Երկու տարուան առցանց հանդիպումներէ ետք, 26-29 հոկտեմբերին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը 2019-2023 քառամեակի իր երկրորդ լիագումար նիստերը կատարեց Երեւանի մէջ, Հայաստան:
Քառօրեայ նիստերը ընդհանուր քննարկման ենթարկեցին միութեան գործունէութիւնը եւ հաստատեցին, որ հակառակ «Քորոնա»-ի համաճարակին, Միջին Արեւելքի տագնապալի պայմաններուն եւ Արցախի ու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, ՀՄԸՄ կը մնայ աշխուժ եւ կենսունակ, հաւատարիմ` նորահաս սերունդներու ազգային առողջ դաստիարակութեան իր առաքելութեան:
Լիագումար նիստերուն յատուկ օրակարգով մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Արցախի, Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի Մեկուսի Շրջաններու ատենապետները եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ներկայացուցիչները, որոնց հետ առանձնաբար արծարծուեցան յիշեալ շրջաններու գործունէութեան զարգացման առնչուող հարցեր: Լիագումարը իր գնահատանքը արձանագրեց չորս շրջաններու նկատառելի գործունէութեան համար` նորանոր ծրագիրներ մշակելով յառաջիկայ երկամեակին համար:
Լիագումար նիստերը առիթ մը եղան արժեւորելու անցնող երկամեակի գլխաւոր աշխատանքները, որոնք առցանց ըլլալով հանդերձ, կրցան թափ տալ միութեան համահայկական գործունէութեան. համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական համագումար, «Արարատեան» կարգի դաստիարակչական ծրագիր, մարզական Ա. սեմինար, մարզական միջցամաքամասային հանդիպումներ, հեռակայ մարզախաղեր, սկաուտական JOTI բանակում եւ այլն:
Լիագումարը հանգամանօրէն քննեց արցախեան պատերազմի, Լիբանանի տնտեսական տագնապի եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի օրերուն միութեան աշխարհատարած մասնաճիւղերուն կատարած բարեսիրական աշխատանքները եւ շեշտեց, որ իբրեւ «կամաւոր բանակ», ՀՄԸՄ-ը ամէնուր իր բովանդակ կարողականութիւնները ի սպաս կը դնէ հայութեան, Հայաստանին ու Արցախին:
Այս առիթով Կեդրոնական վարչութիւնը խոնարհեցաւ յիշատակին դիմաց այն բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք արցախեան վերջին պատերազմին գերագոյն զոհաբերութեան օրինակներ հանդիսացան:
Յատուկ օրակարգով լիագումարը անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեանի վաղաժամ մահուան առիթով ստեղծուած ֆոնտին եւ նպատակայարմար նկատեց ֆոնտին եկամուտները յատկացնել ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի բանակավայրի բարգաւաճման ծրագիրներուն, առ այդ, միաձայնութեամբ որոշեց բանակավայրը կոչել «ՀՄԸՄ-ի Գառնիկ Մկրտիչեան սկաուտական բանակավայր»: Կեդրոնական վարչութիւնը նաեւ ցաւով արձանագրեց իր կազմի անդամներէն եղբայր Արմանտօ Թորգոմեանի անակնկալ մահը Արժանթինի մէջ:
Լիագումարին առանձին նիստ մը յատկացուեցաւ միութեան քարոզչական-տեղեկատուական մարզի արդիականացման ծրագիրներուն (կայք, ընկերային ցանցեր, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթ, տեղեկութիւններու շտեմարան): Քննարկուեցաւ նաեւ այս քառամեակին ստեղծուած քարոզչական յանձնախումբին բեղուն գործունէութիւնը, որուն նշանակալի նորութիւնը կը հանդիսանայ 6 եւ 13 նոյեմբերին տեղի ունենալիք համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական առցանց Ա. սեմինարը, որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի համախմբէ միութեան այս մարզի պատասխանատուները եւ ՀՄԸՄ-ական մասնագէտները:
Իբրեւ յառաջիկայի ծրագիրներ, Կեդրոնական վարչութիւնը իր սկզբունքային համաձայնութիւնը յայտնեց 2022-ին միջդիւանական խորհրդաժողով եւ համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղեր կատարելու, իսկ 2023-ին` երիտասարդական համագումար եւ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակում իրականացնելու:
Լիագումար նիստերու կողքին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ նոյն օրերուն տեղի ունեցող ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու Կեդրոնական վարչութիւններու երկօրեայ առցանց խորհրդաժողովին: Կեդրոնական վարչութիւնը այցելեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Արմաւիրի նորակառոյց «Էմիլ Մաղաքեան» կեդրոն եւ ոգեկոչական ձեռնարկներու շարքով մը` Հրազդանի, Պռօշեանի, Բիւրականի եւ Եռաբլուրի մէջ նշեց յիշատակը արցախեան պատերազմի նահատակներուն ընդհանրապէս եւ ՀՄԸՄ-ական անձնազոհներուն յատկապէս:
Կեդրոնական վարչութիւնը կազմակերպեց նաեւ ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան սկաուտական բանակավայր»-ին անուանակոչութեան արարողութիւնը:
Կ’արժէ նշել, որ Երեւանի մէջ իր լիագումար նիստերը կատարող Կեդրոնական վարչութեան այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ միութիւնն ու հայութիւնը յուզող համահայկական նիւթերու շուրջ:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
4 նոյեմբեր 2021