Հինգշաբթի, 11 նոյեմբեր 2021-ին, Լիբանանի մէջ Անգլիոյ դեսպան դոկտ. Իան Քոլարտ այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ երկար հանդիպում մը ունեցաւ: Քննարկումի նիւթ դարձան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին եւ մասնաւորաբար Լիբանանին առնչուած շարք մը հարցեր:
Վեհափառ հայրապետը եւ դեսպանը շեշտեցին Լիբանանի օժանդակութեան հրամայականը` քաղաքական, տնտեսական ու մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ: Անոնք նաեւ ընդգծեցին կառավարութեան կողմէ աշխատանքի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ժողովուրդի առօրեային առնչուած շարք մը հարցերուն լուծում տալ: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը ողջունելով վերջերս Անգլիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով առնուած առաջին քայլը, իր գնահատանքը յայտնեց Անգլիոյ` հայ ժողովուրդի դատին գծով ցուցաբերած զօրակցութեան համար: