Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆանարի Ակումբին Մէջ. Կեանքի Տագնապալի Փուլերը Յաղթահարելու Միջոցներուն Մասին Օգտաշատ

November 9, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շարունակելով ամսական դրութեամբ մտերմիկ զրոյցներուն շարքը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի Քարոզչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 5 նոյեմբեր 2021-ին, Ֆանարի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ երկրորդ մտերմիկ զրոյցը, որուն նիւթն էր «Տագնապալի փուլեր յաղթահարելու միջոցներ», զեկուցաբեր` Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան:

Հանդիպումին Քարոզչական մարմինին անունով խօսք առաւ Արին Գալուստեան, որ նշեց, թէ այսօրուան բազմաթիւ տագնապներուն մէջ մտահոգութիւնները բաժնելու միջոցներ են այս լսարանները, որոնք առիթ են մասնագէտներու ճամբով քննելու դժուարութիւնները եւ կիսելու հարցերը: Գալուստեան հակիրճ կէտերու մէջ նաեւ ներկայացուց օրուան զեկուցաբերը:

Ապա խօսք առաւ զեկուցաբեր Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան, որ նախ եւ առաջ սահմանեց տագնապ հասկացողութիւնը, տագնապներուն պատճառով յառաջացած հոգեվիճակները եւ դրական ձեւով տագնապներուն վրայ ազդելու կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ, որ տագնապ ունենալը բնական երեւոյթ է, սակայն մենք իրերայաջորդ տագնապներու պատճառով յուսահատ վիճակի մէջ ենք: Գանտահարեան-Խիւտավերտեան աւելցուց, որ Լիբանանի տնտեսական-ընկերային դժուարութիւնները, համաճարակը, վառելանիւթի հարցերը, սղաճը, դեղերու փնտռտուքը, առողջապահական խնդիրները եւ քաղաքական անապահովութիւնը հետզհետէ պատճառ դարձան, որ կորսնցնենք այս կացութիւններէն դուրս գալու համոզմունքը:

Զեկուցաբերը նշեց, որ իւրաքանչիւրը իր ունեցածին վրայ պէտք է կեդրոնանայ եւ հրաժարի այն մտայնութենէն, թէ բոլոր ժխտական երեւոյթները իրեն հետ պիտի պատահին` զբաղելով միայն իր հակակշիռին տակ գտնուող հարցերով: Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան յայտնեց, որ իւրաքանչիւրս տոկունութեան պէտք ունինք, որ կ՛ապահովուի դրականին վրայ կեդրոնանալով:

Իր խօսքի աւարտին Գանտահարեան-Խիւտավերտեան ըսաւ. «Մենք` իբրեւ համայնք, երախտապարտ պէտք է ըլլանք այն բոլոր ճիգերուն, որոնք մեր ակումբները, եկեղեցիները եւ կառոյցները կարելին եւ երբեմն ալ կարելիէն քիչ մը աւելի կը կատարեն` առանց անիրապաշտ պահանջներու եւ այն գոհունակութիւնը ունենալով, որ յոյսով եւ հաւատքով դժուարութիւնները կը շրջանցուին: Յոյսը դրական մթնոլորտի պէտք է վերածել, եւ ակնկալութիւնը պէտք ունենանք, որ հաւաքաբար այս փուլը պիտի յաղթահարենք եւ գալիքին ունենանք բոլորիս համար առաւել նպաստաւոր պայմաններ»: Զրոյցի աւարտին, ներկաները հարցումներու միջոցով ստացան յաւելեալ լուսաբանութիւններ:

Յայտնենք, որ անցնող օրերուն կրթական տարեշրջանի վերամուտին առիթով ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէն Լէյլաւանի, Պաուշրիէի եւ շրջակայ շրջաններու բոլոր աշակերտներուն իբրեւ նուէր բաժնեց դպրոցական պայուսակներ եւ գրենական պիտոյք: Նուէրները տրամադրած էին «Զօրան» հաստատութենէն Արամ Պոսնոյեան, Եւրոպայէն խումբ մը կիներ եւ «Պայթարեան» հաստատութիւն:

Նախորդը

Երբ Խաղաղութիւնը Բարեհաճի Գալ… Ի՞նչ Ընենք

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.