Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին Շնորհուեցաւ Label FrancEducation

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին Շնորհուեցաւ Label FrancEducation

27 հոկտեմբեր 2021-ը` իբրեւ պատմական օր, պիտի արձանագրուի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի պատմութեան էջերուն մէջ, որովհետեւ, առ ի պսակումն բազմաթիւ տարիներ տեւած յամառ ու հետեւողական աշխատանքի, վարժարանը Ֆրանսական պետական պատկան մարմիններէն ստացաւ Label FrancEducation միջազգային հաւատարմագրումը (accréditation), որ համաշխարհային մակարդակի վրայ կը համարուի որակի կնիք մը` ֆրանսերէնի դպրոցական ուսուցման մարզին մէջ: Հաւատարմագիրի յանձնման պաշտօնական արարողութիւնը, գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի դեսպան Անն...

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնակատարութիւնը

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնակատարութիւնը

22 հոկտեմբեր 2021-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին աշակերտները, նախորդ երկու տարիներու ստիպողական դադարէն ետք, հաւաքաբար նշեցին Սրբոց Թարգմանչաց տօնը, վարժարանին շրջափակին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին: Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Նանօր Առնելեանը, որ շեշտեց, թէ հայութիւնը իր դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները դիմագրաւած է յատկապէս թարգմանիչներու ճամբով հայացած մեր հաւատքին ու ստեղծուած մշակոյթին շնորհիւ, հաստատելով, որ այսօր եւս պիտի շարունակենք...

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակի  Ճամբով` 2000 Կարիքաւոր Աշակերտներ  Կը Ստանան Օժանդակութիւն

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակի Ճամբով` 2000 Կարիքաւոր Աշակերտներ Կը Ստանան Օժանդակութիւն

Քանատահայ բարերար Շաքէ Կէօնճեանի նուիրատուութեամբ, «Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ»-ի գործունէութեան ծիրին մէջ, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը գրենական պիտոյքներու գնման համար նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ կարիքաւոր հայ աշակերտներուն: Ներկայ ճգնաժամին մէջ, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը ի շարս այլ նախաձեռնութիւններու, այս ծրագիրին իրականացումով կը փորձէ մեղմացնել հայ ընտանիքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Յայտնենք, որ օժանդակութեան դիմում կատարած էին 2000 աշակերտներ, եւ Երեսփոխանական գրասենեակը ընթացք տուած է բոլոր...

Ժընեւի Մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց  Եկեղեցիներու Համաշխարհային  Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը

Ժընեւի Մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը

Երկուշաբթի, 1 նոյեմբեր 2021-ին, Ժընեւի մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եոան Սաքայի այցելութիւնը: Դոկտ. Սաքա վեհափառ հայրապետին պարզեց ԵՀԽ-ի դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը: Վեհափառ հայրապետը, ԵՀԽ-ի մէջ ունեցած երկար տարիներու իր փորձառութեան լոյսին տակ, ընդհանուր քարտուղարին ներկայացուց իր տեսակէտները կարգ մը կարեւոր...

Վերամուտ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի

Վերամուտ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի

Գրեթէ երկու տարուան պարտադիր «արձակուրդէ» ետք, 30 սեպտեմբերին կեանքը վերադարձաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ, որուն դռները բացուեցան` գրկաբաց ընդունելու աշակերտները: Ամայի ու լուռ բակին մէջ վերստին  լսուեցան աշակերտներուն ուրախ կանչերը: 30 սեպտեմբերէն մինչեւ 6 հոկտեմբեր երկարող շաբթուան ընթացքին, հանգրուանաբար տեղի ունեցաւ վարժարանի տարբեր բաժանումներու` երկրորդականի, միջնակարգի, նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի վերամուտը: Բոլորին պարագային, աշակերտները նախ ունկնդրեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի...

Ֆրանսական Դեսպանատան Պատուիրակութիւն Մը  Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

Ֆրանսական Դեսպանատան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ուրբաթ, 29 հոկտեմբեր 2021-ին ընդունեց Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատան խորհրդականներէն Քլոէ Փոտրոն` ընկերակցութեամբ ֆրանսական «Ասմայ»  եւ լիբանանեան «Սփրինկ» միութեանց միացեալ պատուիրակութեան: Այս առիթով քաղաքապետ Պօղոսեան ողջունելով ներկաները պարզեց Պուրճ Համուտի մէջ տիրող կենցաղային, ապրուստի եւ յարակից մարզերու իրավիճակը` միաժամանակ թուելով շրջանի բնակչութեան եւ քաղաքապետութեան դիմակալած ընկերային տագնապներն ու մարտահրաւէրները: Ֆրանսացի դիւանագէտ Փոտրօ բարձր գնահատեց տարուող...

