Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Եւ Գեղարուեստի Դպրոցներու Տնօրէնութիւնը Այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

November 11, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութիւնը այցելեցին Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. նորընտիր կաթողիկոս պատրիարքին հետ:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը նախ շնորհաւորեց հոգեւոր տէրը իր ընտրութեան առիթով: Ապա ան հոգեւոր տիրոջ ներկայացուց Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը եւ անոր հովանիին տակ գործող Գեղարուեստի դպրոցներուն աշխատանքները: Հանդիպումին առիթ եղաւ անդրադառնալու ազգային արժէքներու եւ հայկական ինքնութեան պահպանման ու մշակոյթի կարեւորութեան եւ Լիբանանի մէջ մշակութային կեանքը յուզող հարցերուն:

Ըլլալով երաժշտասէր` հոգեւոր տէրը աւելցուց, որ մշակոյթի պահպանման բեռը բոլորիս պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է: Այս իմաստով պէտք է աշխատանք տանիլ նորահաս սերունդը մղելու արուեստի կեդրոնները:

Հոգեւոր տէրը, ծանօթ ըլալով Համազգայինի լայնածաւալ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատելով տարուած աշխատանքը, պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց նեցուկ կանգնելու յառաջիկայ ծրագիրներու եւ աշխատանքներու իրագործման:

Հոգեւոր տէրը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մաղթեց յաջողութիւն եւ գնահատեց վարչութեան տարած ազգանուէր ու օգտաշատ ծառայութիւնը` աւելցնելով, որ մշակոյթը կարեւոր դեր ունեցաւ մեր ինքնութեան հարստացման եւ հզօրացման մէջ:

Նախորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Մտահոգ Ենք

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.