Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ամերիկեան  Վերջին Կեցուածքները Գնահատող Նամակ Մը Յղեց  Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ամերիկեան Վերջին Կեցուածքները Գնահատող Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիային յղեց նամակ մը, որուն մէջ իր գնահատանքը արտայայտեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական եւ Եւրասիական հարցերու գրասենեակին կողմէ Շուշիի մէջ հայ քաղաքայիններու դէմ ազրպէյճանական յարձակումն ու այդ քաղաքայիններէն մէկուն սպանութիւնը դատապարտող յայտարարութեան համար, որ նաեւ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէր աշխուժացնելու իրենց մասնակցութիւնը բոլոր ձեւաչափերուն մէջ, մասնաւորաբար...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Անգլիոյ Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Անգլիոյ Դեսպանը

Հինգշաբթի, 11 նոյեմբեր 2021-ին, Լիբանանի մէջ Անգլիոյ դեսպան դոկտ. Իան Քոլարտ այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ երկար հանդիպում մը ունեցաւ: Քննարկումի նիւթ դարձան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին եւ մասնաւորաբար Լիբանանին առնչուած շարք մը հարցեր: Վեհափառ հայրապետը եւ դեսպանը շեշտեցին Լիբանանի օժանդակութեան հրամայականը` քաղաքական, տնտեսական ու մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ: Անոնք նաեւ ընդգծեցին կառավարութեան կողմէ աշխատանքի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ժողովուրդի...

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը  Եւ Գեղարուեստի Դպրոցներու Տնօրէնութիւնը  Այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Եւ Գեղարուեստի Դպրոցներու Տնօրէնութիւնը Այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութիւնը այցելեցին Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. նորընտիր կաթողիկոս պատրիարքին հետ: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը նախ շնորհաւորեց հոգեւոր տէրը իր ընտրութեան առիթով: Ապա ան հոգեւոր տիրոջ ներկայացուց Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը եւ անոր հովանիին տակ գործող...

Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնն Ու Ուսանողութիւնը  Կը Միանան Համազգային Դիմադրութեան Շարժումին  Եւ Իրենց Ո՛չ-ը Կ՛ըսեն Հայաստանի Թրքացումին  Եւ Յաւելեալ Զիջումներու Հաւանականութեան Դէմ

Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնն Ու Ուսանողութիւնը Կը Միանան Համազգային Դիմադրութեան Շարժումին Եւ Իրենց Ո՛չ-ը Կ՛ըսեն Հայաստանի Թրքացումին Եւ Յաւելեալ Զիջումներու Հաւանականութեան Դէմ

9 նոյեմբերի 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան միամեակին առիթով եւ զօրակցելով Հայաստանի մէջ սկիզբ առած Դիմադրութեան շարժումին, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի լուռ նստացոյց մը: Ցուցարարներուն անունով խօսք առաւ Կալի Տէքերմենճեան, որ յայտնեց, թէ աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ, Օսմանեան կայսրութիւնը` գինովցած Մեծն Թուրան մը ստեղծելու երազանքով, կազմակերպած...

Համազգային Լիբանանի Կառոյցի  Ընթրիք-Հանդիպում` Միութենական  Վերամուտին Առիթով

Համազգային Լիբանանի Կառոյցի Ընթրիք-Հանդիպում` Միութենական Վերամուտին Առիթով

Երկուշաբթի, 8 նոյեմբեր 2021-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վերամուտի առիթով ընթրիք-հանդիպում` կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ նոյն վարչութեան անդամ Անդրանիկ Մսըրլեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ընկերներ եւ ընկերուհիներ, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալներ եւ տնօրէն,...

Ֆանարի Ակումբին Մէջ.   Կեանքի Տագնապալի Փուլերը Յաղթահարելու  Միջոցներուն Մասին Օգտաշատ

Ֆանարի Ակումբին Մէջ. Կեանքի Տագնապալի Փուլերը Յաղթահարելու Միջոցներուն Մասին Օգտաշատ

Շարունակելով ամսական դրութեամբ մտերմիկ զրոյցներուն շարքը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի Քարոզչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 5 նոյեմբեր 2021-ին, Ֆանարի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ երկրորդ մտերմիկ զրոյցը, որուն նիւթն էր «Տագնապալի փուլեր յաղթահարելու միջոցներ», զեկուցաբեր` Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան: Հանդիպումին Քարոզչական մարմինին անունով խօսք առաւ Արին Գալուստեան, որ նշեց, թէ այսօրուան բազմաթիւ տագնապներուն մէջ մտահոգութիւնները բաժնելու միջոցներ են այս լսարանները, որոնք առիթ են մասնագէտներու...

Արթուր Խաչատրեան Այնճարի Մէջ Ներկայացուց Հայաստանեան-Արցախեան Վերջին Զարգացումները

Արթուր Խաչատրեան Այնճարի Մէջ Ներկայացուց Հայաստանեան-Արցախեան Վերջին Զարգացումները

Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող ընդհանուր մտահոգիչ կացութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ տալու եւ ժողովուրդին մտահոգութիւնները բաժնեկցելու նպատակով Լիբանան հրաւիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան հինգշաբթի, 4 նոյեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին մասնակցեցաւ Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային հաւաքին, որուն ներկայ էին` գիւղին հոգեւոր հայրերը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի, պատկան մարմիններու...

Դաստիարակչական Սեմինարի 2-րդ Փուլին`  Արցախն Ու Ընկերային Ցանցերը Հիմնական Նիւթեր

Դաստիարակչական Սեմինարի 2-րդ Փուլին` Արցախն Ու Ընկերային Ցանցերը Հիմնական Նիւթեր

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ երկու շաբաթ առաջ սկսած սեմինարի 2-րդ փուլը: Սեմինարը սկսաւ շաբաթ, 6 նոյեմբեր 2021-ին, յետմիջօրէին ժամը 4:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Առաջին նիւթը ներկայացուց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, «Ապառաժ»-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Պուլուզեանը, որ ներկայացուց Արցախի ընկերային-տնտեսական վիճակը, Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Արցախի մէջ տեղի ունեցած սահմանային...

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Քարոզչական  Ա. Առցանց Սեմինար

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Քարոզչական Ա. Առցանց Սեմինար

Շաբաթ, 6 նոյեմբերի յետմիջօրէին ընթացք առաւ համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. առցանց սեմինարը` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ միութեան շրջանային եւ մեկուսի 26 շրջաններէն աւելի քան 50 քարոզչական պատասխանատուներու, վարչականներու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեամբ զբաղող մասնագէտներու: Սեմինարին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով: Ապա, յանձնախումբի անդամ Նժդեհ Մկրտիչեան հրաւիրեց Կեդրոնական վարչութեան քարտուղար եւ քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վիգէն Աւագեանը` ուղղելու իր...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը  Յղեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆին յղեց նամակ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ 2014 թուականին Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած եւ խոշտանգուած` Տաւուշի մարզի Վերին Կարմիրաղբիւր գիւղի բնակիչ Մամիկոն Խոջոյեանի եւ Չինարի գիւղի բնակիչ Կարէն Պետրոսեանի գործերով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռին: Դատարանը հաստատած էր, որ Պաքուն խախտած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի 2-րդ յօդուածը` կեանքի...

Արթուր Խաչատրեան Այցելեց Հայ Կաթողիկէ  Պատրիարքարան, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոն,  Ազգային Առաջնորդարան,  Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն Եւ Այնճար

Արթուր Խաչատրեան Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոն, Ազգային Առաջնորդարան, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն Եւ Այնճար

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան երէկ` հինգշաբթի, 4 նոյեմբերին, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի, այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. նորընտիր կաթողիկոս պատրիարքին հետ: Խաչատրեան նախ շնորհաւորեց հոգեւոր տէրը իր ընտրութեան առիթով: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայաստանի ու Արցախի...

