Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարուժան Արք. Հերկելեանի «Ես Այս Գիշեր» Երեք Հատորներու Գինեձօն

Նոյեմբեր 4, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 30 հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահը ժամադրավայրն էր Այնճարի մշակութասէր հասարակութեան, որոնք եկած էին մասնակից դառնալու բազմավաստակ եւ քաջ հոգեւորական, անխոնջ կրթական մշակ եւ մտաւորական Վարուժան արք. Հերկելեանի հրատարակուած վերջին երեք` «Ես այս գիշեր» 1, 2, 3 հատորներուն գինեձօնի արարողութեան:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբի ներկայացուցիչ Շաղիկ Պէրպէրեան, որ անդրադառնալով սրբազան հօր տարած երկարամեայ ազգօգուտ աշխատանքին` շեշտեց, որ «Ես այս գիշեր» երեք գիրքերով արտայայտուած անոր հոգեմտաւոր ապրումները նորանոր պատգամներ կը պարփակեն եւ արժանի են ամէն գնահատանքի:

Տեսերիզի ցուցադրութեամբ եւ Նարէ Պուրսալեանի ընթերցանութեամբ ներկայացուելէ ետք սրբազան հօր բազմաբովանդակ կենսագրականը, յաջորդաբար  հանգամանօրէն ներկայացուեցան երեք գիրքերը` Մեսրոպ Քենտիրճեանի, Եսայի Հաւաթեանի եւ Համբիկ Պիլալեանի կողմէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ ոճով եւ վերլուծումով անդրադարձաւ` սրբազան հօր հոգեկան խռովքներուն, անարդարութեան դէմ պոռթկումին, երազներուն, խրատներուն եւ մանաւանդ խորհրդաւոր պատգամներուն:

Պէտք է ըսել, որ հատորներէն իւրաքանչիւրը ունէր իր կիզակէտը. առաջինը գիւղն էր եւ մասնաւորաբար Այնճարը`  պապիկի եւ թոռնիկի փոխյարաբերութեամբ ու պատգամով, համագիւղացիներու նիստ ու կացով ու դրական թէ ժխտական սովորութիւններով, բայց մանաւանդ` ազգային ոգին ու իրական արժէքները պահելու ու նորանոր սերունդներուն ժառանգ ձգելու խորհուրդով:

Երկրորդը Արցախի վերջին պատերազմի ազդեցութեան լոյսին տակ գրուած անարդարութեան դէմ քաջ եւ խրոխտ հոգեւորականի պոռթկումի արտայայտութիւնն էր, որ հեքիաթախառն պատումով խորհրդաւոր գիշերներու ընթացքին տեսնուած երազներու շարան մըն էր` ուղեկցուած երազներու հողին կառչած Արցախի «Մամիկ ու Պապիկ»-ով եւ լուսաճաճանչ լուսակերտ հասնելու ձգտումով…

Երրորդ հատորին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շուրջ համախմբուած մեր հոգեւորականութեան արժեհամակարգի գոյութիւնն է, անոնց տարած ազգօգուտ հսկայածաւալ աշխատանքն ու ծառայութիւնն է, բայց միեւնոյն ժամանակ Վարուժան սրբազանին համարձակ ու սուր խօսքն ու քննադատութիւնն է` հայ հոգեւորականին ու քրիստոնէական արժէքներու խոտոր համեմատող երեւոյթներուն:

Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Զաքար Քէշիշեան, որ սրինգով նուագեց Արցախի «Հոռովել»-ն ու «Օտար ամայի ճամբէքի վրայ» եւ ընկ. Արտակ Կօքճեան, որ ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Տղերք» բանաստեղծութիւնը:

Գինեձօնի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Պեքաայի հայութեան  հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի առաջնորդութեամբ, Այնճարի հոգեւոր հայրերու, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչին, Այնճարի քաղաքապետին, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի ատենապետին եւ զեկուցաբերներու մասնակցութեամբ:

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Վարուժան արք. Հերկելեանի սրտի խօսքով, որուն մէջ ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելէ ետք Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, կարեւոր նկատեց հայ գիրքի անփոխարինելի դերակատարութիւնը հայոց պատմութեան ընթացքին եւ իբրեւ պատգամ` առաջարկեց մեր դպրոցներուն, միութիւններուն եւ պատասխանատուներուն ընթերցանութեան սէրը վառ պահել մեր նորահաս սերունդին մէջ:

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Խմբագրական Հայրենիքի. Ողբերգական Յորձանուտ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում
Գաղութային

Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում

Յուլիս 15, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?