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութեան Տօնի  Հանդիսաւոր Նշում

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

Երէկ` կիրակի, 31 հոկտեմբերին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: «Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ եղողներուն համար, մինչ մեզի` փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար անիկա Աստուծոյ զօրութիւնն է», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը` նկատել տալով, որ շատեր առանց խաչին ընդմէջէն...

Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Վերամուտ

Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Վերամուտ

Կիրակի, 24 հոկտեմբեր 2021-ին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը ունեցաւ իր վերամուտը` ներկայութեամբ ու հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի վարչութեան ու ներկայութեամբ մասնաճիւղի ծնողներուն, անդամներուն ու մեծաթիւ հանրութեան: Յայտագիրը սկիզբ առաւ տողանցքով` ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի շեփորախումբին, որ անցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներէն մինչեւ հաւաքի վայրը` քաղաքապետարանի դաշտին կից: Յաջորդ փուլը եղաւ փոխանցման արարողութիւններու շարքը: Ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութիւնը,...

Միջկուսակցական Հանդիպում

Միջկուսակցական Հանդիպում

Ուրբաթ, 29 hոկտեմբեր 2021-ին, ՍԴՀԿ-ի Նոր Հաճնոյ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը: Ժողովը առաջին առիթով անդրադարձաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած աննախընթաց մարտահրաւէրներուն եւ սպառնացող վտանգներուն: Լիբանանահայ համայնքին դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը եւ այս ծիրին մէջ կատարուող օժանդակութիւնները դարձան...

«21-րդ Դարու Ուսուցիչին Վստահուած Է  20-րդ Դարու Մտածելակերպ. Խնդիրը` Այս Երկու  Ժամանակահատուածներու Հաշտեցումն Է»  Կ՛ըսէ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

«21-րդ Դարու Ուսուցիչին Վստահուած Է 20-րդ Դարու Մտածելակերպ. Խնդիրը` Այս Երկու Ժամանակահատուածներու Հաշտեցումն Է» Կ՛ըսէ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

«Ազդակ»-ի 38-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Առցանց լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, նիւթ` «Կրթութեան ոլորտի մարտահրաւէրները` այսօր»: Դասախօսը նախ անդրադարձաւ 20-րդ դարու սրընթաց զարգացումներուն ընդհանրապէս եւ կրթական ոլորտին մասնաւորաբար: 20-րդ դարուն աշխարհի զանազանութիւններու ընդունման, ծանօթացման, սահմաններու ջնջման եւ նոյնիսկ կրօնական...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

«Հանդուրժողութեան Ամրապնդումը Միջկրօնական Երկխօսութեան Առաջնահերթութիւնը Պէտք Է Դառնայ» Կը Շեշտէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յիշեալ նիւթին շուրջ զարգացուց իր յօդուածը, Արժանթինի պետութեան նախաձեռնութեամբ, Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ուղղութեամբ առնուած քայլերուն նուիրուած հատորին մէջ: Արդարեւ, վերջին տարիներուն Ֆրանչիսկոս պապը Եգիպտոս, Իրաք եւ Տուպայ կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին, իր յայտարարութիւններով եւ կատարուած միացեալ հաղորդագրութիւններով շեշտեց ընդհանրապէս միջկրօնական ու յատկապէս Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որ կրնայ իր կարեւոր նպաստը բերել կրօններու, ընկերութիւններու եւ...

Աղօթքի Մրցում Դպրեվանքին Մէջ

Աղօթքի Մրցում Դպրեվանքին Մէջ

Ուրբաթ, 22 հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի տեսչութեան տնօրինումով եւ Ուսանողական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դպրեվանքի նշանակալից աւանդութիւններէն մէկը` «Աղօթքի մրցում»-ը: Աղօթքի մրցումը ամէն տարի կը քաջալերէ նոր անդամագրեալ դպրեվանեցիները աղօթական կեանքի մթնոլորտին մէջ մտնելու եւ սորվելու դպրեվանքի առօրեայ աղօթքները: Այս տարի աղօթքի մրցումը տարբեր բնոյթ ունէր, որովհետեւ անոր մասնակից դարձան ո՛չ միայն այս տարուան նորեկները,...

Լիբանանահայութեան Մարտահրաւէրները  Եւ Մարդուժի Պատրաստութեան Անհրաժեշտութիւնը`  Դաստիարակչական  Սեմինարի Քննարկումներու Առանցքներ

Լիբանանահայութեան Մարտահրաւէրները Եւ Մարդուժի Պատրաստութեան Անհրաժեշտութիւնը` Դաստիարակչական Սեմինարի Քննարկումներու Առանցքներ

Լիբանանի մէջ, ինչպէս այլուր, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով միութենական զանազան աշխատանքներ որոշ ժամանակ մը մասամբ դադրեցան: Վերջերս, առողջապահական համեմատաբար աւելի բարենպաստ պայմաններու շնորհիւ, ազգային-միութենական կեանքը հետզհետէ կը վերաշխուժանայ: Այս ծիրին մէջ, շաբաթ, 23 հոկտեմբեր 2021-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ընթացք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած սեմինարը: Սեմինարի բացումը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ Վիգէն Աւագեան, որ ներկայացուց ծրագիրին մանրամասնութիւնները,...

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան  Ներկայացուցիչը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Շաբաթ, 23 հոկտեմբեր 2021-ին, երկար հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքայի միջեւ: ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը վեհափառ հայրապետին պարզեց իր ներկայացուցած միջազգային կազմակերպութեան մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները Լիբանանի գծով, յատկապէս շեշտելով տնտեսա-քաղաքական բարեկարգման անյետաձգելի հրամայականը: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին նախ ներկայացուց Լիբանանի հայ համայնքին ներքին կառոյցն ու քաղաքական...

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց.  Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին  Գահակալութեան Մեծաշուք Արարողութիւն

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Գահակալութեան Մեծաշուք Արարողութիւն

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր կաթողիկոս պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի գահակալութեան հայրապետական մեծաշուք արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 24 հոկտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի կեդրոնական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի` համաքրիստոնէական, համալիբանանեան եւ համահայկական մասնակցութեամբ, հանդիսացաւ սիրոյ եւ միասնականութեան հրաւէր մը: Արդարեւ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը մէկ ամիս առաջ` անցեալ 23 սեպտեմբերին, ընտրելէ ետք...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Արժանթինի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արժանթինի Դեսպանը

Ուրբաթ, 22 հոկտեմբեր 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց Արժանթինի դեսպան Մորիսիօ Ալիսը: Դեսպանին այցելութեան հիմնական նպատակն էր, Արժանթինի պետութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնել Ֆրանչիսկոս պապին նուիրուած յատուկ հատորի մը մէջ յօդուածի ճամբով վեհափառ հայրապետին մասնակցութեան համար: Դեսպանը Միացեալ Նահանգներու մէջ կրօնափիլիսոփայական նիւթերու դասախօս եղած ըլլալով` հանդիպման առանցքը դարձան ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ կրօնի դերակատարութեան, ընդհանրապէս միջկրօնական երկխօսութեան...

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց Իր Հիմնադրութեան 66-րդ Տօնը

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց Իր Հիմնադրութեան 66-րդ Տօնը

Հպարտութեամբ եւ վերանորոգ յոյսով Հայկազեան համալսարանը պաշտօնական հանդիսութեամբ մը նշեց իր հիմնադրութեան 66-րդ տօնը` իբրեւ բանախօս հիւրընկալելով Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գործերու յատուկ համադրող դոկտ. Ճոաննա Ուրոնեքան: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2021-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Ներկայ էին` Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Ալեքսանտր Մուրատեան, դիւանագիտական անձնաւորութիւններւ, համալսարանի դասախօսական կազմը, պաշտօնէութիւնը, ուսանողներ եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Տարեկան Համագումարին

Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու համագումարը (Conference of Secretaries օf Christian World Communions) իր տարեկան ժողովը առցանց գումարեց 12-14 հոկտեմբեր 2021-ին: Ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հրանդ վրդ. Թահանեան: Հայր սուրբը համագումարին ներկայացուց մեր եկեղեցւոյ միջեկեղեցական աշխատանքներու տեղեկագիրը` անդրադառնալով  ձեռնարկներուն, մարտահրաւէրներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն: Աւարտին, ան մանրամասնօրէն խօսեցաւ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական եւ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հայրապետական Օրհնութեան Գիրով Գնահատեց Արժ. Տ. Մեսրոպ Աւ. Քահանայ Քէրքէզեանի Ծառայութիւնը

Ուրբաթ, 8 հոկտեմբեր 2021-ին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Հայրապետական օրհնութեան գիրով իր գնահատանքը յայտնեց երկար տարիներ Հայ եկեղեցւոյ ծառայած Մեսրոպ Աւ. քհնյ. Քէրքէզեանը: Տէր հայրը դպրեվանքը աւարտած է 1967 թուականին, ապա` իբրեւ դպրապետ, ուսուցիչ եւ քահանայ, իր նուիրեալ ծառայութիւնը բերած է մեր եկեղեցւոյ` Լիբանանի ու Կիպրոսի մէջ: Ան նաեւ դասաւանդած է դպրեվանքի եւ ազգային վարժարաններու...

Page 128 of 365 1 … 127 128 129 … 365

Արխիւներ