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը  Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Երկու Պատրիարքները Ընդգծեցին Միասին Աշխատելու Հրամայականը` Ի Փառս Աստուծոյ Եւ Լիբանանի Ժողովուրդին Բարօրութեան Չորեքշաբթի, 3 նոյեմբեր 2021-ին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը, ընկերակցութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ Զմմառու միաբանութեան մեծաւոր ու պատրիարքական փոխանորդ` Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանի, այցելեց Պքերքէի մարոնիներու պատրիարքութիւն` առ ի շնորհակալութիւն մարոնիներու պատրիարք կարդինալ Պշարա Ռայիին անցեալ 24 հոկտեմբերին...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Երկու տարուան առցանց հանդիպումներէ ետք, 26-29 հոկտեմբերին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը 2019-2023 քառամեակի իր երկրորդ լիագումար նիստերը կատարեց Երեւանի մէջ, Հայաստան: Քառօրեայ նիստերը ընդհանուր քննարկման ենթարկեցին միութեան գործունէութիւնը եւ հաստատեցին, որ հակառակ «Քորոնա»-ի համաճարակին, Միջին Արեւելքի տագնապալի պայմաններուն եւ Արցախի ու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, ՀՄԸՄ կը մնայ աշխուժ եւ կենսունակ, հաւատարիմ` նորահաս սերունդներու ազգային առողջ դաստիարակութեան իր առաքելութեան: Լիագումար...

Լիբանանահայ Աշակերտութեան Հետ  Հանդիպումի Ընթացքին.  Արթուր Խաչատրեան. «Անհրաժեշտ Է, Որ Ներկայ  Ճգնաժամին, Լիբանանահայ Աշակերտութիւնը Իր Կապերը  Ամրացնէ Արցախի Եւ Սիւնիքի Աշակերտութեան Հետ»

Լիբանանահայ Աշակերտութեան Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Արթուր Խաչատրեան. «Անհրաժեշտ Է, Որ Ներկայ Ճգնաժամին, Լիբանանահայ Աշակերտութիւնը Իր Կապերը Ամրացնէ Արցախի Եւ Սիւնիքի Աշակերտութեան Հետ»

Երէկ` չորեքշաբթի, 3 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան հանդիպումը Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանի հետ: Ներկայ էին Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի երկրորդական կարգի աշակերտները: 275 աշակերտներու կողքին ներկայ էին նաեւ...

Երեսփոխանական Գրասենեակ.  Յունուարէն Հոկտեմբեր 2021 Առողջապահական Օժանդակութիւն 844 Միլիոն Լիբ. Ոսկի, 642 Պարագայի

Երեսփոխանական Գրասենեակ. Յունուարէն Հոկտեմբեր 2021 Առողջապահական Օժանդակութիւն 844 Միլիոն Լիբ. Ոսկի, 642 Պարագայի

Երկրի տնտեսական ընկերային ծանր տագնապը իր ճնշիչ անդրադարձը կ՛ունենայ մեր ժողովուրդին վրայ: Առ այդ, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը, շարունակելով հայրենակիցներու կարիքներուն հասնելու եւ տարբեր ծառայութիւններ մատուցելու աշխատանքը, յունուար 2021-էն հոկտեմբեր 2021, յատկապէս առողջապահական ոլորտին մէջ, (հիւանդանոցային, դեղորայք եւ բժշկական տարրալուծարանի քննութիւններ) օգտակար դարձած է 642 պարագայի` անոնց յատկացնելով 844.000.000 լիբ. ոսկի (ութ հարիւր քառասուն չորս միլիոն լիբ. ոսկի) օժանդակութիւն: Խորապէս կը...

