Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Քարոզչական Ա. Առցանց Սեմինար

November 8, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 6 նոյեմբերի յետմիջօրէին ընթացք առաւ համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. առցանց սեմինարը` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ միութեան շրջանային եւ մեկուսի 26 շրջաններէն աւելի քան 50 քարոզչական պատասխանատուներու, վարչականներու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեամբ զբաղող մասնագէտներու:

Սեմինարին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով: Ապա, յանձնախումբի անդամ Նժդեհ Մկրտիչեան հրաւիրեց Կեդրոնական վարչութեան քարտուղար եւ քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վիգէն Աւագեանը` ուղղելու իր խօսքը:

Վիգէն Աւագեան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով պաշտօնական բացումը կատարեց սեմինարին եւ ընդգծեց, որ միութեան պատմութեան մէջ աննախընթաց այս սեմինարը կու գայ շեշտելու քարոզչական աշխատանքներու կարեւորութիւնը եւ այդ աշխատանքները համադրելու, հունաւորելու եւ աւելի մասնագիտական հիմերու վրայ դնելու անհրաժեշտութիւնը: Սեմինարը կը ջանայ առաջին անգամ ըլլալով ի մի բերել եւ արժեւորել միութեան քարոզչական աւանդական եւ արդի բոլոր միջոցները (տպագիր մամուլ, հրատարակութիւններ, ռատիոկայանի եւ պատկերասփիւռի հաղորդումներ, կայքեր, ընկերային ցանցեր եւ այլն) եւ ապահովել բոլորին ներդաշնակ ու համակարգուած գործունէութիւնը` միութենական յստակ սկզբունքներու հիմամբ:

Իր խօսքին մէջ Վիգէն Աւագեան շեշտեց, որ քարոզչութիւնը ինքնանպատակ չէ, ան կը ծառայէ կատարուած աշխատանքներու լուսաբանման ճամբով անդամահաւաքի եւ ՀՄԸՄ-ի շարքերու խտացման: «Լաւ անդամահաւաք կ’ենթադրէ լաւ քարոզչութիւն, իսկ լաւ քարոզչութիւնը կը պահանջէ լաւ քարոզչական միջոց, ճիշդ եւ սերտուած քարոզչական քաղաքականութիւն», ըսաւ ան: Ապա, Աւագեան հաստատեց, որ մինչեւ մօտիկ անցեալը կը խօսէինք ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ մարզական ուժին մասին, սեմինարին ներկայութեան պատկերը իրաւունք կու տայ այսուհետեւ խօսելու նաեւ ՀՄԸՄ-ի քարոզչական ուժին մասին, որուն բաղադրիչներն են այստեղ ներկայ միութենականները»:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքին յաջորդեց «ՀՄԸՄ-ի քարոզչական աշխարհը» ծանօթացնող տեսանիւթին ցուցադրութիւնը, որմէ ետք կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Գէորգ Յակոբճեան փաուըր-փոյնթով ներկայացուց միութեան քարոզչական աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը` նախապէս պատրաստուած հարցարաններու պատասխաններուն համադրումով եւ վերլուծումով:

ՀՄԸՄ-ի դիմատետրի էջով ներկայացուած այս առաջին նիստին յաջորդեց սեմինար աշխատանոցներու բաժինը, ուր մասնակիցները առիթ ունեցան խմբակային դրութեամբ ծանօթանալու մասնագիտական հետեւեալ երեք նիւթերէն մէկուն.-

– «Ազդու հաղորդակցութեան հմտութիւններ», զեկուցաբեր` Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան:

– «Ազդու լրագրութեան հմտութիւններ», զեկուցաբեր` Նորա Բարսեղեան:

– «ՀՄԸՄ-ը, լուսանկարչութիւնն ու վիտէօ նկարչութիւնը», զեկուցաբեր` Նժդեհ Մկրտիչեան:

Աշխատանոցներու աւարտին, մասնակիցները միացեալ նիստով մը լսեցին իւրաքանչիւր խմբակի ներկայացուցիչին զեկուցումը` փոխանցուած նիւթին գլխաւոր կէտերուն մասին, որմէ ետք կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Գէորգ Յակոբճեան ամփոփ գիծերով ներկաներուն պարզեց ՀՄԸՄ-ի քարոզչական գործունէութեան նորաստեղծ ուղեգիծին նախագիծը` առ ի ուսումնասիրութիւն եւ մինչեւ սեմինարի յաջորդ նիստ` քննութիւն:

Յայտնենք, որ սեմինարին երկրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 13 նոյեմբերին` երեք նոր աշխատանոցներով եւ քննարկումներով:

 

Նախորդը

Դիմադրութիւն Յանուն Ազգային Նպատակներու

Յաջորդը

Դաստիարակչական Սեմինարի 2-րդ Փուլին` Արցախն Ու Ընկերային Ցանցերը Հիմնական Նիւթեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.