ  Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումին

Երէկ` երեքշաբթի, 8 յունիս 2021-ի առաւօտեան, Պքերքէի մարոնի պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումը` մասնակցութեամբ մարոնի, հայ առաքելական, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ, հայ կաթողիկէ եւ քաղդէական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն: Հանդիպման նպատակն էր խորհրդակցիլ 1 յուլիսին Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպման շուրջ հասարակաց մօտեցումներ ճշդելու: Յայտնենք, որ Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպումը Ֆրանչիսկոս...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Դպրեվանքի 17 Սաներ Ստացան Դպրութեան Եւ Կիսասարկաւագութեան Աստիճան Նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. պատարագին, տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն` ձեռամբ մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեանին եւ խարտաւիլակութեամբ դպրեվանքի հսկիչ Գէորգ աբղ. Գարակէօզեանին: Դպրաց աստիճան ստացան հետեւեալ դպրեվանեցիները. Յակոբ Ճուլֆայեան, Յակոբ Սրապոնեան, Նշան Ասդրեան, Յովսէփ...

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 4 յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի: Հանդիսութեան սկիզբը աւարտական դասարանի 16 շրջանաւարտները ծափողջոյններով դիմաւորուելէ ետք ներկաներուն կողմէ բեմ բարձրացան, ապա քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք անոնք հանդէս եկան խմբային արտասանութեամբ մը: Հանդէսին եւ ասմունքին կարգախօսն  էր` «Մենք...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի ԺԲ. դասարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 3 յունիսին, վարժարանի բակի վերջերս բարեզարդուած բեմին վրայ: Հանդէսը կը վայելէր հովանաւորութիւնը եւ ներկայութիւնը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի: Հանդէսը սկսաւ շրջանաւարտներու մուտքով, որոնք բեմ բարձրանալով` երգեցին Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգները: Ապա անոնք հրամցուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը.  դաշնակի վրայ նուագեց Նաթալի Քեսմէեան, անգլերէնով ասմունքեց...

Մեր Կորուստները.  Մահացաւ Սփիւռքահայ  Գրող Եւ Հրապարակախօս Թորոս Թորանեան

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Սփիւռքահայ Գրող Եւ Հրապարակախօս Թորոս Թորանեան

Երեւանի մէջ, 93 տարեկանին մահացաւ հալէպահայ գրող, հրապարակախօս, արձակագիր, հասարակական գործիչ եւ բժիշկ Թորոս Թորանեան: Ան ծնած է 1928-ին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը: Անոր ծնողները` Խաչերը եւ Վարդուհին, ծնած են Կիլիկեան Հայաստանի Այնթապ քաղաքի Ճիպին գիւղը: Թորանեան բազմաոճ ստեղծագործող էր: Հեղինակն է «Աստղերու ճամբան» (1960), «Կանաչ տառեր» (1965), «Անտալուզեան երգեր» (1979), «Կարօտի ճամբաներով» (1990), «Մեծ հօրս պատմած հեքիաթները» (1992), «Թող Հայաստանը...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

«Քորոնա» ժահրին յառաջացուցած դժուարութիւնները կը շարունակեն ազդել սկաուտական եւ մարզական կեանքերուն վրայ: Այս դժուարութիւնները, սակայն, չեն կասեցուցած ֆետերասիոններու կազմութեան եւ ընտրութիւններու աշխատանքները: Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի ջանքերով մարզական կեանքը աշխուժացնելու, դասաւորելու ու զարգացնելու նպատակով յառաջացած են նոր ֆետերասիոններ: ՀՄԸՄ, իր կարգին, քայլ պահելով այս նորութիւններուն եւ 2020-ին ձեռք ձգած յաջողութիւնները շարունակելով, 2021-ին յաջողեցաւ ներկայացուցիչներ ունենալ 2...

«Շուշին Քաղաքակրթական Խաչմերուկի  Հանգամանք Վաստակած Է»  Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Մանուկեան

«Շուշին Քաղաքակրթական Խաչմերուկի Հանգամանք Վաստակած Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Մանուկեան

«Ազդակ»-ի 31-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Դասախօսն էր Ֆրիպուրկի համալսարանի դասախօս դոկտ. Աբէլ Մանուկեան. նիւթ` «Պազելի միսիոնարները եւ մշակութային զարթօնքը Շուշիի մէջ. 1823-1835 թուականներուն»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դոկտ. Մանուկեան դասախօսութեան առաջին բաժինով ներկայացուց Պազելի միսիոնարական շարժումին պատմականը, իսկ երկրորդ բաժինով կատարեց գնահատականը կրթամշակութային այն ծաւալուն գործունէութեան, որ տարած են Պազելի...

Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն կ՛ընկերանար դեսպանատան առաջին քարտուղար Ժան Հէյլպորն: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին շրջանային կացութեան ընդհանուր քննարկումէն ետք լայն անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մասին: Բագրատունի ներկայացուց անցնող ժամանակաշրջանի ընթացքին տեղի ունեցած անցուդարձերուն մասին ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումները` յիշելով, որ...