Վարուժան Արք. Հերկելեանի «Ես Այս Գիշեր» Երեք Հատորներու Գինեձօն

Վարուժան Արք. Հերկելեանի «Ես Այս Գիշեր» Երեք Հատորներու Գինեձօն

Շաբաթ, 30 հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահը ժամադրավայրն էր Այնճարի մշակութասէր հասարակութեան, որոնք եկած էին մասնակից դառնալու բազմավաստակ եւ քաջ հոգեւորական, անխոնջ կրթական մշակ եւ մտաւորական Վարուժան արք. Հերկելեանի հրատարակուած վերջին երեք` «Ես այս գիշեր» 1, 2, 3 հատորներուն գինեձօնի արարողութեան: Հանդիսութեան բացումը կատարեց Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբի...

Արցախի Եւ Հայաստանի Գծով Ժողովրդային  Հանդիպումի Ընթացքին  Արծուիկ Մինասեան. «Ցոյց Տանք Մեր Դիմադրութիւնը,  Հայութիւնը Ամէնուրեք Պէտք Է Պարտադրէ Իր Կամքը,  Թէ Պատրաստ Չէ Նոր Զիջումներու»

Արցախի Եւ Հայաստանի Գծով Ժողովրդային Հանդիպումի Ընթացքին Արծուիկ Մինասեան. «Ցոյց Տանք Մեր Դիմադրութիւնը, Հայութիւնը Ամէնուրեք Պէտք Է Պարտադրէ Իր Կամքը, Թէ Պատրաստ Չէ Նոր Զիջումներու»

Արթուր Խաչատրեան. «Համահայկական Դիմադրութեան Մէջ Լիբանանի Հայ Համայնքը Ունի Հիմնական Դերակատարութիւն» Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող ընդհանուր մտահոգիչ կացութեան լոյսին տակ, երէկ` երեքշաբթի, 2 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ, Շահէ արք. Փանոսեանի, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպս. Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեանի,...

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն  Ժողովի Յայտարարութիւնը

Յայտարարութիւն

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապերու գրասենեակը հետեւեալ յայտարարութիւնը հրապարակեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանի Լիբանան այցելութեան գծով Հայաստանի իշխանութիւններուն դրած արգելքին առնչութեամբ. ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած այսօրուան` 2 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունենալիք ժողովրդային հանդիպման հրաւիրուած էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի եւ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան»...

Սուրիացի Վաստակաշատ Երգիչ  Սապահ Ֆախրի Իր Մահկանացուն Կնքեց

Սուրիացի Վաստակաշատ Երգիչ Սապահ Ֆախրի Իր Մահկանացուն Կնքեց

Սուրիոյ հանրապետութեան տեղեկատուութեան նախարարութիւնը եւ արուեստագէտներու սենտիքան երէկ գուժեցին արաբական աշխարհի երգարուեստի տիտան Սապահ Ֆախրիի մահը: Մեծ արուեստագէտը ծնած է Հալէպ, 1933-ին: Բուն անունով Սապահէտտին Ապու Քաուս: Ան արուեստագէտի իր ծածկանունը ստացած է երգիչ Ֆախրի Պարուտիէն` առ ի քաջալերանք: Սապահ Ֆախրի ելոյթներ ունեցած է արաբական եւ եւրոպական բեմերուն վրայ եւ տարածած արաբական մշակոյթը: Ան պարգեւատրուած է սուրիական «բացառիկ աստիճանի արժանեաց...

Առողջութեան Մասին Դասախօսութիւն  Դպրեվանքին Մէջ

Առողջութեան Մասին Դասախօսութիւն Դպրեվանքին Մէջ

Ուրբաթ, 29 հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչութեան տնօրինումով եւ կազմակերպութեամբ Ուսանողական խորհուրդին, դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` «Առողջ ապրելակերպ» նիւթով: Սոյն դասախօսութիւնը ներկայացնելու համար հրաւիրուած էր Փաթրիսիա Խորշիտեանը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վահէ կիս. սրկ. Ֆիլիկեանը, որ անդրադարձաւ առողջութեան եւ առողջապահութեան կարեւորութեան մասին: Ան ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ զայն բեմ հրաւիրեց:...

Page 127 of 365 1 … 126 127 128 … 365

Արխիւներ