Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Նոյեմբեր 5, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երկու Պատրիարքները Ընդգծեցին Միասին Աշխատելու Հրամայականը` Ի Փառս Աստուծոյ Եւ Լիբանանի Ժողովուրդին Բարօրութեան

Չորեքշաբթի, 3 նոյեմբեր 2021-ին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը, ընկերակցութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ Զմմառու միաբանութեան մեծաւոր ու պատրիարքական փոխանորդ` Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանի, այցելեց Պքերքէի մարոնիներու պատրիարքութիւն` առ ի շնորհակալութիւն մարոնիներու պատրիարք կարդինալ Պշարա Ռայիին անցեալ 24 հոկտեմբերին պատրիարքական գահակալութեան արարողութեան ներկայ գտնուելուն:

Պքերքէ ժամանելուն Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը դիմաւորուեցաւ Ռայի պատրիարքին ու մարոնի համայնքի եպիսկոպոսական դասին կողմէ, որոնք գումարած էին իրենց հերթական ժողովը:

Ռայի պատրիարքը բարի գալուստ մաղթելով հոգեւոր տիրոջ եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն, անգամ մը եւս շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը, ապա զայն ներկայացուց մարոնի համայնքի եպիսկոպոսաց դասին` անոր հաւաստիացնելով, որ աշխատանքը պիտի ըլլայ միասնական` ի փառս Աստուծոյ եւ Լիբանանի ժողովուրդին բարօրութեան, ինչպէս եղած է նաեւ անցեալին, ըլլայ առաքելական գործունէութեան ծիրին մէջ, ըլլայ նաեւ հաղորդակցութեան մարզին մէջ:

Հոգեւոր տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար` իր կարգին ընդգծելով միասին աշխատելու հրամայականը, մանաւանդ Լիբանանի ապրած ծանր ու տագնապալից այս դժուար օրերուն:

Ան ապա մտերիմ եւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ զրոյց ունեցաւ ներկաներուն հետ` պատասխանելով նաեւ անոնցմէ ոմանց իրեն ուղղած հարցումներուն ու հետաքրքրութիւններուն` հայող աշխարհի ամէն կողմ ցրուած հայ կաթողիկէ համայնքին, Հայաստանի իրականութեան եւ անցեալ տարուայ 44-օրեայ պատերազմին ու անոր հետեւանքներուն, յատուկէն մտահոգուելով բնակչութեան եւ տեղահանուածներու հարցով ու այս ծիրին մէջ շեշտելով անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած մարդասիրական օգնութիւնները:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը այս ծիրին մէջ ընդգծեց «Քարիթաս Հայաստան»-ի կարեւոր դերը եւ գործունէութիւնը ի նպաստ տեղահանուած 18 հազար արցախցիներուն, որոնցմէ 8 հազարը տակաւին Հայաստան կը գտնուին:

Զրոյցի ընթացքին յիշուեցաւ նաեւ, թէ տասնեակ տարիներ առաջ Լիբանանի Քարիթասը հիմնուած է շնորհիւ այդ ժամանակ տակաւին քահանայ հայր Ռաֆայէլ Մինասեանի ջանքերուն եւ օժանդակութեամբ:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը, անդրադառնալով նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ կապերուն, հաստատեց, որ անոնք եղբայրական են, «որովհետեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնը միայն վարչական է եւ ոչ թէ դաւանական»:

Ժողովասրահին մէջ կայացած հանդիպումէն ետք Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք հայրը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամները հիւրը հանդիսացան մարոնիներու պատրիարք Պշարա Ռայիին` մասնակցութեամբ մարոնի բոլոր եպիսկոպոսներուն:

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Արթուր Խաչատրեան Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոն, Ազգային Առաջնորդարան, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն Եւ Այնճար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?