Ազգային Առաջնորդարանի  Ընկերային Բաժանմունք.  Մայրերու Տօնին Առիթով  Միօրեայ Ընկերային Հաւաք

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Բաժանմունք. Մայրերու Տօնին Առիթով Միօրեայ Ընկերային Հաւաք

Կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, երկուշաբթի, 31 մայիս 2021-ին, տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան առիթով տարեց մայրերու յատուկ միօրեայ նախաձեռնութիւն մը, որուն մասնակցեցան 14 տարեց մայրեր: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին մայրերը մեկնեցան «Schwarzkopf» վարսայարդարման դասաւանդութեան հիմնարկ, ուր իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ հոգատարութիւն: Այս առիթով, Ընկերային յանձնախումբի ատենապետուհի Յասմիկ Նանէճեան-Պզտիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկութեան, որ սիրայօժար մասնակից դարձած էր այս ծրագիրի յաջողութեան: Կէսօրին, նախագահութեամբ...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Նուիրուած  Խորհրդածութեան Շաբթուան Փակում

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Նուիրուած Խորհրդածութեան Շաբթուան Փակում

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առթիւ երկուշաբթի, 31 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Ս. Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց մատրան առջեւ տեղի ունեցաւ մէկ շաբթուան տեւողութեամբ կայացած ժամասացութեան եւ զանազան նիւթերու շուրջ հոգեւոր խորհրդածութեան փակումը: Այս առիթով սրբազան հայրը կատարեց ջրօրհնէք եւ խունկի օրհնութիւն: Իր քարոզին մէջ...

Պետական Հաշուեքննիչ Ատեանը Կը Հաստատէ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Պահանջներուն Իրաւացիութիւնը

Պետական Հաշուեքննիչ Ատեանը Կը Հաստատէ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Պահանջներուն Իրաւացիութիւնը

Ստորեւ կու տանք Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան դիմումով կատարուած պետական հաշուեքննութեան վճիռը, որ կը վերաբերի թափօններու թաղման վայրին առնչութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան  հետ կայացած համաձայնագիրի հիմամբ փոխանցուած գումարներուն: Նշենք, որ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը տարբեր առիթներու այս հարցով ներկայացուցած էր անհիմն մեղադրանքներ: Պետական հաշուեքննիչ ատեանի այս որոշումը հիմնովին կը ջրէ այդ մեղադրանքները: Պետական հաշուեքննիչ ատեանը վերջերս տրուած վճիռով մը հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի...

Ի Տէր Հանգեաւ Գրիգոր Պետրոս  Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Ցաւակցագիր

Արհիապատիւ Գերապայծառ Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանին Հայ Կաթողիկէ Հոգեւոր Հայրերուն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան Զմմառ, Լիբանան Հոգեւոր հայրեր, Խոր ցաւով իմացանք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքի վախճանման գոյժը: Բարձր կը գնահատենք երանաշնորհ պատրիարքին հոգեւոր եւ ազգանուէր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` Անոր կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական ոլորտներուն մէջ թողած մեծ աւանդը: ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ մեր խորին...

Հաղորդագրութիւն.  «Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիր»-ը Կրկնակիօրէն Հրամայական Պահանջք Է

Հաղորդագրութիւն. «Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիր»-ը Կրկնակիօրէն Հրամայական Պահանջք Է

2020-2021 կրթական տարեշրջանը ամէն իմաստով եղաւ արտասովոր: Առցանց դասաւանդութիւնները, «Քորոնա» համաճարակին պարտադրած սահմանափակումները եւ Լիբանանի ընկերային ու տնտեսական կեանքի դժուար պայմանները, ազգային վարժարանները դէմ յանդիման դրին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, որոնց յաղթահարումը պահանջեց հաւաքական ճիգ եւ կամք: Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի գլխաւորութեամբ եւ Ազգային իշխանութեան մարմիններու հոգատար հսկողութեամբ, հաւաքական այդ ճիգին մասնակից դարձան Ազգային առաջնորդարանին միջոցաւ «Հայ...

Հայաստանի Անկախութեան 103-Ամեակի Նշում`  Մայիսեան Կտակին Հաւատարիմ Մնալու  Եւ Պայքարը Շարունակելու Պատգամով

Հայաստանի Անկախութեան 103-Ամեակի Նշում` Մայիսեան Կտակին Հաւատարիմ Մնալու Եւ Պայքարը Շարունակելու Պատգամով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հանրային կապերու մարմինին, 28 մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 103-ամեակի նշում, որուն նախորդեց ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու տողանցք Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Շաղիկ Յարութիւնեան-Յովսէփեան, որ վեր առաւ անկախութեան արժէքն ու անոր համար մղուած պայքարը: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի ողջոյնի խօսքը արտասանեց Նարօտ Քեչեպաշեան,...

Վերջին Հրաժեշտ` Երջանկայիշատակ  Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին

Վերջին Հրաժեշտ` Երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին

Շաբաթ, 29 մայիս առաւօտեան Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները: Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ հանդիսապետութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ընդհանուր կառավարիչ, Բերիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի: Յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, մարոնի եկեղեցւոյ Պշարա Ռայի պատրիարքը, ինչպէս նաեւ...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ  Կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք

Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կիրակի, 30 մայիս 2021-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին, միաբան հայրերու ու հաւատացեալ ժողովուրդին, կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով: Ս. պատարագի ընթացքին, ձեռամբ վեհափառ հայրապետին կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն, որուն աւարտին վեհափառ հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած, որ «ամուր...

Page 136 of 365 1 … 135 136 137 … 365

Արխիւներ