Շաբաթ 19 եւ կիրակի 20 յունիս 2021-ին յաջորդաբար տեղի ունեցան Ճեմարանի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի երկու տարեշրջաններու վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնները:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիյեանը, որ ողջունեց ներկաները «Ուշ լինի, անուշ լինի» խօսքով` նկատի ունենալով համաճարակի պատճառով մէկ տարի ուշ վկայական ստացող սերունդը, ապա ան բարձր գնահատեց փոքրիկներն ու ուսուցիչները, որոնք թէկուզ պաստառներու ետին, սակայն յարատեւ կամքով ու աշխատանքով միասնաբար յաղթահարեցին բոլոր դժուարութիւնները: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն, որոնք հաւատալով հայ դպրոցի առաքելութեան` պատշաճեցան ստեղծուած արտասովոր պայմաններուն, եւ շնորհիւ այս գործակցութեան` կարելի եղաւ ամբողջացնել զոյգ տարեշրջանները:
Փոքրիկները հերթաբար արտասանելէ եւ երգելէ ետք, բեմ հրաւիրեցին Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեանը` վկայականներու բաշխման համար: Իւրաքանչիւր աշակերտ վկայականը ստացած ատեն ներկաներուն յայտնեց, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ ըլլալ ապագային:
Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.
2019-2020 տարեշրջանի հունձք. Աշգարեան Քամի, Բակլայեան Դալար, Գասարճեան Սթիւ, Գարայեան Վէմ, Գարապաշեան Սերժիօ, Գարկայեան Կալիա, Գէլեան Լոռի, Գէորգեան Աւետ, Թոքաթլեան Գարուն, Թորիկեան Քրիստափոր, Լիպարեան Նար, Խաչերեան Նարօ, Խտըրեան Արմէն, Կարապետեան Վանայ, Կարապետեան Սեւանայ, Ճապաղջուրեան Փաթիլ, Ճերմակեան Սոֆի, Մալեան Նարինէ, Մայիսեան Վարագ, Մարատեան Արսէն-Կերի, Մենզոյեան Լիանա, Մումժօղլեան Վանայ, Մուրատեան Անժելինա, Մուրատեան Մարիա, Մուրատեան Տաւիտ, Ուրիշեան Գէորգ, Չպլաքեան Արէն, Սաթոյեան Գրիգոր, Սապունճեան Գայիանէ, Սերոբեան Սառա, Սեփեթճեան Սօսէ, Սիմոնեան Րաֆֆի, Սիմոնեան Ռալֆ, Սրուրեան Կասիա, Սրուրեան Վանայ, Տեմիրճեան Տեսիլ, Տէր Ղուկասեան Արամազդ, Տեքրմենճեան Սէրլի, Քէօշկէրեան Վալենթինա:
2020-2021 տարեշրջանի հունձք. Աբրահամեան Նարէ, Ալեքսանեան Ալեակ, Այուպ Սերլա, Այվազեան Սագօ, Արսլանեան Նարէ, Բակլայեան Սեւակ, Գայապալեան Սիլվիօ, Գանտահարեան Նարինէ, Գարամանուկեան Վանի, Գէորգեան Ճոյա-Մարիա, Գույումճեան Աննա-Մարիա, Գույումճեան Շանթ, Գպրանեան Արա, Դարբինեան Արամ, Թահմիզեան Սէրլի, Թոքաթլեան Արմին, Թոփուշեան Զօէ, Ժամկոչեան Էլսա, Հատէշեան Արին, Հէյպէլեան Վայք, Մանուկեան Արամ, Յակոբեան Արամ, Յակոբեան Առնօ, Նատըր Ալեքսիա, Նատըր Աննա-Մարիա, Նիւրբէթլեան Նայիրի, Պալանեան Ժորժ, Պիթարեան Անտրէա, Պոյաճեան Զաւէն, Սահակեան Նարէ, Սահակեան Կայէլ, Սապունճեան Ռիթա, Սիւմպիւլեան Սէրլի, Վան Տեքերճեան Սոֆիա, Վարդանեան Իզապէլ, Վարդանեան Քրիսթոֆր, Տեմիրճեան Հայկ, Տեմիրճեան Քրիստափոր, Տերտէրեան Արէն, Քէլէշեան Սահակ:
Հանդէսի աւարտին տնօրէնուհին շնորհաւորեց փոքրիկները, ծնողները եւ անձնակազմը: Ան ըսաւ. «Սիրելի՛ ծնողներ, այս տարի դուք ալ մէկական ուսուցիչներ եղաք եւ ձեր տուներէն նեցուկ կանգնեցաք մեզի, որպէսզի կարելի ըլլայ այս դժուար փուլը շրջանցել: Սիրելի՛ ուսուցիչներ, դուք անկարելին կարելի դարձուցիք, որպէսզի գիտելիքները լաւագոյն ձեւով փոխանցուին աշակերտներուն»: Ան նշեց նաեւ, որ Ճեմարանի այս տարուան բոլոր հանդիսութիւնները թէեւ փոքրաթիւ ներկայութեամբ պիտի ըլլան` առիթ տալով միայն ընտանիքի անմիջական անդամներուն, սակայն անոնք միաժամանակ պիտի սփռուին դպրոցի Դիմատետրի էջին վրայ, որպէսզի Ճեմարանի բարեկամներն ալ կարենան հետեւիլ տարեվերջի բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Փաուլա Եղիայեան իր խօսքի աւարտին մաղթեց, որ 12 տարիներ ետք, մանկապարտէզի շրջանաւարտները նոյն բեմէն միասնաբար ստանան ճեմարանականի իրենց վկայականները:
Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին Ճեմարանի քայլերգով:







