Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզ Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յունիս 21, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի բակին մէջ տեղադրուած «Մամիկն ու Պապիկը» մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին քոլեճի մանկապարտէզի 2020 եւ 2021 տարիներու հունձք փոքրիկները, որոնք երգեցին, պարեցին ու վկայուեցան բեմին վրայ տեղադրուած Արարատ լերան լանջերուն:

Արդարեւ, 11 յունիս 2021-ին տարբեր եռուզեռ կը տիրէր քոլեճի բակին մէջ: Մանկապարտէզի շրջանը աւարտած փոքրիկները թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, պաշտօնական հիւրերու, ծնողներու եւ հարազատներու ներկայութեամբ, անհամբեր էին ստանալու իրենց վկայականները:

Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներու երգեցողութենէ ետք փոքրիկները հիւրերուն բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին, իսկ 2020-ի հունձքը ներկայացուց «Իմ անուշ Հայաստան» պարը:

Ապա շրջանաւարտ փոքրիկները ներկաները փոխադրեցին Արցախ` տող առ տող ներկայացնելով Արցախի պատմականն ու կենցաղը` «Պտոյտ մը դէպի Արցախ» խորագիրով:

2021-ի հունձքը հպարտ ու խանդավառ ներկայացուց «Զարթօնք» պարը, որմէ ետք երկու հունձքերը, աշխուժ ու եռանդուն, յաջորդաբար երգեցին «Ժառանգներն ենք Արցախի», «Զինուորիկն եմ ես փոքրիկ» եւ «Ղարաբաղի բալիկն ենք» երգերը:

Քոլեճի վարիչ-մանկապարտիզպան Լուսին Գազանճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ հանդէսին թեման Արցախն էր, որ դժուար օրեր անցուց անցնող տարուան ընթացքին, եւ վարժարանի փոքրիկ աշակերտները իրենց այս հանդէսով կու գան իրենց սէրը յայտնելու անոր:

Ան նշեց, որ հայ  աշակերտները հայ ժողովուրդին ապագան են, հայ դպրոցի մէջ անոնք կը ստանան հայեցի դաստիարակութիւն, մանկապարտէզի դասարաններէն կը ծանօթանան հայոց պատմութեան, անոր հերոսներուն, որոնք կը դառնան փոքրիկներուն համար անպարտելի քաջեր եւ օրինակելի տիպարներ: Գազանճեան անդրադարձաւ կրթական անբնական տարուան` «Քորոնա»-ին պատճառով, շեշտելով սակայն, որ տնօրէնութիւն, ուսուցիչներ եւ ծնողներ ջանք չխնայեցին, որպէսզի կրթական տարուան ծրագիրը ամբողջութեամբ իրականացուի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց քոլեճի տնօրէնութեան, որ միշտ նեցուկ եղած է մանկապարտէզին,  ինչպէս նաեւ` տէր եւ տիկ. Քէսմէեաններուն, որոնց նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ կ՛արդիականանայ քոլեճի մանկամսուրը`  ընդունելու 6 ամիսէն 3 տարեկան փոքրիկներ:

Խօսքի աւարտին մանկապարտիզպանը շնորհաւորեց վկայական ստացած աշակերտները` անոնց մաղթելով յաջողութիւն եւ առողջութիւն:

Ապա տնօրէնութեան խօսքը արտասանեց քոլեճի կրթական տնօրէն Անի Բագրատունի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, որ  անձամբ ներկայ գտնուեցաւ մանկապարտէզի հանդէսին, նաեւ` քահանայ հայրերուն, մանկապարտէզի բոլոր ուսուցչուհիներուն: Ան շնորհաւորեց  քոլեճի մանկապարտիզպանը,  որ այս տարի յաջողութեամբ  ստացած է  իր մագիստրոսի աստիճանը` իր միւս ծանր  պարտաւորութիւններուն կողքին:

Անի Բագրատունի հանդէսը նուիրեց մեծ մայրերուն ու հայրերուն,  որոնք ծնողներուն չափ  նեցուկ կը կանգնին իրենց թոռներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, դպրոցին հանդէպ իրենց ունեցած վստահութեան համար: Խօսքի աւարտին ան  երջանկութիւն, առողջութիւն եւ բախտաւորութիւն  մաղթեց շրջանաւարտ փոքրիկներուն:

Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում.

առաջնորդ սրբազան հօր, քոլեճի կրթական եւ վարչական տնօրէններու եւ մանկապարտիզպանին ձեռամբ վկայական ստացան`

Հունձք 2020. Այվազեան Բիւզանդ, Գալայճեան Լոռի, Գալայճեան Տիգրան, Խալիլ Քէյթ, Ղուկասեան Կարթն, Սարգիսեան Մարլոն, Վարդիվառեան Կալի, Վարդիվառեան Կարօտ, Տաքէսեան Արմըն, Տէր Սարգիսեան Կարէն, Տեքիրմենճեան Իվան, Քէօշէեան Մոնթէ եւ Ֆարասեան Կարէն:

Հունձք 2021. Եագուպեան Էմմանուէլ,  Յարութ Թերեզան, Մարք Շարպել, Իսկենտերեան Ռալֆ, Խտըրեան Իզապելլա, Կարապետեան Զանի, Հաւանճեան Յարութ, Միթիլեան Փաթիլ, Նաամէ Միքայէլ,  Պարսումեան Նարեկ, Սարգիս Քրիսթել, Տեմիրճեան Տաթեւիկ եւ Տիմիճեան Գրիգոր:

Ապա առաջնորդ սրբազան հայրը յղեց իր  պատգամը, իր ուրախութիւնը յայտնեց մատղաշ սերունդին հետ գտնուելուն համար ու  մաղթեց, որ յառաջիկայ տարին ըլլայ բնականոն կրթական տարեշրջան մը: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց բոլորը` շեշտելով, որ  հանդէսին առցանց պատրաստութիւնը անկասկած մեծ  ճիգ խլած էր, որովհետեւ  զգալի էր, որ աշակերտները արցախեան  նիւթին քաջածանօթ էին: Սրբազանը յոյս յայտնեց, որ հայ ժողովուրդի  զաւակներուն միջոցով յառաջիկային կարելի  ըլլայ նուաճել մեր կորսնցուցածէն շատ աւելի մեծ տարածքներ: Ան նաեւ շեշտեց, որ սփիւռքի մէջ հայապահպանման պատերազմ է ու պայքար, եւ հայ դպրոցը եղած է ու կը մնայ պատնեշի վրայ: Ան գնահատեց անցնող տարուան կրթական ճիգը` շեշտելով, որ երբ աշակերտը չկրցաւ դպրոց գալ, հայ դպրոցը օգտագործելով արդիականութեան ընձեռած հնարաւորութիւնները` յաջողեցաւ դպրոցը տանիլ աշակերտներու տուները:

Իր խօսքի աւարտին սրբազան հայրը մաղթեց, որ սերունդներ այս հայաբոյր միջավայրին մէջ աճին, մեծնան ու նուաճեն բարձունքներ:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Բժիշկ Համօ Օհանջանեան

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?