Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Խաչատրեան Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոն, Ազգային Առաջնորդարան, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն Եւ Այնճար

Նոյեմբեր 5, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան երէկ` հինգշաբթի, 4 նոյեմբերին, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի, այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. նորընտիր կաթողիկոս պատրիարքին հետ: Խաչատրեան նախ շնորհաւորեց հոգեւոր տէրը իր ընտրութեան առիթով: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայաստանի ու Արցախի ներկայ ճգնաժամային կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ համահայկական օրակարգերու: Ազգային արժէքներու եւ հայկական ինքնութեան պահպանումը դարձան առանցք նաեւ հանդիպումին արծարծուած մտածումներուն:

Արթուր Խաչատրեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի, այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ: Վեր. Գարակէօզեան անդրադարձաւ հայ աւետարանական համայնքի Հայաստանի ու Արցախի մէջ ծաւալած գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ առաքելութեան: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ազգային ներկայ հիմնախնդիրները:

Արթուր Խաչատրեան այցելեց նաեւ Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի հետ: Սրբազանը անդրադարձաւ լիբանանահայութեան ընկերային-տնտեսական ճգնաժամին, ինչպէս նաեւ հանդիպումը առիթ դարձաւ արծարծելու արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք համայն հայութեան ապրած ծանր հոգեվիճակը, եւ շեշտը դրուեցաւ պարտուողական այդ հոգեբանութենէն արագօրէն դուրս գալու  եւ հայութեան պայքարելու կամքն ու կորովը վերահաստատելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Իր հանդիպումներու ծիրին մէջ Խաչատրեան այցելեց նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան եւ տեսակցութիւն ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Քաղաքապետը անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի բարգաւաճման ծրագիրներուն եւ այսօրուան ճգնաժամին մէջ բնակչութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն` հաստատելով, որ քաղաքապետութիւնը, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, կը փորձէ իր կարելին ի գործ դնել Պուրճ Համուտի ժողովուրդի կարիքներուն  անսալու համար:

Քաղաքապետին հետ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին Արթուր Խաչատրեան գնահատեց լիբանանահայ համայնքի կազմակերպ աշխատանքը եւ տնտեսական ու առողջապահական ճգնաժամերու յաղթահարման համար անոր ցուցաբերած վճռակամութիւնը` հաստատելով, որ լիբանանահայութիւնը, ինչպէս անցեալին, նաեւ ներկայիս ի վիճակի է դարձեալ վերագտնելու իր կենսունակութիւնը եւ համահայկական օրակարգերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի համար մնալու պատնէշի առաջին դիրքերու վրայ:

Երեկոյեան Արթուր Խաչատրեան, ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, այցելեց Այնճար: Տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում. ան զեկուցեց Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ ճգնաժամային կացութեան մասին: Խաչատրեան այցելեց Այնճարի քաղաքապետարան եւ հանդիպում ունեցաւ նաեւ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամները: Խաչատրեան այցելեց նաեւ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տուն:

Նախորդը

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?